Որոնել

Վանի եկեղեցին Վանի եկեղեցին 

Առաջիկայ մեռելոցը աշխատանքային օր դարձնելը ետքայլ է. Մայր Աթոռ:

«Պէտք է բոլորին համար յստակ ըլլայ, որ մեռելոցները իբրեւ այդպիսին որքան ալ որ ննջեցեալներուն, բայց նախ եւ առաջ ապրողներուն համար»:

Տարակուսանքով տեղեկացանք առաջիկայ Մեռելոցը աշխատանքային օր նկատելու որոշման մասին։ Այս մասին, ըստ Aysor.am-ի, ըսած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեան:

«Մեռելոցները կարեւոր են յարգանքի տուրք մատուցելու մեր ննջեցեալներուն, նաեւ անհրաժեշտ են իբրեւ մշակոյթ, որմով դարերով ապրած է մեր ժողովուրդը։ Հայոց Եկեղեցին ունի տաղաւար տօներուն յաջորդող հինգ Մեռելոց օր, որոնցմէ երեքը՝ Սուրբ Ծնունդինը, Զատկինը եւ Խաչվերացինը, ՀՀ կառավարութեան կողմէ անցեալին յայտարարուած էին ոչ աշխատանքային օր»,- նշած է ան:

Քաղուած Եռագոյնէն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2019, 10:55