Քոյր Էուճենիա Պոնաթթի Քոյր Էուճենիա Պոնաթթի 

«Ճանապարհ Խաչի ընթացքին պիտի պատմեմ մարդավաճառութեան զոհերու գողգոթան». Քոյր Պոնեթթի։

Քրիստոս այսօրր եւս կը տառապի մեր քաղաքներու ճամբաներուն վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 1 4ապրիլ 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած Ծաղկազարդի տօնակատարութեամբ սկիզբ առաւ աւագ շաբաթը որ կ՛աւարտի յառաջիկայ կիրակի օր՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ եւ Հրաշափառ Յարութեան տօնով։

Աւագ շաբթուայ ընթացքին եկեղեցական ծիսական արարողութիւններու ընդմէջէն կը յիշատակուին Յիսուսին մահէն ու յարութենէն առաջ ապրած յատկանշական դէպքերը, վերջին ընթրիքը, ոտնլուան, ճանապարհ խաչին, հսկումը….

Հռոմի մէջ ճանապարհ խաչի արարողութիւնը ամէն տարի կը նշուի Քոլլոսէումի մէջ կազմակերպուած յատուկ եւ յուզումնալից արարողութեամբ զոր կը գլխաւորէ Սրբազան Քահանայապետը եւ որուն 14 կայաններու ընթացքին կ՛ընթերցուին Յիսուսին չարչարանքներու ու խաչի ճանապարհին հայող մտածականներ։

Ունկնդրէ լուրը

2019-ի մտածականները յանձնուած են Քոնսոլաթա» միսիոնար միաբանութեան անդամ եւ «Slaves no more» ընկերակցութեան նախագահ՝ Քոյր Էուճենիա Պոնեթիի,  որ Վատիկան Նիուզ վատիկանեան լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, յայտնեց թէ երբ լուրը իմացաւ պահ մը տատամսեցաւ ապա մտածեց թէ այս մէկը կարող էր մեծ հնարաւորութիւն դառնալ, ոչ թէ իրեն, այլ բազմաթիւ այն անձերուն համար որ ինք ճանչցաւ տարիներու ընթացքին եւ որոնց մատոյց իր օգնութիւնը։  «Մարդիկ որոնց հետ կիսեցինք գողգոթան» ըսաւ Ան նշելով թէ այս հնարաւորութեամբ  կարելի է առ աւելիով ի յայտ դնել մարդավաճառութեան հարցը ու հասկցնել  թէ որքան յաճախ ցաւ կը պատճառենք մեր անտարբերութեամբ, որովհետեւ այլեւս կարող չենք հարցերու ետին տեսնելու անհատը։

Քոյր Էուճենիան 24 տարիներ ամբողջ ապրեցաւ ու ծառայութիւն մատոյց Ափրիկէ մէջ, սակայն ամենադժուար ու նուաստացուցիչ առաքելութիւնը ապրեցաւ իր երկրին՝ Իտալիոյ մէջ,  որ նշեց Ան, «կը համարուի «կաթողիկէ քրիստոնեայ երկիր» սակայն ունի «մարդկային բազմաթիւ բացթողումներ» ու կը ձգտի «բարեկեցութեան եւ ասպարէզի» առանց նկատի առնելու թէ անոնք դատարկ կը դարձնեն սիրտը։  «Մինչ  սիրտը պէտք է միշտ լեցուն ըլլայ ողորմութեամբ, պէտք է կարող ըլլայ տեսնելու ուրիշին ցաւը եւ անոր աւելիով տառապանք չի պատճառէ» հաստատեց Քոյր Էուճենիա։

Քրիստոս արդարեւ կը տառապի նաեւ այսօր, մեր քաղաքներու ճամբաներուն վրայ։ Ան մեռաւ մեզի համար, մեզի պարգեւելու համար Յարութեան շնորհքը։ Այսօր եւս կան մարդիկ որոնք կը կռեն ծանր խաչ մը, երբ ստիպուած կ՛ըլլան հեռանալու իրենց մայր հողէն, աւելի լաւ կեանքի մը երազանքով, բայց եւ այնպէս  կը հանդիպին ոճրագործներու՝ որոնք զանոնք կը չարաշահեն  ու իրենց այդ երազը կը խորտակեն։ «Մենք ճանապարհ խաչի ընթացքին կ՛ուզենք միանալ մարդավաճառութեան թիրախներուն, անոնց թիկունք կանգնելու համար ու յատկապէս քակտելու չարաշահումի օղակները» յայտնեց Վատիկան Նիուզին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Քոյր Էուճենիա Պոնեթթին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2019, 09:38