Վանի Եկեղեցին Վանի Եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Հոր Փորողին Տեղը

Կենսոլորտային խնդիրներու մասնագէտներ վաղո՜ւց ահազանգ հնչեցուցած են ջուրի տագնապին գծով՝ զգուշացնելով մարդկութիւնը մօտալուտ երաշտէ, եթէ աշխարհ շարունակէ նոյն թափով օգտագործել երկրագունդի բնական հարստութիւններէն համարուող կենսական ջուրը:

Հինէն ի վեր, սակայն, մինչեւ իսկ անապատային դժուարին պայմաններու մէջ, հոր փորելով ջուր ունենալու միջոցը ընդունուած է: Այսօր շատ աւելի յարգի են եւ թանկարժէք այն բնակարանները, որոնք հոր փորած են սկիզբէն՝ շէնքի բոլոր բնակիչներուն անջուր մնալու մտահոգութեան առաջքը առնելով:

Մասնագէտներ լեռնային ջուրերու հոսանքներուն ջիղերը կ՛ուսումնասիրեն, յատուկ գործիքներով անոնց ընթացքը կը քարտիսագրեն եւ կանխաւ կը յայտնեն իրենց դիմողներուն, թէ շէնքի ուղղութեան վրայ ջուր կա՞յ, թէ չկայ:
Աստուածաշունչին մէջ, հոր փորող եւ խաշնարած հին ցեղերուն համար ջուր նուիրող նահապետներուն նկատմամբ միշտ երախտագէտ եղած են հետագայ սերունդներ: Ուրեմն, դրական սքանչելի աշխատանք էր հոր փորելը անցեալին, երբ այնքան խճողուած չէր աշխարհը մարդկութեամբ, եւ քաղաքներու մէջ կեդրոնացած չէին անոնք: Իսկ այսօր, յատկապէս քաղաքի մէջ, հոր փորելու համար յատուկ արտօնութեան կարիք կայ, եւ քաղաքապետարանի մասնագէտները ամէն ստուգումներ կատարելէ ետք միայն արտօնութիւն կու տան, փոխան պետական յատուկ տուրքերու:

Ջուր մատակարարելու համար հորերու փորուիլը եթէ անցեալին թէ հիմա այնքան դրական երեւոյթ մըն է, անոր բարոյական հասկացողութիւնը, փոխաբերական իմաստով, ո՛չ միայն դրական չէ, այլ՝ վնասակար ու վտանգաւոր:
Բարոյագիտութեան դասագիրքին այս գլուխը յատկացուած է իրենց նմանին համար թակարդներ լարող մարդոց, որոնց քանդարար գործին համար փոխաբերութիւն իբրեւ կը գործածուի «հոր փորող» բացատրութիւնը:
Ասոնք հոր չե՛ն փորեր ջուր հանելով բարիք գործելու համար: Ընդհակառակը, անոնց փորած հորերը եթէ նոյնիսկ ջուր ունենան, հոն ինկողը խեղդելու համար կ՛ըլլան եւ ո՛չ թէ անոր ծարաւը յագեցնելու…
Իսկ ո՞ւր կը գտնուի հոր փորողը արդեօք:
Ահա հիմնական հարցումը, որուն միջոցաւ կը բացայայտուի նկարագրային այն մակարդակը, որ կը պատկանի «հոր փորող»ին:
«Հոր փորող»ը կը գտնուի «հոր»ին մէջ… Ուրեմն յստակ է անոր «տեղը» մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ: Հապա ո՞ւր պիտի գտնուէր ան, երբ գիշեր ու ցերեկ այդ է իր գործը… եւ այդ գերզբաղուածութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ անոնք միշտ գտնուին նոյն այն «փոս»ին մէջ, զոր իրենց ձեռքերով բացած են ուրիշներուն համար…

«Հոր փորող»ին անցանկալի «բնակարան»ը արդեօք յարդարուած կ՛ըլլա՞յ պատշաճօրէն: Անոր պարունակութիւնը եթէ նոյնիսկ ջուր ըլլայ, դարձեալ վստահելի չէ՛, որովհետեւ այդ ջուրին մէջ ուրիշները խեղդելու ծրագիրը արդէն իսկ ի մտի ունի «հոր փորող»ը: Ամէն պարագայի, իր բացած մութ փոսին մէջ դարանակալ նստող սա՛րդն է ան՝ «հոր փորող»ը, որս մը բռնելով խեղդամահ ընելու երազով տարուած:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2019, 08:03