Այստեղ չէ Յիսուսը, ան յարութիւն առաւ: Այստեղ չէ Յիսուսը, ան յարութիւն առաւ: 

Կիրակի 21 Ապրիլ 2019 Սուրբ Զատիկ Տօն Յարութեան Քրիստոսի

Այստեղ չէ Յիսուսը, ան յարութիւն առաւ: (Մարկոս ԺԶ. 2 - 8)

Այստեղ չէ Յիսուսը, ան յարութիւն առաւ: Այս խօսքերով է որ սպիտակ հագուստ հագած երիտասարդը, որ անպայման հրեշտակ մը ըլլալու է, կ'ողջունէ իւղաբեր կիները, որոնք եկած էին թաղուած Քրիստոսի մարմինը զմռսելու, անոր թաղումէն երեք օր վերջ։ Մեռած մարդու մը հանդէպ իրենց վերջին յարգանքի տուրքը կ՛ուզեն մատուցանել, սակայն անոր մարմինը չկայ:

Անոնք այդ ճերմակազգեստ մարդէն կը ստանան պատուէրը երթալու իմաց տալու առաքեալներուն այս եղելութեան մասին, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ պատահած մեծագոյն հրաշքն է. Ո՞վ կարող է ողջ դուրս գալ գերեզմանէն: Սակայն կիները չեն հասկնար այս բոլորը եւ սարսափաահար կը փախչին։

Այսօր մենք եւս յաճախ, այս կիներուն նման, փախուստի կը մատնուինք, որովհետեւ չենք հասկնար, կամ չենք ուզեր հասկնալ Յիսուսի բերած նոր պատգամը մարդկութեան. Արդարեւ ան եկաւ աշխարհ խորտակելու մահուան օրէնքը եւ, իր յարութեամբ, բերելու կեանքի օրէնքը, տալով մարդոց կարելիութիւնը հասնելու յաւիտենական կեանքին:

Այսօրուայ խորհուրդը մեզի  կը յիշեցնէ, մասնաւորապէս այս սուրբ օրերուն, թէ գոյութիւն ունի կեանք մը, որուն մենք քրիստոնեաներս կը ձգտինք, կեանք մը յաւիտենական որուն սահմանուած է ամէն անձ, պայմանաւ որ հաւատայ թէ Քրիստոս մեր Տէրը յարութիւն առաւ մեռելներէն, եւ թէ ինք մեզ կ՛առաջնորդէ այս աշխարհի խոչընդոտներուն մէջէն: Եթէ հաւատարմաբար իր վարդապետութեան հետեւինք, պիտի յաջողինք հասնելու այդ նոր կեանքին, որ է յաւիտենական երջանիկ կեանքը, երկնքի արքայութեանը մէջ։

Իւղաբեր կիները պատասխանատուութիւն մը ստացան հրեշտակէն, որ է տարածել այս լուրը, Յիսուսի յարութեան լուրը, մարդոց միջեւ եւ հասցնել զայն առաքեալներուն. Սակայն ըստ Մարկոս աւետարանիչին, անոնք սարսափահար փախան եւ որեւէ մէկուն բան չըսին:  Իսկ մենք, այսօր, ինչպէ՞ս կ'ընդունինք այս լուրը եւ արդեօ՞ք կը հաւատանք անոր եւ կը տարածենք մեր շուրջ գտնուողներուն: Թէ ոչ Զատկի օրը յար եւ նման է միւս բոլոր օրերուն, միայն արձակուրդի օր է:

Կարգ մը դէպքեր կը պատահին աշխարհի վրայ, զոր Տէրը թոյլ կու տայ որպէսզի ցնցէ մեր հաւատքը եւ մեզ դարձեալ կարգի բերէ: Ինչպէս զոր օրինակ Սելովամի աշտարակին փլուզումը, Նոր Կտակարանին մէջ: Այս շաբթուայ սկիզբը, համայն աշխարհի քրիստոնեաները մեծ տխրութեամբ հետեւեցան Փարիզի Նօթրը Տամ եկեղեցւոյ հրկիզման աղէտին: Առիթն է մտածելու թէ այս մեծ աղէտը, որ պատահեցաւ Աւագ Շաբթուայ ընթացքին, մեզ կը հրաւիրէ ապաշխարութեան եւ աղօթքի, միանալով մեր շուրջիններուն հետ եւ զօրանալով քրիստոնէական կեանքի գործադրութեան մէջ, առանց վախնալու կամ ամչնալու: Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2019, 07:16