Որոնել

Գերյարգելի Հ. Գէորգ ծ. վ. Եղիայեան Գերյարգելի Հ. Գէորգ ծ. վ. Եղիայեան 

Հռոմի մէջ Հոգեհանգստեան Ս. պատարագ նուիրուած Հ. Գէորգ ծ. վ. Եղիայեանի եւ Հ. Եղիշէ Վրդ. Ճէնճիի։

Սուրբ Զոհի ընթացքին յաւուր պատշաճի քարոզը ներկայացուց Գերապատիւ Հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեան

«Նոր Կիրակի» 28 Ապրիլ 2019-ի, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հռոմի Ս. Նիկողայոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ` Գերապատիւ Հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեան։ Պատարագէն ետք, հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ նորօք հանգուցեալ Զմմառու Միաբանութեան Մայրավանքի երբեմնի մեծաւոր՝ Գերյարգելի Հ. Գէորգ ծ. վ. Եղիայեանի եօթնօրէքի, Գերապատիւ Հ. Եղիշէ Վրդ. Ճէնճիի առաջին տարելիցի եւ եկեղեցւոյս կիսասարկաւագ Տիար Ումպերթօ Ահարոնեանի 4-րդ տարելիցի առիթով։

Հոգեհանգստեան կարգը նախագահեց Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի մեծաւոր` Գերյարգելի Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան։ Օրուայ հոգեպարար Ս. Արարողութեան ներկայ էին` Հռոմի Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ քոյրերը գլխաւորութեամբ` միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Առաքինափայլ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի, Լեւոնեան Վարժարանի Սաներն ու Հռոմաբնակ հաւատացեալներ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին յաւուր պատշաճի քարոզը ներկայացուց Գերապատիւ Հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեան որ խօսեցաւ օրուան ծիսակատարութեան մասին ակնարկելով նաեւ օրուան տօնին «Աստուածային Ողորմութեան» կիրակիին, հրաւիրելով հաւատացեալները ընթանալու Յիսուսին մեզի թողած պատուէրի հիման վրայ, այն է՝ ըլլալ ողորմած ինչպէս մեր Երկնաւոր Հայրը ողորմած է։ 

Հայր Ղազար քարոզին մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ. 

Ունկնդրէ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2019, 09:24