Որոնել

Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ 

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ - Արհ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը։

Մենք այսօր կը մտնենք Ս. Շաբթուան մէջ որ մեզի համար մեծ հաղորդակցութեան եւ միութեան առիթ է այն մեծ Թագաւորին հետ որ Երուսաղէմ մուտք կը գործէ մեր փրկութեան ճանապարհը ցոյց տալու համար:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Շատ սիրելի մանուկներ,

Այսօր բոլորիս տօնն է, որովհետեւ ուրախութեան տօն է. տօն է անմեղութեան եւ հաւատքի:
Եւ սակայն, այսպիսի օր մը, գտնուեցան մարդիկ որոնք չկրցան պահել իրենց սէրը առ Քրիստոս եւ Յիսուսի Ծաղկազարդին օրը, երբ Յիսուս մտաւ Երուսաղէմ որպէս թագաւոր, այդ մարդիկը միեւնոյն մարդուն թող խաչուի ըսին:

Պէտք չէ ըլլանք այն կեղծաւոր հաւատացեալներէն որոնք իրենց զգացումը կը ծախեն աշխարհիկ եւ վաղանցուկ շահերու համար:
Այսունանդերձ, այսօր մեզ շրջապատող անմեղ մանուկները մեր հաւատքը կը զօրացնեն իրենց ուրախութեամբ եւ բարի դիտաւորութեամբ:

Մենք այսօր կը մտնենք Ս. Շաբթուան մէջ որ մեզի համար մեծ հաղորդակցութեան եւ միութեան առիթ է այն մեծ Թագաւորին հետ որ Երուսաղէմ մուտք կը գործէ մեր փրկութեան ճանապարհը ցոյց տալու համար: Պատահական չէ անոր մուտքը Երուսաղէմ, այլ իրականացումը Զաքարիայի մարգարէութեան որ կ’ըսէր.- «Ըսէք Սիոնի դուստրին՝ ահաւասիկ Թագաւորդ քեզի կու գայ, խոնարհ հեծած իշուն կամ իշուն աւանակին վրայ»։ Պատահական չէ անշուշտ թագւորի մը մուտքը էշուն վրայ, այլ խորհրդանիշ համեստութեան, խոնարհութեան։

Հակառակ ոմանց ընդդիմախօսութեան , մարդիկ փառաւոր շուքով դիմաւորեցին Յիսուսը. Իրենց զգեստները փռեցին անոր դիմաց, դիմաւորեցին ձիթենեաց ճիւղերով՝ իբրեւ խորհրդանիշ ողորմութեան եւ խաղաղութեան, նաե՛ւ արմաւենիի ճիւղերով իբրեւ յաղթանակի խորհրդանիշ, բացագանչելով որ Ան կուգայ ցոյց տալու փրկութեան նոր ճանապարհը։

Յիսուսի այս յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ փառաւոր դիմաւորութիւնը բաժնեց հրեայ ժողովուրդը անոր մէջէն յայտնաբերելով անկեղծներն ու կեղծաւորները, անմեղներն ու մեղաւորները, արժանաւորներն ու անարժանները, որոնք յետ մահու պիտի արժանանային համապատասխան ընդունելութեան։ Անմեղներու առաջին գիծին վրայ գտնուեցան մանուկները։ Ասոնք Յիսուսը դիմաւորողներու առաջին շարքին վրայ գտնուեցան եւ դարձան անմեղութեան խորհրդանիշ։
Եկէք, սիրելիներ, փորձենք նմանիլ այդ անմեղ մանուկներուն, մեր սէրը եւ անկեղծ հաւատարմութիւնը ներկայացնենք Անոր՝ որպէսզի մեր անկեղծ սրտէն ելլէ «Ովսաննա, Օրհնեալ ես Քրիստոս՝ որ Տիրոջ անունով կու գաս զիս փրկելու մեղքի ստրկութենէն»:

Թող այս ցածալի օրը առիթ մը ըլլայ խնդրելու Քրիստոսէն որ զօրացնէ մեր, մեզմէ իւրաքանչիւրին հաւատքը ու կապը հետ, որպէսզի չնմանինք այն կեղծաւոր մարդոց որոնք զինք խաչ հանեցին:

Ամէն։

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
Օգնական Եպիսկոպոս
Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2019, 08:56