Մայր Արմինէ Մակարոսեան Մայր Արմինէ Մակարոսեան 

Ոչ եւս է Մայր Արմինէ Մակարոսեանը։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի 10 ապրիլ 2019-ին Լիբանանի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Կիրակի 7 ապրիլ 2019-ին, քառասնորդացի վեցերորդ կիրակին,  յետ երկարատեւ հիւանդութեան, այս աշխարհէն հեռացաւ Մայր Արմինէ Մակարոսեանը` Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան անդամ եւ միաբանութեան երբեմնի Մեծաւորուհի։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ  երեքշաբթի 10 ապրիլ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Լիբանանի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Հայ Քոյրերու Զմմառու Վանքը ուր պիտի կատարուի թաղման կարգը։

Առաքինազարդ Մայր Արմինէի մահուան առթիւ, Լիբանանի Հռիփսիմեանց վարժարանը, որուն Մայր Արմինէն երկար տարիներու ընթացքին եղաւ տնօրէնուհին,  իր դռները փակ պիտի պահէ 9 եւ 10 ապրիլին, ընդունելով ցաւակցութիւնները։

 

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը, որ մօտէն ճանչցաւ Մայր Արմինէն գնահատելով անոր ազգանուէր կենցաղն ու առաքելութիւնը, կը միանայ բոլոր անոնց որոնք այսօր կ՛ողբան հանգուցեալ կրօնաւորուհիին մահը աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած որպէսզի իր արդարներու դասին մէջ ընդունի Մայր Արմինէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2019, 08:53