Որոնել

Ախթամարի կղզին Ախթամարի կղզին  

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ: Աղօթել Միշտ…

Ամէնէն արագ կապը կրօնական զգացումները արտայայտելու աղօթքն է:

Կրօններու ոգին աղօթքն է: 

Ամէնէն արագ կապը կրօնական զգացումները արտայայտելու աղօթքն է: Կապի հասկացողութիւնը երկիմաստ է այստեղ: Նախ Աստուծոյ հետ կապի ամէնէն արագ միջոցն է ասիկա, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու միջեւ՝ մէկուն հոգիէն միւսին հոգին կապ հաստատելու հեշտագոյն միջոցն է աղօթքը: Յիսուսի պատուէրներուն կարեւորներէն մէկն ալ աղօթքի մասին էր: Քրիստոնեայ մարդուն եւ առհասարակ համայն աշխարհի համար անզուգական կտակ է Յիսուսի սորվեցուցած աղօթքը, որ հետագային կոչուեցաւ Տէրունական Աղօթք, կամ ժողովրդային անունով՝ «Հայր Մեր» (Հմմտ Մտ 6.9-13):
Նիւթերու դասաւորումով եւ մարդու երկրաւոր թէ ապագայ՝ երկնային կեանքին համար անհրաժեշտ բոլոր խնդրուածքներու շարայարութեամբ ամբողջական այս աղօթքը, քրիստոնէական կրօնի պատմութեան ամբողջ ընթացքին եւ մինչեւ այսօր, անգերազանցելի կը մնայ:
Մի՛շտ աղօթելու պատուէր ալ տուաւ Յիսուս իր աշակերտներուն եւ անոնց միջոցաւ նաեւ Իր բոլոր հետեւորդներուն: Մնայուն աղօթքին ազդեցութիւնը բարձր գնահատեց Ան, պայման դնելով անձանձրո՛յթ աղօթքը (Հմմտ Ղկ 18.1):

Թերեւս անկարելի թուայ ոմանց համար այս, սակայն խորապէս հաւատացողներուն համար աղօթքը հետզհետէ կը վերածուի սովորութեան: Պէտք չէ՛ սխալ ըմբռնել այստեղ աղօթքը «սովորութիւն» դարձնելու երեւոյթը ու չմեկնաբանել զայն «մեքենականօրէն» արտասանուած խօսքի իմաստով:

Աղօթքը սովորութեան վերածելը, անկեղծաւոր առաքինութիւններով զարդարուած մարդոց վարժութիւնն է: «Անկեղծաւոր» բառը այստեղ շեշտեցինք, որպէսզի իսկական աղօթողը զատորոշենք ձեւականութիւններու պատմուճանին տակ թաքնուած կեղծաւորներէն, որոնց տեսականին նոյնիսկ ծովու ձուկերու տեսականիէն աւելի եղած է ներկայ ժամանակներուն… «Ամէն-Ամէն», «Ալէլուիա-Ալէլուիա» բացագանչողները անպայման խոր հաւատացեալներ չեն, ո՛չ ալ հաւատքի զօրութենէ մղուած նման արտայայտութիւններ կ՛ունենան: Անոնց հաւատքը մարդոց հաճելի ըլլալու անիմաստ ճիգ է, մինչ իր Աստուծոյն աղօթողը, ու Անոր զօրութեան ապաւինողը, իր սենեակին մէջ փակուելով ու առանց աւելորդապաշտ ձեւակերպութիւններու ալ կրնայ իր ձայնը լսելի դարձնել Ամենատեսին:
Այո՛, աղօթելը կրնայ մնայուն ու անձանձրոյթ սովորութեան վերածուիլ, երբ մարդոց շրթներուն վրայ ըլլայ միշտ, փոխանակ հայհոյանքներու:

Ընդամէնը 100 տարի ետ երթալով, գէթ մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ պիտի հանդիպէինք հոգեւորականներու, որոնք ամէն կացութեան մէջ ու ամէն պարագաներու տակ գտնուող մարդոց պիտի թելադրէին աղօթել: Խորքին մէջ լաւագոյն դեղագիրն է, զոր անոնք կը յաջողէին տալ զանազան հարցերով իրենց դիմողներուն: Այսօր եւս  ձեւերով ու աւելորդ շարժումներով «աղօթք բաշխելու» ցուցական արարքներու փոխարէն, նախընտրելի պիտի ըլլար շարունակել 100 տարի առաջուան հայ հոգեւորականներուն բաշխած սովորական դեղագիրը՝ մի՛շտ աղօթելու պատուէրը:
Պէտք է. ա. Միշտ աղօթել.եւ բ. Հարկ եղած պարագային խաչակնքել:
Աղօթքին անմիջականութիւնը կը զգայ նաեւ ան, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգայ միշտ իր կողքին: Պահապան հրեշտակներու մեր կողքին մնայուն ներկայութեան մասին ժխտողներու շատ քիչ կը հանդիպինք: Ամէն մարդ ալ կը գիտակցի, թէ մէկ օրուան ընթացքին ինչքա՜ն փորձանքներէ կ՛ազատուի ու փորձութիւններէ կը փրկուի: Եթէ միայն մեր սեփական կարողութեան ու իմաստութեան վստահէինք, անպայման տուժածներու թիւը մեծ պիտի ըլլար այսօր մարդկութեան շարքերուն մէջ: Սակայն, Աստուծոյ ներկայութիւնը իր պահապան հրեշտակներու միջոցաւ մեր մօտ, շատ մը դժուարութիւններու առաջքը կ՛առնէ: Երբեմն որոշումներ առնելու երկմտանքի մէջ մեր ներսիդին ծագող լո՛յսն է Աստուած, որ Իր երկնային իմաստութեամբ կ՛առաջնորդէ մեր քայլերը: Ուստի, ի՞նչ վնաս, եթէ աղօթքի վարժութիւնը զօրացնենք մեր սովորութենական կեանքին մէջ, առաւել եւս ապահովելու Անոր ներկայութիւնը մեր կողքին:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2019, 09:04