Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը 

Ի՞Նչ կը փոխէ Քրիստոսի Յարութիւնը մեր կեանքին մէջ։ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի Զատկական պատգամը։

Եթէ Զատիկը մեզի համար առիթ չըլլայ վերակենդանանալու, անիմաստ է տօնել Քրիստոսի յարութիւնը, որովհետեւ թոյլ տուած կ՛ըլլանք, որ խուսափի մեր ձեռքէն առիթը` երկրորդ կեանք մը ստանալու եւ աւելի եւս մերձենալու Աստուծոյ եւ մեր մերձաւորին:

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Ահա հարցում մը, զոր Պօղոս առաքեալը, որ յարուցեալ Քրիստոսը հռչակած ու քարոզած է առանց զայն մօտէն ճանչցած ըլլալու, կ՛ուղղէ իր նորադարձ կորնթացի հաւատացեալներուն: Կարծէք կ՛ուզէ փորձի ենթարկել անոնց հաւատքը, եւ նոյնիսկ` գրաւի դնել ի՛ր իսկ քարոզած վարդապետութիւնը, որ հիմնաքարն է այդ նոր կրօնին, որ կը դաւանի, թէ Յիսուս յարութիւն առած է:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այդ նոյն հարցումը, սիրելի՛ եղբայրներ ու քոյրեր, կրնանք այսօր մենք մեզի ուղղել, հարց տալով, թէ` եթէ Յիսուս ի՛րապէս յարութիւն առած է, ի՞նչ կարեւորութիւն ունի այդ` մեր այսօրուան կեանքին մէջ:

Դժուար, վտանգաւոր հարցում իրօք, եւ նոյնքան դժուար` անոր տրուելիք պատասխանը: Որովհետեւ կը վերաբերի նիւթի մը, որ մարդկօրէն կը գերազանցէ մեր մարդկային իմացողութիւնը եւ կը մնայ անպատասխան, այնքան ատեն որ զուտ մարդկային միջոցներու կը դիմենք մեր միտքը լուսաբանելու համար:

Եւ սակայն, Պօղոս առաքեալը չի վարանիր այդ դժուարիմաց հարցը դնել իր կորնթացի հետեւորդներուն առջեւ` գիտնալով հանդերձ, թէ` եթէ չկարենայ տալ համոզիչ փաստ մը, իր քարոզած վարդապետութիւնը հիմնովին անիմաստ ու անընդունելի պիտի դառնայ եւ իր առաքելութիւնը ձախողանքի պիտի մատնուի: Դեռ աւելի` ի՛նք եւս իր կարգին խաբեբայ պիտի հռչակուի:

Պօղոս գիտակից է վտանգին, եւ սակայն պահ մը իսկ չի տատամսիր այդ գրաւը դնելու, ա՛յնքան զօրաւոր է իր համոզումը, թէ իր դաւանածը բացարձակ ճշմարտութիւն է: Դե՛ռ յառաջ երթալով` կ՛ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար` ընդունա՛յն պիտի ըլլար մեր հաւատքը, եւ մեր քարոզութիւնը` խաբէութիւն», հիմնուած` միամիտ կիներու եւ տգէտ ձկնորսներու ցնորքին վրայ:

Բայց Պօղոս ո՛չ տգէտ, ո՛չ ալ երազկոտ մարդ էր: Զարգացած փարիսեցի, մոլեռանդ հրեայ մը, որուն պաշտօն տրուած էր մեկնիլ Դամասկոս` ձեռք ձգելու եւ բռնի Երուսաղէմ տանելու հոն տարածուող քրիստոնեայ աղանդի մը հետեւորդները, որպէսզի դատուին իբրեւ խռովարար:

Դամասկոսի ճամբան, որ իր ատելավառ մաղձին յագուրդ տուող ուղեւորութիւնը պէտք է ըլլար, կը դառնայ յանկարծ կայծակնային յեղաշրջումի պահ, որ տակնուվրայ կ՛ընէ իր բոլոր ծրագիրները: Ան, զոր հալածելու ելած էր ճամբայ, կը զգետնէ զինք, ո՛չ թէ պատժելու, այլ փրկելու համար` միաժամանակ իր յարութեան վկան ու հեթանոսներու առաքեալը դարձնելով զայն:

Փրկարար տեսիլքին լոյսին ներքեւ, հրեայ Սաւուղը քրիստոնեայ Պօղոս դարձած եւ արմատապէս այլափոխուած, ուրիշ բաղձանք չունի, եթէ ոչ` հռչակել, թէ ան, զոր կ՛ատէր ու կը հալածէր, նոյնինքն Աստուծոյ Որդի՛ն է, հրեաներուն խոստացուած Մեսիա՛ն, զոր իրե՛նք իսկ սպաննեցին, բայց ան` իր աստուածային զօրութեամբ, վերստին կեանք առաւ: Մինչ Պօղոս կը քարոզէ Յարուցեալը, կը շեշտէ ու կը պնդէ, թէ ինք մեռեալի մը մասին չէ՛ որ կը վկայէ, բացարձա՛կապէս, այլ կենդանի՛ էակի մը մասին, որ երեւցած է իրեն, ցնցա՛ծ է զինք` գետին տապալելու աստիճան, եւ խօսա՛ծ է իրեն: Մեռեալ մը չի՛ կրնար ընել այն, ինչ որ ա՛ն ըրած է:

Պօղոս այնուհետեւ դադար չունի, մինչեւ որ ամէնուրեք հռչակէ Քրիստոսի յարութիւնը. Երուսաղէմէն Միջին Արեւելք` անցնելով Աթէնքէն ու Եփեսոսէն եւ հասնելով մինչեւ Սպանիա ու Հռոմ, ուր կը նահատակուի, Կեանքի Խօսքը հռչակելէ եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներ հիմնելէ ետք ամէնուրեք: Դժուար թէ ոեւէ մէկը կարենայ նկարագրել այն հալածանքներն ու չարչարանքները, զորս ան կը կրէ իր ուղեւորութիւններուն ընթացքին, այդ ամէնը` Քրիստոսի սիրոյն համար: Նոյնիսկ կը պարծենա՛յ, որ կ՛արժանանայ Քրիստոսի խաչը կրելու` համոզուած, թէ խաչին պիտի յաջորդէ փառաւոր յարութիւնը Քրիստոսի հետ:

Պօղոսին քարոզած Քրիստոսը տէրն է ո՛չ միայն կեանքին, այլ նաեւ մահուա՛ն: Այդ համոզումով զօրացած` մե՛նք եւս կը փառաւորենք Յարուցեալը, երբ կ՛երգենք Յարութեան օրը. «Ան իր մահով մահը ոտնակո՛խ ըրաւ եւ իր յարութեամբ կեա՛նք պարգեւեց մեզի»: Ուստի ամէ՛ն քրիստոնեայ, իր Տիրոջ նմանութեամբ, պատգամաբերն է ու ջատագովը կեանքին, աշակերտն է Քրիստոսի, որ ըսաւ. «Ե՛ս եմ Կեանքն ու Յարութիւնը: Ով որ ինծի հաւատայ` կեանք պիտի ունենայ իր մէջ»: Ուստի ո՛չ մահը, ո՛չ չարը կրնան յաղթել եւ ունենալ վերջին խօսքը, այլ միայն ան, որ հեղինակն է ու տէ՛րը կեանքին: Ասոր համա՛ր է, որ ան աշխարհ եկաւ ու մեռաւ` իր կեանքին ու յարութեան բաժնեկից ընելու մեզ:

Այս բոլորին գիտակից` կրնա՞նք մենք հասարակ տօնակատարութեան վերածել Քրիստոսի Յարութիւնը, իբր թէ ըլլար լոկ յիշատակութիւնը անցեալի դէպքի մը` ինչպէս որեւէ այլ դէպքի` մարդկային պատմութեան էջերէն խլուած, ուրախալի՛ դէպք, այո՛, բայց ո՛չ եղելութիւն մը, որ անջնջելի դրոշմ ձգած է մարդկութեան գոյութեան վրայ:

Սիրելի՛ եղբայրներ ու քոյրեր, Ս. Զատիկը մարդկութեան գոյութենէն ի վեր ամէնէն կարեւոր, ճակատագրական դէպքն է: Առաջին մարդը` Ադամ, արհամարհեց ու ոտնակոխ ըրաւ Արարչին պարգեւը` անմահութիւնը: Սակայն ի՛ր իսկ կամքով` Քրիստոս երկրորդ Ադամ դարձաւ եւ վերադարձուց մեզի անմահական կեանքը: Սակայն ատոր փոխարէն` վճարեց ամենասուղ գինը, իր արեան հեղո՛ւմը, բայց կրկին կեանք առաւ` մեզ ալ վերակենդանացնելու համար: Ի՛նչ խորհուրդ, եւ ի՛նչ անիմանալի սիրոյ նշան Արարչին կողմէ:

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, Զատիկ կամ Յարութիւն կը տօնենք այսօր: Եւ գիտենք, թէ «յարութիւն առնել» կամ «յառնել»` կը նշանակէ ոտքի ելլել, կանգնիլ, դե՛ռ աւելին` վերակենդանանալ, նոր կեանք զգենուլ … Եթէ Զատիկը մեզի համար առիթ չըլլայ վերակենդանանալու, անիմաստ է տօնել Քրիստոսի յարութիւնը, որովհետեւ թոյլ տուած կ՛ըլլանք, որ խուսափի մեր ձեռքէն առիթը` երկրորդ կեանք մը ստանալու եւ աւելի եւս մերձենալու Աստուծոյ եւ մեր մերձաւորին:

Այսօր, պատեհ առիթն է մեր աղօթքը բարձրացնելու` հայցելու համար, որ դադրին արհաւիրքները, որոնց ներքեւ կը ճնշուի այսօր մարդկութիւնը: Յիշենք յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրները, ուր պատերազմը, անօթութիւնը, հիւանդութիւններն ու այլ աղէտները չեն դադրիր անխնայ զոհեր խլելէ, անմեղներ, որոնք ուրիշ բան չեն բաղձար, եթէ ոչ` խաղաղութեամբ ապրիլ:

Յիշենք ի մասնաւորի, մեր այս հիւրընկալ երկիրը` Լիբանանը, այս խռովայոյզ երկրամասին մէջ վերջին պատուարը քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, որոնք կը պայքարին, որ չխլուին իրենց արմատներէն այս ասպնջական հողերուն վրայ եւ չստիպուին պանդխտանալ կրկին ու կրկին:

Յիշենք մեր սիրելի, թանկագին մայր հայրենիքը` Հայաստանը եւ անկախութեան ու ազատութեան ի խնդիր պայքարող Արցախը` աղօթելով, որ իմաստութիւնն ու ազգին անվերապահ սէրը ներշնչեն եւ ուղղեն անոնց ղեկավարները, խաղաղութեան ու բարօրութեան պայմաններ ընծայելով մեր բոլոր ազգակիցներուն:

Յիշենք մեր հովուապետներն ու հովիւները, որոնք ստանձնած են հոգեւոր հոգածութիւնը իրենց յանձնուած հօտերուն: Ականատես ենք կամ ունկնդիր այն հալածանքներուն, որոնց կ՛ենթարկուին քրիստոնեաները եկեղեցւոյ թշնամիներուն կողմէ, որոնք, պատռուակելով եկեղեցւոյ քանի մը անարժան սպասաւորներու շեղումները, կը փորձեն կործանել Քրիստոսի հիմնած եկեղեցին: Հայցենք Տիրոջմէ, որ լուսաւորէ զանոնք եւ ուղղէ անոնց քայլերը դէպի բարին ու արդարութիւնը:

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, դիւրին չէ քրիստոնեայ ըլլալ եւ իբրեւ Քրիստոսի աշակերտ ապրիլ, այսօր` ինչպէս երէկ: Ան բացայայտօրէն ըսած է. «Ձեզմէ շատեր պիտի գայթակղին իմ պատճառովս … Ինչպէս գրուած է` պիտի հալածեն ձեզ` ինչպէս հալածեցին զիս: Մի՛ վախնաք, ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի կատարածը»:

Ուստի մենք, ապաւինելով յարուցեալ Քրիստոսին, աներկիւղ կ՛ընթանանք այն ուղիէն, զոր Ան ցոյց տուած է մեզի: Եւ անոնց, որ հարց կու տան, թէ «եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար», ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր ճակատագիրը. կը պատասխանենք Ս. Պօղոսին հետ, թէ մեր հաւատքը պիտի չխախտի ո՛րեւէ խոչընդոտի դիմաց, եւ թէ` «Ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ զօրութիւններն ու իշխանութիւնները եւ ոչ ալ ո՛եւէ արարած պիտի կարենայ բաժնել մեզ Աստուծոյ սէրէն, որ տրուած է մեզի Տէր Յիսուս Քրիստոսով»:

Որովհետեւ, սիրելի՛ եղբայրներ ու քոյրեր, մենք համոզուած ենք, թէ յարուցեալ Քրիստոսը, յաղթելով մահուան ու չարին, մե՛զ եւս բաժնեկից դարձուց իր յարութեան ու արժանացուց իր յաւիտենական փառքին:

Քրիստոս յարեա՛ւ ի մեռելոց

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2019, 07:11