Որոնել

Մարոնիներուն երբեմնի պատրիարք Կարդինալ Պութրոս Սֆէյրը Մարոնիներուն երբեմնի պատրիարք Կարդինալ Պութրոս Սֆէյրը 

Ոչ եւս է Մարոնիներու նախկին Պատրիարք կարդինալ Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրը։

Կարդինալը, 15 մայիսին 2019-ին, 99 տարեական կը դառնար։ Ան Մարոնիներու պատրիարք եղած է 1986-2011 թուականներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 12 մայիսին, առաւօտեան, հոգին աւանդած է առ Աստուած Մարոնիներու նախկին պատրիարք Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրը, Պէյրութի հիւանդանոցի մը մէջ։

Կարդինալը, 15 մայիսին 2019-ին, 99 տարեական կը դառնար։ Ան Մարոնիներու պատրիարք եղած է 1986-2011 թուականներուն։

Պատրիարք Սֆէյր ծնած էր 15 մայիս 1920ին՝ Լիբանան։Քահանայ ձեռնադրուած էր 7 մայիս 1950ին։ 19 ապրիլ 1986ին, ընտրուած է մարոնիներու պատրիարք, հանդիսանալով Մարոնի համայնքի 76 րդ պատրիարքը։

26 նոյեմբեր 1994ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ պապին օրով, ընտրուած է կարդինալ։

26 փետրուար 2011-ին, տարիքի բերումով, Կարդինալ Սֆէյր հրաժարելով իր պաշտօնէն, անոր յաջորդեց Պշարա Ռայի Պատրիարքը։

Կարդինալ Սֆէյրի մահով կարդինալական դասը այժմ կը հաշուէ 221 ծիրանաւորներ. որոնցմէ 120-ը, քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող ծիրանաւորներ են , եւ 101՝ քահանայապետ ընտրելու ոչ իրաւունք ունեցող ծիրանաւորներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ստանալով կարդինալ Սֆէյրի մահուան լուրը, իր աղօթքը ապահովուեցուց հանգուցեալ Պատրիարքին հոգւոյն, անոր սիրելիներուն եւ Մարոնի ամբողջ եկեղեցւոյ համար։ Այս մասին հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն տիար Ալեստանտրօ Ճիզոթին, կապ պահելով Վատիկան Նիւզի հետ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2019, 13:36