Որոնել

Սուրբ Խաչը Սուրբ Խաչը 

Իրպիլի մէջ օծուած է Հայ Առաքելական նորակառոյց Եկեղեցին

Օծման արարողութիւնը կատարեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Իրաքի Թեմի առաջնորդ Տէր Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեան։

Ապրիլ 6-ին Իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Իրպիլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ առաքելական նորակառոյց Նաւակատիք եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը, որուն ընթացքին եկեղեցին անուանակոչուեցաւ Սուրբ Խաչ։ Եկեղեցւոյ կառուցման համար հողայատկացումը եւ ֆինանսաւորումը իրականացուած էր ինքնավարութեան նախկին նախագահ Մասուտ Պարզանիի (Masoud Barzani) կառավարութեան կողմէն։ Այս մասին` ըստ “Երկիր”-ի՝ կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Օծման արարողութիւնը կատարեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Իրաքի Թեմի առաջնորդ Տէր Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեան։ Արարողութեան ներկայ էին Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հրաչեայ Փոլատեանը Եգիպտոսի, Ռումանիոյ, Փարիզի, Դամասկոսի թեմերուն առաջնորդները, Կիպրոսի թեմի նախկին առաջնորդը եւ Էջմիածտնի Գէորգեան ճեմարանի տեսուչը։ Արարողութեան կը մասնակցէին նաեւ Իրաքի տարբեր կրօնական համայնքներու առաջնորդներ, պետական բարձրաստիճան այրեր, երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2019, 08:20