Քրիստոս յարութիւն առաւ: Ողջ է: Քրիստոս յարութիւն առաւ: Ողջ է:  

«Անյաղթ սէրը՝ Տիրոջ փառաւորեալ Յարութիւնը» Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի Զատկական խորհրդածութիւնը։

Քրիստոս յարութիւն առաւ: Ողջ է:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Երկուքը միասին վազեցին» (Յովհաննէս 20, 4): Հիւանդութեան պարագային՝ կը վազենք բժիշկին քով: Իմանալով, թէ վաճառատան մը մէջ ապրանքները յիսուն տոկոս զեղչով ծախու դրուած են, հո'ն կը վազենք առիթէն օգտուելով՝ գնումներ ընելու: Տեսնելով մանուկի մը գետին իյնալը՝ կը վազենք զինք գետնէն վերցնելու եւ հանգստացնելու:

Աչքի առջեւ ունենալով այս փորձանմուշը՝ աւելի դիւրաւ կը հասկնանք Յիսուսի Յարութեան վերոյիշեալ դրուագը:

Աւետարանիչը մեզ կը տեղեկացնէ, որ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները Մարիամ Մագթաղենացիէն իմանալով, թէ «Տիրոջ մարմինը վերցուցեր են՝ վազեցին դէպի գերեզման», Զատկին Օրը:

Կ'ենթադրեմ, որ ժամանակակից բազմաթիւ անձեր եւս, առ յերախտագիտութիւն Յիսուսի, Որմէ հրաշք ընդուներ էին, պիտի վազէին դէպի գերեզման, եթէ իմացած ըլլային Վարդապետի մարմնի վերացման լուրը. ինչպէս, օրինակի համար՝ Հռոմէացի հարիւրապետը, դիւահար մարդն ու տեռատես կինը: Վազողներու շարքին պիտի գտնէինք նաեւ բորոտներ, մեղաւոր կինը, Նայինի այրի մայրն ու մէկ հատիկ զաւակը, հարուստ երիտասարդը, կոյր Բարտիմէոսը: Մոռնալու չէ այն բազմութիւնները, որոնց մեր Տէրը հանդիպեր էր, Իր տեղափոխութիւններուն ընթացքին: Ասոնք բոլորը պիտի վազէին փնտռելու Յիսուսի մարմինը:

Ի՞նչ օգուտ պիտի քաղէին այդ նպատակով վազողները: Ի՞նչ օգուտ պիտի քաղենք մենք՝ Յիսուսի քով վազելով, Անոր դիմելով:

Անգամ մը, Յիսուս ըսեր էր. «Ինծի եկողը պիտի չմերժեմ» (Յովհաննէս 6, 37): «Ձգեցէ'ք, որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի' ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի արքայութիւնը» (Մատթէոս 19, 14): Ան ըսեր էր նաեւ. «Ինծի եկէ'ք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (Մատթէոս 11, 28):

Ուստի, Յիսուսի երթալու հրաւէրը ուղղուած է բոլորին, անխտիր եւ առանց պայմանի:

Արդարեւ, Ան կ'ուզէ, որ ամէն մարդ Իրեն գայ չնայած տարիքին, սեռին, գոյնին կամ ցեղին:

Այսօր, մինչ կը տօնենք մարդկային պատմութեան ամենակարեւոր Դէպքը՝ Աստուածորդիին փառաւոր Յարութիւնը, սրտբաց ընդունինք Յիսուսի հրաւէրը: Անոր քով վազենք, Անոր դիմենք: Չկասեցնենք վազքը՝ մեր անարժանութեան պատճառով:

Վազե'նք ստանալու համար Անոր առատազեղ բարեգթութիւնը:

Վազե'նք՝ զԱյն ընդունելու իբրեւ «Կենդանի Հաց» Ս. Պատարագի ընթացքին:

Երբ Պետրոս եւ Յովհաննէս Առաքեալները վազեցին դէպի գերեզման, անոնց սիրտը աներկբայ յոյսով տոգորուած էր: Մենք եւս, այս սուրբ Զատկի Յարութեան տօնին, մեր յոյսը դնենք Յիսուսի վրայ, որ «Նստած է Հօր աջ կողմը» (Կողոսացիներ 3, 1): Վազելով զԱյն փնտռելու, պիտի գտնենք Խաչեալ Տէրը՝ մարմնացումը «Անյաղթ Սիրոյ»:

Քրիստոս յարութիւն առաւ: Ողջ է:

Ան կ'ուզէ օգնել մեզի այնպէս՝ ինչպէս օգնած էր Անոնց, որոնք Իրեն դիմելով՝ Իր քով վազած էին զԻնք պաշտելու, Իրեն երախտագէտ ըլլալու, եւ Իրմէ շնորհք ընդունելու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2019, 13:10