Որոնել

Մեծ եղեռնէն առնուած լուսանկար: Մեծ եղեռնէն առնուած լուսանկար: 

«Նահատակները կը կրեն յաղթութեան պսակը». Հայր Ներսէս Վրդ Սագայեան:

Վայրագ բնաջնջումի ծրագրէն ազատած որբերու սերունդի՛ն կը պարտինք ա՛յն, ինչ որ ունինք այսօր։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ ընդառաջելով երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոսի խնդրանքին, 2015ի ապրիլ 12ին՝ ամբողջ աշխարհին ի լուր՝ հնչեցուց ճշմարտութեան ձայնը՝ հաստատելով՝ թէ հարիւր տարի առաջ կատարուածը “քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է”։ 2015-ի Ապրիլ 24ին մեր բազմաբիւր նահատակները Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ՝ բարձրացան խորաններու պատիւին մինչ ամբողջ աշխարհի տարածքին կը կատարուին ոգեկոչումի հանդէսներ։

Յիշատակելի օրեր են. կը սգանք՝ յիշելով մահուան խաւարի արհաւիրքը, որ տարածուեցաւ մեր ազգին վրայ հարիւր տարիներ առաջ. եւ ոչ միայն այդ ժամանակ՝ այլ դարերու ընդմէջէն բազմիցս՝ եւ միշտ աւելի վայրագ։ Եւ տակաւ՝ հայ ազգի բնաջնջման ծրագիրը յղացող եւ գործադրող ազգը իր ուրացողական կեցուածքով կը խոցէ ամբողջ ազգի մը սիրտը, մարդկութեան սիրտը՝ որովհետեւ գործուածը ոճիր է մարդկութեան դէմ։ Տակաւին սուտի վարագոյրի ետին պահուըտած՝ ան կը հեգնէ մարդ արարածը։ Անուանած են զանոնք “գազանային”, “հրէշային”։ Եւ սակայն աղօտ են այս բացատրութիւնները։ Այդ չարին որակումը կրնայ միայն ըլլալ՝ «դիւային», «դժոխային»՝ զի սատանան է հայրը չարին եւ սուտին։
Իբր վերապրողներ, իբր ընձիւղներ հերոսական սերունդներու, իբր՝ գոյատեւման ճանապարհի վրայ ընթացող ժողովուրդ՝ պէտք է սակայն կատարենք ոչ սգատօն՝ այլ յաղթանակի, յարութեան, նոր կեանքի եւ գոյատեւման ամուր կամքի յիշատակ եւ հանդիսութիւն։
Այս յիշատակելի օրերուն՝ մեր ակնարկը սեւեռենք նաեւ մեր անձին վրայ, մեր ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններուն վրայ, մեր միութիւններուն եւ քաղաքական կուսակցութիւններուն վրայ, մեր եկեղեցիներուն վրայ՝ եւ զննենք զանոնք յաղթական նահատակներու աւանդին եւ Քրիստոսի յարութեան լոյսին տակ, որ միշտ եղած է մեր խաչապաշտ ժողովուրդի յոյսը։
Նահատակները կը կրեն յաղթութեան պսակը։ Անոնց՝ եւ այդ անմարդկային սպանդէն, վայրագ բնաջնջումի ծրագրէն ազատած որբերու սերունդի՛ն կը պարտինք ա՛յն, ինչ որ ունինք այսօր։
Իսկ ի՞նչ են մե՛ր յաղթանակները, մե՛ր նուաճումները. ինչի՞ մէջ կը կայանայ գոյատեւման մե՛ր արժանիքը, ի՞նչ հոգի է, որ մե՛զ՝ ա´յսօր կը մղէ – ի՞նչ հոգի՝ ազգասիրութիւ՞ն, հաւա՞տք, բարոյական սկզբունքնե՞ր, սէր մշակոյթի՞, սէր ազգակիցի՞ն, զօրակցութիւն հայրենակիցի՞ն, նոր սերունդի հայացի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւ՞ն, բարելաւու՞մ կեանքի՝ հայրենիքէն ներս ... ի՞նչ հոգի ...
Հարց տանք մենք մեզի անկեղծօրէն, բոլորս՝ եկեղեցի ու հոգեւորականներ, պետութիւն ու քաղաքական կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ ու հասարակութիւններ, դպրոցներ, ընտանիքներ - առանց թաքնուելու մեր եսի ետին. եւ ապա պատկառանքո՛վ եւ ամօթո՛վ խոնարհեցնենք մեր գլուխը բիւրաւոր նահատակներուն դիմաց։
Նահատակները արթուն գիտակցութեամբ իրենց արիւնը տուին՝ զի «մահ ոչ իմացեալ մահ է, եւ մահ իմացեալ՝ անմահութիւն»։ Նահատակուեցան հզօ՛ր կամքով, բարձրագոյն բարոյականութեամբ եւ աննկուն հաւատքով։
Իսկ այսօ՞ր՝ հայրենիքի տարածքին իսկ կը ծծենք մեր ազգակիցին արիւնը, անյագ ընչաքաղցութեամբ՝ ազգը, հայրենիքը, հայու արիւնը, հայու ստացուածքը՝ գործիք դարձուցած մեր շահամոլութեան, քմահաճոյքներուն, բարոյականի կորուստին, հաւատքի մոխրացումին, մայրենիի ջնջումին։
Նահատակները՝ մահով պահեցին մշակոյթ ու հոգեւոր հարստութիւն։ Իսկ մենք կը սպանենք հոգեւորն ու ինքնուրոյն մշակոյթը՝ ի նպաստ նիւթի … անյագ ընչաքաղցութեամբ ...
Քրիստոսի անունը իրենց բերնին նետուեցան մահուան մէջ։ Իսկ հայ քրիստոնեաներ ստէպ կը դեգերին խոտոր ճանապարհներու վրայ։
Ամօթը պէտք է այրէ՛ մեր հոգիները, պէտք է ճմլէ՛ մեր սրտերը՝ որովհետեւ հարիւր տարիներ ետք անոնց աւանդէն ո՞րքանը մնաց։ Հարիւր տարիներ վերջ՝ անոնց յիշատակի ոգեկոչումը՝ հայու հոգիի անկեղծ ու մաքուր պահա՞նջքն է, թէ նիւթապաշտ սերունդի մը դատարկ աղաղակը։ Մաքուր ազգասիրութիւ՞ն է՝ թէ վիրաւորուած զգացումներու փայփայանքի արտայայտութիւն։ Խորտակուածի ընկճեալ հոգեբանութիւ՞ն է՝ թէ յաղթանակողի վսեմութիւն։
Ի՞նչ արդարութիւն է մեր պահանջածը, եւ ... ո՞րքան արդար ենք մե՛նք՝ մեր նահատակներուն հանդէպ։
Պահանջատիրութիւնը կը շարունակուի։ Մարդկային իրաւունքներու վրայ հիմնուած՝ կը պահանջենք արդարութիւն. կորսուած փառքին, կորսուած նիւթին դիմաց՝ կը պահանջենք հատուցում։ Իսկ մե՛ր ձեռքով, մե՛ր իսկ կամքով կը ծախենք մեր հաւատքը, կը վաճառենք մեր բարոյական սկզբունքները, կʼօտարացնենք մեր հոգին, կը խեղաթիւրենք մեր յարութեան յոյսը՝ վերադառնալով խաւարի մառախուղին մէջ, քշուելով մութ հոսանքներու մէջ, որ մերը չէ՛։ Կը վաճառենք մեր փոքր հայրենիքն իսկ խորտակելով բազմաթիւ հայ զաւակներու ապագան եւ յոյսը։
Հայ կինը, հայ աղջիկը ինքզինք տուաւ գէտի ալիքներուն՝ փրկելու համար իր պատիւը՝ մահով։ Մենք մեզ կու տանք մահաբեր յորձանքներու գիրկը՝ կորսնցնելով պատիւ, սկզբունք, բարոյականութիւն, զոհողութիւն ի սէր ազգի, զոհողութիւն ի սէր հաւատքի։
Յառաջդիմութիւ՞ն արձանագրեցինք ... Կարո՞ղ էք կանգնեցնել հայու արտագաղթը, կարո՞ղ էք սրբել հայու արցունքը, կարո՞ղ էք սրտի լիուլի անկեղծութեամբ դաւանիլ մեր նախնիքներու եւ նահատակներու հաւատքը, կարո՞ղ էք ծնրադրել խաչին դիմաց, կարո՞ղ էք ծաղկեցնել հայրենիք ու մշակոյթ ... կարո՞ղ էք ... էլ ի՞նչ յառաջդիմութիւն ...
Այո՛, միջազգային իրաւունքներ, բազմահազար էջեր, բիւրաւոր ճառախօսութիւններ գոռացին՝ «կը պահանջենք արդարութիւն» ...
Սակայն այս պահուն լռե՛նք եւ խօսքը մեր նահատակներու՛ն տանք.
Լսեցէ՛ք, նահատակներու արիւնը մեզի՛ կը գոռայ՝
պահեցէք եւ ամրապնդեցէք հաւատքը,
պահեցէք պատիւ, ընտանեկան սրբութիւն, բարոյականութիւն,
գուրգուրացէք ձեր աւանդին վրայ, մաքուր պահեցէք ձեր մշակոյթը,
սիրեցէք ձեր ազգակիցները, ցուցաբերէք միասնութիւն, գործեցէք արդարութիւն,
մի դադրիք՝ մաքուր ազգասիրութեամբ՝ պահանջել մեր արդար իրաւունքները,
սփոփեցէք ձեր ազգակիցին ցաւը, մխիթարեցէք անոնց սրտերն ու հոգիները, տուէք անոնց առատաձեռնութեամբ,
հաւատարիմ մնացէք Ս. Աւետարանին ...

Այլապէս, սիրելիներ՝ արժանի չե՛նք ոգեկոչելու բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը. զի անոնք յաղթանակի պսա՛կը մեզի՛ տուին՝ իսկ մենք՝ պէտք չէ յանձնենք թշնամիին ...
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2019, 08:34