Սրբուհի կոյս Մարիամ Սրբուհի կոյս Մարիամ 

Մարիամ բոլորիս Մայրը

«Կոյս Մարիամէն կը սորվինք ընտանեկան կեանքի դասը, նախնական հաղորդութիւն մը ընկերային գետնի վրայ, գործի դաս մը, եւ ազնուական գործի խղճմտանքը։»
Ունկնդրէ լուրը

Ղուկասի Աւետարանը Կոյս Մարիամին որպէս «Մայր Յիսուսի» կը ներկայացնէ․ «Հայրդ եւ ես մտահոգ՝ քեզ կը փնտռէինք» (Ղկ․ 24․ 8)։
Քրիստոսի մայր ըլլալը պատուոյ տիտղոս մը չէ, այլ՝ ճշմարտութիւն մըն է, փաստ՝ որ Բանը մարդ եղաւ։ Քրիստոս մեզ նման մարդու կեանք ապրեցաւ։ Ուրեմն, Ան պէտքն ունէր մօր մը, որպէսզի փրկութեան ծրագիրը ամբողջացնէր։
Այսինքն՝ կեանք մը սկսած եւ աւարտած ընտանիքի մը մէջ լի հաւատքով, ուրիշներուն նման եւ ուրիշներուն հետ՝ Երուսաղէմ ուխտի կ՛երթայ։

Սոյն տօնին առթիւ, արժան է մէջբերել Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետին հետեւեալ խօսքը, զորս, 1964 թուականին իր Երուսաղէմ Ուխտագնացութեան ընթացքին, գեղեցիկ մտածական մը կատարելով Նազարէթի Ս․ Կոյսի կեանքին մասին ըսած է․ «Կոյս Մարիամէն կը սորվինք ընտանեկան կեանքի դասը, նախնական հաղորդութիւն մը ընկերային գետնի վրայ, գործի դաս մը, եւ ազնուական գործի խղճմտանքը։

Եփեսոսի Տիեզերական Ժողովը Սուրբ Կոյսին մասին կը խօսի որպէս «Աստուածամայր»։ Արտասովոր կը թուի կնոջ մը մասին ըսել թէ ան Աստուծոյ մայրն է։ Այս իսկ կը նշանակէ, որ Աստուած աշխարհին յայտնուեցաւ, քանզի Ան իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց որպէսզի մարդոց հետ ապրի։ Մարիամ խոնարհութեամբ Տիրոջ կամքն ընդունելով՝ Քրիստոսին ծնունդ տուաւ։

Կոյս Մարիամը այն անձն է, որ բոլորին խնդրանքները կը լսէ եւ այդ բոլորն իր սրտին մէջ կը պահէ։ Պատկեր մը ամէն մկրտուած անձի եկեղեցւոյ մէջ, որ կը յիշէ ուրիշներուն կեանքը, անոնց համեստօրէն եւ պարզօրէն ընկերակցելով։
Մարիամ միշտ ներկայ է նոյնիսկ խաչին ոտքը՝ վայր ամէն չարչարանքներու, ան նաեւ ներկայ է Յարութեան առաւօտը, երբ ամէն ինչ վերջացած կը թուէր։ Պատկեր մը եկեղեցիին եւ ամէնուս, որ ուրիշներու փորձանքներու ընթացքին, պէտք ենք մօտենալ, օժանդակել, սփոփել կամ պարզապէս ներկայ ըլլալ, յատկապէս երբ ամէն ինչ վերջացած կը թուէր։

Ո՞վ գիտէ։ Ոչինչ կրնայ արգելք հանդիսանալ որպէսզի սէր մը ծնի եւ նորէն ծնի։ Եկեղեցին մեզմէ կը խնդրէ ամրացնել մեր հաւատքը եւ ճանչնալ մեր պատասխանատուութիւնը՝ խոկալով Մարիամի խորհուրդին վրայ, մեր Փրկիչին Մայրը, քանի որ իր կեանքով եւ իր ազատագրիչ դերով, ամէն օր կ՛անդրադառնանք անոր հաւատքին ու վստահութեան խորութեանը։

Կոյսը հեռացաւ եւ զիջեցաւ իր բոլոր ունեցածներէն եւ ընտրեց հետեւիլ իր ճակատագրին, պարզապէս ըսելով․ «Թող ըլլա՛յ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»։

Կոյսին ներկայութիւնը անհրաժեշտ է քրիստոնեայ ընտանիքի մը կեանքին մէջ, քանի որ ան սէր եւ խաղաղութիւն կը ներշնչէ, եւ Մայր ըլլալով՝ կը համախմբէ ընտանիքի մը անդամները։
Իր մայրական սիրտը լի է սիրով եւ այս պատճառով իրեն աղօթող ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ երբեք վէճեր տեղի չեն ունենար։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2019, 08:52