Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը  

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը կը ծառայէ Լիբանանի գերագոյն շահերուն»

Լիբանանեան պետութեան կողմէ փտածութեան դէմ սկսած պայքարը շատ կարեւոր է:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը կը ծառայէ Լիբանանի գերագոյն շահերուն, առանց անոնց վերադարձը ուղղակիօրէն առնչելու Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման:
Խորհուրդը նկատել տուաւ, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ փտածութեան դէմ սկսած պայքարը շատ կարեւոր է` աւելցնելով, որ անիկա պէտք է թափանցիկ ըլլայ:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը` անդրադառնալով Կոլանի բարձունքները իսրայէլեան գերիշխանութիւն նկատելու ամերիկեան որոշումին, խստիւ քննադատեցին ատիկա` զայն նկատելով միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի կանոններու խախտում:
Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Սուր
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը հինգշաբթի, 4 ապրիլին, ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան, ուր այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու իտալական զօրամասի կեդրոնը` Սուրի Շամաա գիւղաքաղաքին մէջ:
Ռայի պատրիարքը արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան եւ հանդիպումներ ունեցաւ զօրամասին պատասխանատու զինուորականներուն եւ հրամանատարներուն հետ:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2019, 08:21