Որոնել

Իտալիոյ խորհդարանի պատգամաւորներ: Իտալիոյ խորհդարանի պատգամաւորներ: 

Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատը միաձայնութեամբ առաջարկած Է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ներառել օրակարգին վրայ:

Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի մասին խօսուած է երկուշաբթի օր:

Իտալիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատը միաձայնութեամբ առաջարկած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցը իր օրակարգին վրայ ներառել, ինչ որ զայրացուցած է Թուրքիան: Այս մասին կը գրէ իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» օրաթերթը:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Պատգամաւորներու պալատի առաջարկը քուէարկութեան պիտի դրուի ամէնէն ուշը վաղը: Նպատակը «Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալն ու ատոր միջազգային ճանաչման հասնիլն է»:
Այս հարցով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է երկրին մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասսիմօ Կայանին` բացատրութիւններ տալու եւ հարցին վերաբերեալ թրքական կողմի դժգոհութիւնը լսելու:
Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի մասին խօսուած է երկուշաբթի օր: Խորհրդարանին հետ յարաբերութիւններու գծով վարչութեան ներկայացուցիչ Վինչենծօ Սանթանճելօ յոյս յայտնած է, որ առաջարկին վերաբերեալ քուէարկութիւնը «հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան հաստատման նպաստող քայլ պիտի ըլլայ»:
«Իտալիան կը կարծէ, թէ կոտորածներու հարցը պէտք է քննարկուի նախապաշարումներէ զերծ երկխօսութեան միջոցով», ըսած է պաշտօնատարը` ընդգծելով, որ իրենց նպատակը ոճրագործութեան զոհերու յիշատակը յարգելն է, ինչպէս նաեւ պատմական ճշմարտութեան հաստատումը:
Պաշտօնատարը նաեւ Հայաստանին եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է` «համաձայնութեան գալու անցեալին վերաբերեալ եւ բռնելու հաշտութեան ուղին»:
Յիշեցնենք, որ Իտալիոյ Լացիօ մարզի մարզային խորհուրդը 18 մարտին Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին ընդառաջ միաձայնութեամբ որդեգրած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական իրողութիւն ընդունելու մասին բանաձեւը` դառնալով երկրի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած 136-րդ տարածքային ինքնակառավարման խորհուրդը:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2019, 08:23