Քարիթաս Քարիթաս 

«Մէկ մարդկային ընտանիք, մէկ հասարակաց տուն» Քարիթասի 21րդ Ընդհանուր Հաւաքը։

Խորագիրը ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապին բնապահպանութեան հայող «Laudato Si’ - Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական նամակէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 23 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած Սուրբ պատարագով, բացումը կը կատարուի «Մէկ մարդկային ընտանիք, մէկ հասարակաց տուն» խորագիրով Միջազգային Քարիթասի  21րդ ընդհանուր հաւաքին, որուն աշխատանքային նիստերը պիտի գումարուին Հռոմի «Էրճիֆ» պանդոկին մէջ եւ որ վերջ պիտի գտնեն յառաջիկայ 28 մայիսին։

Ունկնդրէ լուրը

Խորագիրը ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապին բնապահպանութեան հայող  «Laudato Si’  - Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական նամակէն։

«Հարկաւոր է միասին գործել՝ պաշտպանելու մենք զմեզ ու մեր մոլորակը, ու միասնաբար դիմագրաւելու աննախադէպ դժուարութիւնները, որոնց դիմաց կը գտնուի մարդկութիւնը» յայտարարած է  այս առթիւ Քարիթասի նախագահ՝ կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ,  աւելցնելով «մղուած ենք այն հաւաքական համոզումէն որ մաս կը կազմենք միակ մարդկային ընտանիքի որ կը բաժնեկցի միակ հասարակական տուն մը»։

Ան ապա անդրադարձ կատարելով միշտ աւելիով ակնյայտ դարձած տեղահան եղած բազմաթիւ անձերուն, հակամարտութիւններու տարածումին, ու բնական աղէտներուն, նշեց թէ այս բոլոր սպառնալիքներուն դիմաց հարկաւոր է հրատապ կերպով գործել որպէս միակ ընտանիք։

Միջազգային Քարիթասի 21-րդ հաւաքի ներկայացումը կը կատարուի՝ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ որուն  ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ կարդինալ Թակլէ եւ Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղար Միշել Ռոյը, որոնք միասին կը ներկայացնեն նաեւ Սոմալիայի Քարիթասի տնօրէն՝ Մարիա Խօսէ Ալեքսանդրը որ Քարիթասի ընտանիքէն ներս կը համարուի ազգային ամենաերիտասարդ տնօրէնը որ ապա ընդհանուր ժողովի ընթացքին պիտի զեկուցէ Քարիթասի գործունէութեան ներքոյ երիտասարդները դիմագրաւելու կարեւորութեան մասին։   

Քարիթասի վերոնշեալ հաւաքի ընթացքին Կարդինալ Թակլէն այլ չորս տարուայ տեւողութեամբ  պիտի վերահաստատուի որպէս Քարիթասի նախագահ, մինչ ժողովականները պիտի ընտրեն նոր ընդհանուր Քարտուղար մը ու գանձապահ մը ինչպէս նաեւ վարչական այլ պատասխանատուներ ու պիտի քննարկեն եւ որոշումներ գոյացնեն եկող չորս տարուայ գործընթացքն մասին։

Հաւաքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Խօսէ Կրացիանօ Սիլվա, ՖԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէնը։ Հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Հայատառն Քարիթասի ընդհանուր նախագահ Արհ Ռաֆայէլ Արքեպ Մինասեան ու Հայաստանի  Քարիթասի անձնակազմի անդամներ։

Ունկնդրէ Արհ Ռաֆայէլ Արք Մինասեանի հետ հարցազրոյցը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2019, 09:47