Յարութիւնը Յարութիւնը 

Սուրբ Յարութեան Հրաշքը. Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի

Յարուցեալ Քրիստոսի յաղթութիւնը կը դառնայ քրիստոնեաներուն կենսունակութեան աւիշը

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը պատմական եզակի դէպք մըն է, որուն վրայ հիմնուեցաւ Քրիստոնէական Եկեղեցին: Եթէ Յիսուս յարութիւն առած չըլլար՝ գուցէ սոսկ կրօնական նահատակ մը պիտի ըլլար, բայց ոչ տիեզերական Փրկիչը մարդկութեան: Հաւանաբար ան պիտի ճանչցուէր իբրեւ հանճարեղ մարգարէ մը, կամ փիլիսոփայ մը, որ իր ուսուցած վարդապետութեան եւ համոզումներուն համար իր կեանքը զոհած էր:

Քրիստոնեայ Եկեղեցին քսան դարերէ ի վեր հռչակած է Քրիստոսի Յարութիւնը իբրեւ պատմական անհերքելի դէպք: Քրիստոսի աշակերտները առաջին վկաներն էին անոր յարութեան: Անոնք երեք տարիներ շարունակ աշակերտած էին անոր, լսած էին անոր պատգամները, տեսած էին անոր հրաշագործութիւնները, հուսկ ականատես եղած էին անոր խաչելութեան, մահուան եւ թաղման: Բնականաբար, Յիսուսի խաչելութիւնն ու մահը խորապէս ցնցած էին իրենց ներաշխարհը: Ահաւոր էր իրենց ցաւը: Վախն ու անոր առթած շփոթութիւնը ընկճած էին անոնց հոգիները:

Երեք օր յետոյ, սակայն, արտակարգ դէպք մը պատահած ըլլալու էր անոնց յուսահատութիւնը, դառնութիւնն ու վախը փարատելու, անոնց վիշտն ու ցաւը ամոքելու եւ անոնց խախտած հաւատքը վերակենդանացնելու համար: Այդ արտակարգ դէպքը Քրիստոսի Յարութիւնն էր: Այո՛, Յարութեան դէպքը, Զատկուայ հրաշքը, Յիսուսի աշակերտներու անձերուն եւ նկարագիրներուն մէջ արմատական փոփոխութիւն մը յառաջացուցած էր: Արդարեւ, իր խաչելութենէն երեք օր ետք, Կիրակի առաւօտուն Արեմաթիացի Յովսէփի դամբանին մէջ, ուր Յիսուս թաղուած էր, հրաշք մը պատահած էր- Քրիստոս յարութիւն առած էր…:

Յիսուսի թափուր գերեզմանը, անոր հրաշափառ Յարութեան դէպքը լիովին յեղաշրջած էր աշակերտներուն կեանքը: Անոնց յոռետեսութիւնը տեղի տուած էր լաւատեսութեան: Անոնք թօթափած էին ամէն անձկութիւն եւ յուսաբեկութիւն եւ խանդով ու աւիւնով, հաւատքով ու վճռակամութեամբ տոգորուած՝ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի աննահանջ ախոյեանները դարձած էին:

Յարուցեալ Քրիստոսի քառասնօրեայ երեւումները անոր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն աւելի եւս ամրապնդած էր անոնց հաւատքը: Ա՛յդ հաւաքական հաւատքէն էր որ ծնաւ Քրիստոնէական Եկեղեցին: եկեղեցին ալ, իր հերթին, ծնունդ տուաւ Աւետարաններուն եւ Նոր Ուխտի միւս գիրքերուն:

Զատկուան հրաշքը, ոչ միայն Յիսուսի աշակերտներուն, այլ ամէն դարու մէջ ապրող քրիստոնեաներուն ներշնչած է, եւ կը շարունակէ ներշնչել  յաւիտենական կեանքի անմեռ եւ անմար յոյսը, թէ՝ կեանքը աստենական չէ միայն, այլ նաեւ անդենական: Կայ նաեւ անդրշիրիմեան կեանք մը, յաւիտենական կեանք մը:

Աւելին, Ս. Յարութեան հրաշքը, ոչ միայն Յիսուսի աշակերտներուն, այլ ամէն դարու մէջ ապրող քրիստոնեաները ներշնչած է, եւ կը շարունակէ ներշնչել, ամենօրեայ յաղթական կեանք ապրելու վստահութիւնը: Յարուցեալ Քրիստոսի յաղթութիւնը կը դառնայ քրիստոնեաներուն կենսունակութեան աւիշը, կ՛ըլլայ հզօր ուժամղիչը՝ անոնց կեանքերուն եւ կը մղէ զանոնք դիմագրաւելու ամէն տեսակ տագնապներ, դժուարութիւններ եւ խութեր: Անոնք, Առաքեալին նման, իրեն հոգեկան ոգորումներուն մէջ կրնան յայտարարել. «Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով»:

Թող Ս. Յարութեան հրաշքը իր ներզօր ազդեցութիւնը ունենայ ամէն մարդու կեանքին, որպէսզի կարենայ լիաթոք գոչել. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»:

 

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան գործադիր տնօրէնն է Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2019, 07:10