Որոնել

Արամ Ա Կաթողիկոս այցելեց նախագահ Պաշար Ասատին Արամ Ա Կաթողիկոս այցելեց նախագահ Պաշար Ասատին 

Արամ Ա. Կաթողիկոս hանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին հետ:

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Սուրիոյ այժմու կացութեան եւ հայ համայնքին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ։

Երեքշաբթի, 14 մայիս 2019-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Դամասկոսի նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատի հետ։

Վեհափառ հայրապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ դոկտ. Նորա Արիսեան եւ Ժիրայր Ռէյիսեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, Բերիոյ թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեան եւ վեհափառին գաւազանակիրը` Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան։

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Սուրիոյ այժմու կացութեան եւ հայ համայնքին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ։ Արամ Ա. կաթողիկոս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց նախագահին` Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան նպատակով նախագահական պալատին կողմէ յատկացուած նպաստին համար։ Ապա, յիշելով Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ ժողովուրդին, քրիստոնեայ թէ իսլամ, ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութիւնը հայ ժողովուրդին` կաթողիկոսը հաստատեց, որ հայ համայնքը կը մնայ ամրօրէն կառչած Սուրիոյ եւ, այս վճռակամութենէն մղուած, ան սկսած է վերականգնումի աշխատանքներուն։ Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ մեր ժողովուրդին համար, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, Սուրիոյ հայ համայնքը կարեւոր է թէ՛ քաղաքական, թէ՛ մշակութային եւ թէ պահանջատիրական իմաստով։ Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին` Հայ դատին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած ամբողջական զօրակցութեան համար։

Նախագահ Ասատ, իր կարգին, ողջունելով Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը, հաստատեց, որ բարձր կը գնահատէ Սուրիոյ հայութիւնը՝ զանոնք նկատելով համահաւասար քաղաքացիներ, նոյն պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով Սուրիոյ կապուած։ Ան ըսաւ, թէ հայերը միշտ մեզի համար եղած են վստահելի, սիրելի եւ աշխատասէր քաղաքացիներ, որոնք իրենց դրական մասնակցութիւնը բերած են Սուրիոյ յառաջդիմութեան։ Ան կոչ ուղղեց սուրիահայերուն, որոնք պայմաններու բերումով հեռացած են երկրէն, շուտով վերադառնալու ու վերականգնելու իրենց տուներն ու գործատեղիները` միշտ վստահեցնելով, որ Սուրիոյ հայ համայնքը պիտի շարունակէ վայելել պետութեան զօրակցութիւնը։
 

Քաղուած Ազդակ Օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2019, 08:17