Կրօններու Փառատօնը Կրօններու Փառատօնը 

«2019-ի Կրօններու Փառատօնը» Ֆիրենցէի Սուրբ Մինաս Աբբայարանին մէջ։

Կրօններու փառատօնին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

26էն 28 ապրիլ 2019-ին, Ֆիրենցէի Սուրբ Մինաս «Սան Մինիաթօ ալ Մոնթէ» Աբբայարանի մօտ 4-րդ տարուան համար տեղի կ՛ունենայ 2019-ի Կրօններու փառատօնը որուն այս տարուայ խորագիրն է «Ora-te» եւ ունի երկու իմաստ  Լատիներէն «orate»  այսինքն աղօթենք եւ իտալերէն «ora-te» այսինքն այժմ դուն, որ յորդոր մըն է յանձնառու ըլլալու վերանորոգելու մենք զմեզ ու վերագտնելու ժամանակին արժէքը։

Կրօններու փառատօնին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը որ 27 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան զեկոյց մը պիտի ներկայացնէ «Հաւատքի ժամանակը ժամանակակից ընկերութեան մէջ» նստաշրջանի ընթացքին։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ հաւաքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ ի մէջ այլոց  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել www.festivaldellereligioni.it  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2019, 08:40