Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Երուսաղեմի Պատրիարքներուն եւ եկեղեցապետերուն Սուրբ Զատկուայ տօնի պատգամը:

Յիսուսի յարութեան տօնը մեզ բոլորս կը յիշեցնէ թէ մարդկային կեանքը պէտք է յարգուած ու պատուուած ըլլայ եւ բոլորս հաւասար ենք Աստուծոյ առջեւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, ուրբաթ 19 ապրիլին, հրապարակուեցաւ Երուսաղեմի Պատրիարքներուն եւ եկեղեցապետերուն պատգամը:
Պատգամի մէջ նշուած է

«Մենք, Երուսաղեմի պատրիարքներն ու եկեղեցապետերը, ձեր բոլորիդ կը շնորհաւորենք Սուրբ Զատիկը, յանուն Յարուցեալ Տիրոջ եւ Յիսուս Քրիստոս Փրկչին : Երուսաղեմի սրտէն եւ համայն աշխարհի կեդրոնէն կրկին կը հռչակենք թէ Քրիստոս Յարութիւն առաւ: Ան իսկապէս յարութիւն առաւ: Ալէլուիա: Այս զատկուան ողջոյնը, դարերուն հոլվոյթին  փոխանցուած  է մեզի մեր հայրերուն եւ մայրերուն հաւատքէն : Հոս Չէ յարութիւն առաւ» : Այս եղաւ հրեշտակին պատգամը զոր աւետեց կիներուն՝ գերեզմանին մօտ , հրեշտակը յայտարարեց նաեւ թէ մահը չէ, որ ունի  իր վերջին խօսքը այլ կեանքի Աստուածը: » գրուած է Երուսաղեմի պատրիարքներուն Սուրբ Զատկուան պատգամին մէջ: Անոնք ապա նկատել տալով , որ Յիսուս իր յարութեամբ վերանորոգեց Աստուծոյ պատկերը մարդկային էակներուն մէջ , Յիսուսի յարութեան տօնը մեզ բոլորս կը յիշեցնէ, թէ մարդկային կեանքը պէտք է յարգուած ու պատուուած ըլլայ, յիշեցնէ նեաւ որ բոլորս հաւասար ենք Աստուծոյ առջեւ:

Երուսաղեմի պատրիարքները հուսկ՝ կոչ ուղղած են պահպանելու երուսաղեմ քաղաքի բազմամշակութային եւ բազմակրօնային բնոյթը, որպէսզի բոլոր Աբրահամեան հաւատքները, այդ քաղաքին մէջ գտնեն խաղաղութեան եւ հանդարտութեան քաղաքը մը:

Անոնք ապա հրաւիրած են աղօթելու երուսաղէմի եւ համայն աշխարհի մէջ մշտական խաղաղութեան համար: Աղօթելու նաեւ բոլոր այն տարածաշրջաններուն համար ուր   տակաւին կը շարունակուին բռնութեան արարքներ՝ գործադրուած յատկապէս անմեղ մարդոց դէմ ինչպէս նաեւ պաշտամունքի վայերուն ընդդէմ:

Երուսաղեմի պատրիարքներն ու եկեղեցապետերը Սուրբ Զատկուան պատգամը աւարտած են հրաւիրելով համայն աշխարհի քրիստոնեաները յատուկէն Սուրբ երկրի եւ միջին արեւելքի քրիստոնեաները իրենց  ուժը քաղելու Սուրբ Զատկուան տօնակատարութիւններէն,    մաղթելով որ բոլորս վկաները ըլլանք Սուրբ Յարութեան, խթանելով  Տիրոջ արժանիքները,  որ է կեանք եւ ճշմարտութիւն:

Նշենք, թէ Սուբր Զատկուայ պատգամը ստորագրող պատրիարքներուն շարքին են նաեւ  Երուսաղեմի հայոց Պատիարք Նուրհան  արքեպիկոպոս  Մանուկեանը  ինչպէս նաեւ Երուսաղեմի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսան: 
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2019, 12:08