Որոնել

Պատրիարք Սֆէյրին նուիրուած հոգեհանգստեան ս պատարագ Պատրիարք Սֆէյրին նուիրուած հոգեհանգստեան ս պատարագ 

Երջնկայիշատակ Պատրիարք Սֆէյրին նուիրուած հոգեհանգստեան ս պատարագ Հռոմի մէջ։

Սուրբ Պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի Մարոնիներու Քահանայապետական վարժարանի եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ 25 մայիսի երեկոյեան, հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ Կարդինալ Նասրալլահ Պութրոս Սֆէյրի՝ Մարոնիներու երբեմնի Պատրիարքը որ իր մահկանացուն կնքեց անցեալ 12 մայիսին։  

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի որ սուրբ զոհի աւարտին ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սֆէյր Պատրիարքը ներկայացուց որպէս «Անձ մը որ կարող էր խօսիլ բոլորին հետ»։ Անոր կեանքը եղաւ նետ մը ուղղուած  Անոր որ է Վէմը եւ որուն վրայ պէտք է հիմնել՝ անձի մը, ընտանիքի մը, կրօնական հասարակութեան, եկեղեցւոյ ու հայրենիքի  կեանքը՝ Յիսուս Քրիստոս» աւելցուց Կարդինալ Սանտրի ի յայտ դնելով երջանկայիշատակ պատրիարքի պատրաստակամութիւնը «ծառայելու բոլորին» ու «ըլլալու այն քաջ հովիւն ու առաջնորդը, որ երբեք վախ չունեցաւ յստակ ու զօրեղ խօսքեր ուղղելու համայն ազգին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2019, 09:23