Յարուցեալ Յիսուսը Յարուցեալ Յիսուսը 

Քրիստոսի Յարութիւնը յոյսի եւ հաւատքի տօն է :

Յարութիւնը շօշափելի խորհրդանիշն է փրկութիւն իմաստին, որովհետեւ փրկուիլ կը նշանակէ ապրիլ միշտ եւ յաւիտենական սիրոյ կեանքին մէջ:

Շատեր անհիմն ձեւով խօսեցան Քրիստոսի կեանքին եւ մանաւանդ յարութեան մասին, շատ մը անհաւատ փիլիսոփաներ փորձեցին զիրենք լսողները եւ ընթերցողները համոզել թէ քրիստոնէական կեանքը ու հաւատքը ապարդիւն են: Ասոնք Քրիստոսը նկատեցին երազային անձնաւորութիւն մը որ եկաւ հրեայ ժողովուրդը խաբելու:
Եւ սակայն այն տիկիններուն որոնք գերեզման գացած էին մաքրելու համար Քրիստոսի գերեզմանը հրեշտակը եկաւ աւետելու «Հոս չէ, յարութիւն առաւ»:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ թէ, Քրիստոսի խաչին վրայ մահէն ետք, Իր տարակուսող աշակերտները հասկցած են թէ մահը վերջ մը չէր, այլ՝ Յիսուս դարձեալ ներկայ էր ուրիշ էութեամբ: Այս իրականութիւնը նկարագրելու համար անոնք շատ մը արտայայտութիւններ օգտագործած են, ինչպէս «վերականգնեցաւ», «մեռելներէն զարթնեցաւ», «Հօր մօտ բարձրացաւ», «այժմ Հօր փառքին մէջն է», այսինքն՝ Աստուծոյ էութեան իսկ մէջն է: Այս բոլոր արտայայտութիւնները լատիներէնի թարգմանուած են Յարութիւն բառով:

Զատկի տօնական շրջանին՝ կը յիշենք մահը եւ յարութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ մատնուեցաւ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ իր թշնամիներէն եւ յաղթական կերպով յարութիւն առաւ:
Զատկի առաւօտ կանուխ, Քրիստոս յարեաւ մեռելներէն եւ երեւելով իր աշակերտներուն, անոնց վստահեցուց իր աստուածային կարողութեան մասին:
Այսպէսով Զատկի տօնակատարութեան ժամանակ կը յիշենք մեր յարուցեալ Յիսուս Նազովրեցիի մատնութիւնը, չարչարանքը, խաչելութիւնը, մահը եւ փառաւորեալ յարութիւնը:
Զատիկով Քրիտոնեաները անդրադարձան Աստուծոյ փրկչագործական ծրագրին՝ Քրիստոսի յարութեամբ միայն: Հրէական զատիկը հասաւ իր լրումին Քրիստոսի Յարութեամբ: Գառնուկի զոհաբերումը կը յիշեցնէ մեզի ազատագրումը մեղքի ծառայութենէն: ՔրիստոսիՅարութիւնը յոյս տուաւ որ մարդիկ իրենց կարգին կը յաղթեն մահուան:Ինչպէս Մովսէս հրեայ ժողովուրդը անապատէն առաջնորդեց՝ դէպի խոստացեալ երկիրը, նոյնպէս ալ Յիսուս՝ նո՛ր Մովսէսը առաջնորդեց նո՛ր ժողովուրդը դէպի խոստացուած երկիրը որ է Եկեղեցին:

Յիսուսի Յարութիւնը ուրեմն յաղթանակն է մահուան դէմ. բացառիկ յաղթանակ մը երբ նկատի առնենք աշխարհային պարտութեան իմաստը: Այս յաղթանակը օրէնքին բացառութիւնը չէ անշուշտ այլ՝ վստահութիւնը, թէ մենք ալ պիտի ապրինք այն ինչ որ Քրիստոսի պատահեցաւ: Արդարեւ, Քրիստոսի Յարութիւնը մեր Յարութեան խոստումն է: Յարութիւնը շօշափելի խորհրդանիշն է փրկութիւն իմաստին, որովհետեւ փրկուիլ կը նշանակէ ապրիլ միշտ եւ յաւիտենական սիրոյ կեանքին մէջ: Մենք յաւիտեան պիտի ապրինք Աստուծոյ մէջ, ինչպէս Քրիստոս պատուիրեց մեզի: Աշխարհային հասկացողութեամբ կեանքի իմաստը յաղթահարուած է, որովհետեւ Յարութիւնը մեզ յաւիտենական կեանքի կ'առաջնորդէ: Քրիստոսի Յարութիւնը երաշխիքն է մեզի տրուած խոստումներուն:

Վերջապէս, Յարութիւնը մարդոց ողղուած խաղաղութեան հռչակում մըն է, եւ ոչ՝ պատերազմի հռչակում: Վերջացնելով իմ խօսքս, կ'ուզեմ կրկնել սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի խօսքը, թէ «Աստուած մեզ կը դիտէ մի միայն իր Որդիին դէմքով»:

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
Օգնական Եպիսկոպոս
Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2019, 10:56