Որոնել

Պատրիարք Սֆէյր Պատրիարք Սֆէյր 

Պքերքէի մէջ. Սֆէյր Պատրիարքի վախճանումին առիթով ցաւակցութիւնները կը շարունակուին

Սֆէյրի վախճանումով Լիբանան կը կորսնցնէ իր օրհնութիւններէն, բարիքներէն եւ անոր անդորրին ու կայունութեան հսկող պահակներէն մէկը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ շարունակեց ընդունիլ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքի վախճանումին առիթով յայտնուած ցաւակցութիւնները:

Այս առիթով Պքերքէ այցելեց Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի:

Հըզպալլայի անունով Ռայի պատրիարքին ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ Սֆէյր պատրիարքը հոգեւոր մեծ անձնաւորութիւն մըն էր, եւ անոր կորուստով Լիբանանը ներկայացնող վեհ անձնաւորութիւն մը կորսուած է:

«Մենք խոր կսկիծով ցաւակցեցանք Ռայի պատրիարքին, եւ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ մեր մասնակցութիւնը բերենք Սֆէյր պատրիարքի յուղարկաւորութեան եւ անոր յիշատակին մատուցուելիք վերջին յարգանքի տուրքին», հաստատեց ան:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի գուժեց Սֆէյր պատրիարքի մահը` շեշտելով, որ Սֆէյրի վախճանումով Լիբանան կը կորսնցնէ իր օրհնութիւններէն, բարիքներէն եւ անոր անդորրին ու կայունութեան հսկող պահակներէն մէկը:

Ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ:

Ռայի պատրիարքին ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններու մէկ պատուիրակութիւնը:

Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի յայտնեց, որ Սֆէյր պատրիարքի վախճանումը ո՛չ միայն Լիբանանի համար կորուստ է, այլեւ` Արեւելքին:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իր կարգին ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին եւ Սֆէյր պատրիարքի հարազատներուն:

Սլէյման շեշտեց, որ Սֆէյր պատրիարք Լիբանանի արժանապատուութիւնն ու փառքը, ինչպէս նաեւ ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը կը ներկայացնէ:

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին` շեշտելով, որ Սֆէյր պատրիարքը կրցած է ամուր կերպով դիմադրել Լիբանանի դէմ ծառացող մարտահրաւէրներուն:

Նախկին նախարար Պութրոս Հարպ ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին: Ան շեշտեց, որ Սֆէյր պատրիարք եղած է մաքուր, համեստ, ներողամիտ հոգեւոր պետ մը, որ համազօր էր ազգային ղեկավարի:

Մարատա հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Թոնի Ֆրենժիէի, այցելեց Պքերքէ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Սֆէյր պատրիարքը եղած է մարոնի եկեղեցւոյ խորհրդանիշներէն մէկը, որ լերան մը պէս ամուր տոկացած է Լիբանանի դիմագրաւած զանազան տագնապներու ու փոթորիկներուն:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ Լիբանան պիտի զգայ ազգային հաշտութեան պատրիարքին բացակայութիւնը:

Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի, նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս, նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի, քաղաքական, կուսակցական, սենտիքայական, դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ եւ զինուորականներ:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2019, 08:22