Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Յիսուս Հրաշագործ

Տէրը կրնայ մեր սրտերէն աղտոտութիւնները վերացնել։ Բայց, նոյնիսկ եթէ Աստուած ամենազօր է, մենք ազատ ստեղծուած լինելով, պէտք է համագործակցինք։

«Յիսուս համր դեւ մը կը հանէր եւ երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ եւ բոլոր ժողովուրդը զարմացաւ։ Բայց անոնցմէ ոմանք ըսին․ «Դեւերու մեծին,Բէեղզեբուղին անունով կը հանէ զանոնք»։ (Ղկ․ 11․ 14-15)

Եկո՛ւր, ո՛վ Սուրբ Հոգի, իմ միտքս լուսաւորէ որպեսզի կարողանամ հասկնալ, թէ ինծմէ ինծմէ ինչ կ՛ուզես։ Բա՛ց իմ սիրտն այս աղօթքի պահուն, որպեսզի կարողանամ Քեզի թոյլ տալ իմ կեանքիս մէջ մտնելու։ Ամէն։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Քառասնօրեայ պահքի ժամանակամիջոցին, եւ, այսօրուայ պաշտամունքին Աւետարանը մեզի կը մատուցէ հետեւեալ եղելութիւնը, ուր՝ Յիսուս դեւ մը կը վռնտէ, զորս մէկու մը լուռ կը պահէր։

Սոյն բնագիրը, Յիսուսին զօրութիւնը կը շեշտէ։ Կարողութիւնը՝ գէշին վռնտելու։ Զօրութիւն մը՝ միշտ այժմէական։ Տէրը կրնայ մեր սրտերէն աղտոտութիւնները վերացնել։ Բայց, նոյնիսկ եթէ Աստուած ամենազօր է, մենք ազատ ստեղծուած լինելով, պէտք է համագործակցինք։
Այս հատուածը, կը նկատուի որպէս յիշեցում մը բոլոր ախտերէն մաքրուելու համար, այս Քառասնօրեայ Պահոց շրջանին եւ մոխիր ստանալով՝ սկսանք, Իր իսկ խօսքերով «Դարձի եկո՛ւր եւ Աւետարանին հաւատայ»։
Ուրեմն, մեր Քառասնօրեայ այս Պահեցողութեան շրջանը յիշեցում մը պէտք է ըլլայ մեզի համար։ Սակայն, անգամ մը եւս ահա փարիսեցիները Փարիսեցիներուն այս կեցուածքով, կրնանք մենքզմեզ հարց տալ․ «Իսկ ես ի՞նչ»։ Ճիշդ է, որ ես Փրկիչը ամենեւին չեմ մերժեր իմ կեանքիս մէջ, բայց թերեւս կարգ մը գործեր կամ ընթացքներ կան, զորս ինձ կ՛արգիլեն զայն առատօրէն ընդունելու։

Ատեններ ի՞նչն է պատճառը, որ ինձ ետ կը կեցնէ Աստուծոյ գործն իմ կեանքիս մէջ տենելու․ ո՞րմէկը ստոյգ է։
ԱյսՔառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը ինձ թոյլ տայ՝ գիտակցիլ սորվիլ, որ եւ Աստուած՝ իմ կեանքիս մէջ՝ լաւ կերպով ազդէ։ Այնուամենանիւ Յիսուս, համբերութեամբ, իրեն կը յատկանշէ, իրենղ յիշեցնելով, որ Աստուծոյ մատով է, որ դեւերուն կը վռնտէ։ Այս խօսքը մեզի կրնայ օգնել՝ Տիրոջ վրայ վստահելու, Անոր՝ որ դեւէն աւելի զօրաւոր իշխանութիւն ունի։ Ան աւելի զօրաւոր է քան գէշը եւ մեզի կրնայ փոխել։

Իրապէս, Փրկիչը, նոյնինքն ամենէն զօրաւոր մարդն է, ուստի ան կը խօսի, եւ կրնայ մեր սրտին մէջ գէշին յաղթել։ Ան միայն ունի յաւիտենական խօսքեր եւ միայն ինք կրնայ մեզ ուրախ պահել։ Եւ երբ կ՛ըսէ․ «Ան որ իմ հետս չէ, իմ հակառակս է», իրեն մերժելն ու իրեն հակառակիլը իրմէ չի գար, այլ՝ մեզմէ։ Մենք ազատ ենք, մեր ընտրութիւնն է Իրեն հետեւիլը եւ Զինք ընդունիլը կամ թէ չ՛ենթադրել իրականութիւնը, որ մենք կ՛ըլլանք հետ կամ իր հակառակը։ Այս կեանքին մէջ չէզոքութիւն չկայ։ Ան մեզի արքայութիւնը կը նուիրէ, մեզի կը մնայ ընդունիլ կամ չընդունիլ։ Ուրեմն խնդրենք Տիոջմէն կարող ըլլալու Զինք մեր կեանքին մէջն ընդունելու, իրեն հետ լինելու։

Տէր, Դուն ըսիր․ «Ան որ Իմ հետս չէ, իմ հակառակն է»։ Դուն մեզի ազատ ստեղծեցիր, ուրեմն, մեզի կը մնայ կողմ ընտրելը։ Նոյն ատեն, Տէր, Դուն գիտես, որ ես տկար եմ եւ որ շատ անգամ կ՛իյնամ, եւ երբեմն ալ արարքներս կը վկայեն, որ ես Քեզի հակառակ եմ։ Կ՛ուզեմ Քեզի հետեւիլ։ Ճիշդ ասոր համար է, որ Քեզմէ կը խնդրեմ Քու շնորհքդ եւ ոյժդ որպեսզի այնտեղ հասնիմ։ Տէր, եղիր զօրաւոր մարդը, զորս գէշն իմ սրտէս կը հանէ։ Առաջ որ քնանամ, այսօր պահ մը գնահատենք այն բոլոր բարիքներուն համար, զորս մեր Տէրը տուաւ այս օրուայ ընթացքին, Իրեն շնորհակալութիւն յայտնելու եւ որոշումս վերանորոգելու միշտ Իր քովը լինելու։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2019, 09:25