Մայր Արմինէ Մակարոսեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Մայր Արմինէ Մակարոսեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ 

Մայր Արմինէ Մակարոսեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։

Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի դամբանականը. «Ոչ եւս է ան՝ որ երկար տարիներ մտքեր լուսաւորեց և սերունդներ դաստիարակեց»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 09 ապրիլ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Լիբանանի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Ամենապատիւ  եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս պատրիարքի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ առաքինազարդ Մայր Արմինէ Մակարոսեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, անոր միաբանակից քոյրերու, Լիբանանի հայ եւ օտար կղերական դասի ու բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Արարողութենէն ետք հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Հայ Քոյրերու Զմմառու Վանքը ուր տեղի ունեցած թաղման կարգէն ետք զետեղուեցաւ Վանքի գերեզմանատան մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յարեց. «Պիտի Չուզէի որ հոգեհանգստեան պատարագ նկատուի ասիկա այլ գոհաբանական. Աստուծոյ կ՛ուզնեք մեր խորին երախտագիտութիւնը յայտնել, որ այսպիսի անձ մը իր կեանքը նուիրեց, Քրիստոսի նուիրեց, իր նմաններուն նուիրեց»։

Արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան մեծաւոր Մայր՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանը որ իր ներկայացուցած դամբանականին մէջ  ըսաւ.

Մայր Արմինէ Մակարոսեան, Ընդհանուր փոխանորդ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան և Տնօրէնուհի Սրբոց  Հռիփսիմեանց  Վարժարանի, ոչ եւս է . . .

Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք,

Հոգեշնորհ Հոգեւոր Հայրեր.

Սգակից Միաբանակից Քոյրեր,

Սգակից ընտանեկան հարազատներ,

Յոյժ սիրեցեալ ներկաներ,

Մայր Արմինէն ոչ եւս է . . .

Ոչ եւս է ան՝ որուն անողոք հիւանդութիւնը հիւծեց և զգետնեց հակառակ այն հերոսական պայքարին որ ան մղեց ամիսներ և տարիներ , շարունակելու համար իր նուիրեալի կեանքը յօգուտ Միաբանութեան, իր թանկագին Հռիփսիմեանցին և անոր սիրասուն աշակերտութեան :

Ոչ եւս  է ան՝ որ շատ մատաղ հասակին, 12 գարունները հազիւ բոլորած, իր ամբողջ էութիւնը նուիրեց Աստուծոյ ծառայութեան և իր ազգի զաւակներուն դաստիարակութեան վսեմ գործին :

Ոչ եւս է ան՝ որ երկար տարիներ մտքեր լուսաւորեց և սերունդներ դաստիարակեց :

Ոչ եւս է ան՝ որ 13 երկար տարիներ վարեց Միաբանութեան ղեկը, իր բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դնելով անոր վերելքին և բարգաւաճման :

Ոչ եւս է ան, որ ամբողջական նուիրումով 12 տարիներ շարունակ ծառայեց նախ՝ Ս. Ագնէս Վարժարանին և հուսկ՝ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարանին, շատ անգամներ քօղարկելով իր ցաւերը որպէսզի Վարժարանը մնար միշտ պատնէշի վրայ :

Ցմիշտ հեռացաւ մեզմէ Մայր Արմինէն, սակայն գիտենք որ Սուրբերու հաղորդութեան մէջ, նա կը մնայ միշտ մեր մօտ, մեր կողքին, իր շինիչ գաղափարներով և ուղղութիւններով, օգնելու մեզի մեր կեանքի դժուարին վայրկեաններուն մէջ:

Կեանքից ինծի ի՞նչ մնաց . . . ինչ որ տուի ուրիշին, այդ միայն :

Ինչե՛ր չտուաւ Մայր Արմինէն իր ամբողջ կեանքին ընթացքին . . .

Տուաւ իր առինքնող  ժպիտը, տուաւ իր իմաստուն խօսքը, տուաւ իր խանդավառ լաւատեսութիւնը, տուաւ իր լուսատու, միշտ դրական կեցուածքը, տուաւ իր յուսահատութիւն և նահանջ չճանչցող նկարագիրը, տուաւ առանց փոխադարձը ակնկալելու, տուաւ սիրով և ամբողջական նուիրումով :

Կ՛ուզեմ առիթէն օգտուիլ իմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնելու Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ և Պատրիարքական Կղերին որոնք իրենց աղօթքներով և այցելութիւններով օգնեցին Մայր Արմինէին իր Երկնաւոր Փեսային հանդիպելու :

Շնորհակալութիւն երիտասարդ և իմաստուն բժիշկ՝ Հռիփսիմեանցի նախկին սան՝ Համբիկ Սելիմ Գուրիէի, որ ոչ միայն իր մասնագիտութեամբ, այլ որդիական հոգածութեամբ խնամեց, քաջալերեց և բժշկական ամէն միջող օգտագործեց Մայր Արմինէի ցաւերը սփոփելու և կեանքը երկարելու :

Շնորհակալութիւն Մայր Արմինէի  հարազատներուն որոնք  ընդառաջեցին հանգուցեալի բոլոր կարիքներուն իր հիւանդութեան ընթացքին :

և անշուշտ, յատուկ շնորհակալութիւն միաբանակից քոյրերուս, յատկապէս Հռիփսիմեանցի հասարակութեան,   իրենց հոգատար ուշադրութեան և խնամքին համար :

Թող նորոգ հանգուցեալը բարեխօս ըլլայ բոլորիս, Ամենակալի գահին առջև :

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Միաբանակից բոլոր քոյրերուն, Մայր Արմինէին ներկայ և բացակայ բոլոր հարազատներուն, Հռիփսիմեանց Վարժարանի Տնօրէն խորհուրդի և Ծնողականի անդամներուն, ուսուցչական կազմին և բոլոր աշակերտներուն :

Ամենակալը հանգիստ պարգեւէ Մայր Արմինէի հոգւոյն և Ս.Հոգին մխիթարէ բոլորիս վշտացեալ սրտերը :

Պէյրութ, 9 Ապրիլ 2019    

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2019, 08:37