Լորէթոյի Սրբավայր Լորէթոյի Սրբավայր 

Լորէթոյի Սրբավայրին մէջ Վարդարանի աղօթք ի նպաստ հալածուած քրիստոնեաներուն։

Աղօթենք քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար ու յատկապէս անոնց որոնք հալածուած են որպէսզի զգան Քրիստոսի մօտիկութիւնը ու անոնց իրաւունքները յարգուին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

"Շաբաթ 27 ապրիլի երեկոյեան Լորէթոյի Սրբավայրին մէջ Վարդարանի աւանդական աղօթքը ու մոմավառութիւնը որպէս դիտաւորութիւն ունեցան հալածուած քրիստոնեաները": Լուրը հաղորդեց Սրբավայրի քահանայապետական պատուիրակ Գերապայծառ ֆապիօ Տալ Չինը նշելով նաեւ թէ աղօթքը կատարուեցաւ հաղորդութեամբ ֆրանչիսկոս Պապին ու Օրթոտոքսս Եկեղեցիներու հաւատացեալ եղբայրներուն հետ, որոնք կիրակի` 28 ապրիլին կը տօնեն Սուրբ Զատիկը։ Վարդարանի աղօթքի դիտաւորութեան մաս կազմեցին նաեւ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ կայացած հակամարտութիւններու ընթացքին մարդասիրական օգնութիւններ մատուցող անձնակազմի անդամները։

Անցեալ Մարտ ամսուայ ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարած էր թէ "մի գուցէ անհաւատալի երեւոյթ թուի, սակայն այսօր շատ աւելի մարտիրոսներ կան քան առաջին դարերու ժամանակ։ Աղօթենք քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար ու յատկապէս անոնց որոնք հալածուած են որպէսզի զգան Քրիստոսի մօտիկութիւնը ու անոնց իրաւունքները  յարգուին" խնդրած էր Քահանայապետը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2019, 07:00