Որոնել

Ապրիլեան նահատակներուն յուշակոթող Ապրիլեան նահատակներուն յուշակոթող 

Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին հսկում:

Ո՛ր Երկնակամարին Տակ, Որ Ըլլաք, Յիշեցէ՛ք, Որ Հայ Էք, Քրիստոնեայ Էք, Կը Պատկանիք Փառաւոր Եւ Դարաւոր Ազգի Մը» Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք

Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած հսկումի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակին մէջ տեղադրուած Նահատակաց յուշակոթողին շուրջ:
Հսկումի մասնակիցներուն մէջ ուշագրաւ էր երիտասարդներու եւ պատանիներու ստուար ներկայութիւնը, որ կու գար փաստելու եւ հաստատելու, որ նոր սերունդը տէրն է իր դատին, հաւատարիմ է իր հայրերու կտակին, իր հայրենիքին ու մեծ հաւատքին, գիտէ իր յարգանքի տուրքը մատուցել Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած անմեղ նահատակներու յիշատակին: Գիտէ իր ձայնը լսելի դարձնել ամբողջ աշխարհին ու աննկուն կամքով արդարութիւն պահանջել:
Հսկումի արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին նախագահութեամբ, սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Հայերէնով բացման խօսքը արտասանեց Գառնիկ Փանոսեան, իսկ արաբերէնով` Լիւսի Մազմանեան: Անոնք իրենց խօսքին մէջ ըսին, որ հաւատարիմ մնալով 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ 80 տարի առաջ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակին մէջ Հայոց եղեռնի յուշակոթողը կանգնեցնողներու կտակին, անգամ մը եւս հաւաքուած ենք ոգեկոչելու մեր ազգի պատմութեան ամէնէն դաժան դէպքերէն մէկը, որ հակառակ իր 104-ամեայ պատմութեան, կը շարունակէ վառ մնալ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ: Անոնք ըսին, որ 1939-ին Հայոց ցեղասպանութեան 25-ամեակի ոգեկոչման առիթով շրջափակին մէջ բացումը կատարուած է աշխարհի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին յուշակոթողին` հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքին, որ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է հետեւեալը. «Սիւնը կը խորհրդանշէ մեր ազգը, հայրենի աշխարհը, որուն փուշերն իսկ մեզի համար վարդեր են, որուն կարօտը կը մաշէ մեր հոգին, կոտրուած է այս սիւնը, բեկած եւ աւերուած կ՛երեւի մեզի, այդ է մեր վիճակը, ցանուցիր եղած ի սփիւռս աշխարհին: Սակայն կանգուն է ան, որովհետեւ հրաժարած չէ կեանքի պայքարէն, սուրբ խաչը կ՛իշխէ սիւնին վրայ, իր արմատները խրելով ազգի սրտին մէջ, այս խաչը կը խորհրդանշէ անշիջանելի յոյսը լաւագոյն օրերու: Սուրբ խաչը տնկուած է իբրեւ յուսադրիչ երեւոյթ, որ կը մատնանշէ, թէ ինչպէ՛ս մեռեալ գիշերին կը յաջորդէ պայծառ արշալոյս մը»:
Իրենց խօսքի աւարտին անոնք ըսին. «Այսօր մենք` իբրեւ նոր սերունդի ջահակիրներ, այս յուշակոթողին առջեւ կանգնած կ՛ուխտենք երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքին, որ ո՛չ միայն հաւատարիմ պիտի մնանք իր կտակին, այլ պիտի դառնանք մէյ մէկ կենդանի կոթողներ մեր անխորտակելի հաւատքով»:
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Լեթիսիա Հէքիմեան մեներգեց «Սարերի հովին մեռնեմ» եւ «Կոտորածն անգութ» երգերը` կիթառի ընկերակցութեամբ Գէորգ Տէր Սարգիսեանի:

Այնուհետեւ Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանէն Հրայր Մաւլեան ապրումով ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Իմ հոգեհանգիստը» բանաստեղծութիւնը:
«Արծիւեան» երգչախումբը յաջորդաբար մեկնաբանեց «Հանգչեցէ՛ք դուք անդորր», «Վաղուց թէեւ» երգերը եւ հայրենասիրական երգերու շարք մը` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանին:
Տպաւորիչ եւ յուզիչ էր Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանէն Տօնէրեան եղբայրներու ջութակով եւ կիթառով ներկայացուցած «Տլէ եաման» եղանակը, ապա միայն ջութակով` «Կռունկ»-ը:
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Զարթօնք» պարը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ մանկապատանեկան «Բլբուլ» երգչախումբը, որուն անդամները մանկական թովիչ ձայնով ու մեծ խանդավառութեամբ մեկնաբանեցին «Ախպերս ու ես», «Վաղ թէ ուշ» եւ «Սարդարապատ» երգերը:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը: Ան ըսաւ. «Տարին 1915-ն էր, հայրենի գաւառներէն կարաւանները կը տարուին Տէր Զօրի անապատը: Երիտասարդ մայր մը 5 տարեկան իր զաւակին ձեռքէն բռնած կը քալէր: Չէթէները կը յարձակին եւ պզտիկը ձեռքէն կը խլեն, մայրը ժամանակ կ՛ունենայ կուրծքին բռնելու պզտիկը եւ ականջին ըսելու. Տղա՛ս, ո՛ւր ալ քեզ տանին, գիտցիր, որ դուն հայ ես, քրիստոնեայ ես, անունդ Գրիգոր է: 1985-ին, Ֆրանսայի մէկ քաղաքին մէջ 60 տարեկան անձի մը կը հանդիպիմ, ինքզինքս կը ծանօթացնեմ. իր անունը կու տայ` միսիօ Ակոբեան». կը հարցնեմ, թէ հա՞յ էք, ան կ՛ըսէ. ո՛չ, հայրս հայ էր, ես ֆրանսացի եմ: Կրնաք երեւակայել յուսախաբութիւնս` չըսելու համար զայրոյթս: Իրեն համար մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները կարծէք պարապի մեռան»:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ. «Սիրելի՛ երիտասարդներ, դուք որո՞ւ կ՛ուզէք նմանիլ. ո՛ր երկնակամարին տակ որ ըլլաք, Լիբանան, Սուրիա, Միջին Արեւելք, Ֆրանսա, Ամերիկա, Աւստրալիա, յիշեցէ՛ք, որ հայ էք, քրիստոնեայ էք, կը պատկանիք փառաւոր եւ դարաւոր ազգի մը, քաղաքակիրթ եւ հպարտ ազգի մը` հինգ հազար տարուան պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող: Այո՛, ձեզ հիւրասիրող երկրի մը զաւակը, քաղաքացին կրնաք ըլլալ, բայց եղէ՛ք պարկեշտ, յիշեցէ՛ք, որ ձեր հայրենիքը Հայաստանն է, նոյնիսկ եթէ ձեր մայրենի լեզուն մոռնաք, գոնէ պատմութիւնը գիտցէ՛ք, շարականը գիտցէ՛ք, հերոս նահատակ ժողովուրդի մը զաւակներն էք եւ թոռներն էք: Ասով հպարտ ըլլանք, բայց Աստուծոյ մանաւանդ երախտապարտ ըլլանք, որ նման ժողովուրդի մը զաւակը ստեղծած է ձեզ:
Անդրադառնալով պատրիարքարանի շրջափակին մէջ կանգնած յուշակոթողին` ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ, թէ 80 տարի անցած է յուշակոթողի շինութենէն. անիկա առաջին կոթողը եղած է ամբողջ աշխարհին մէջ, նոյնիսկ մայր հայրենիքի մէջ չէին կրնար այն օրերուն նման յուշակոթող մը բարձրացնել: Հոգեւոր տէրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «1965-ին Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը ոգեկոչուեցաւ 80-100 հազար ժողովուրդի ներկայութեամբ: Ազատ երկրի մը մէջ ենք մենք Լիբանան, պէտք է ասոր յարգը գիտնանք. իրենց լեզուն, մշակոյթը, գրականութիւնը սորվեցէ՛ք, առա՛ջ տարէք այս երկիրը, ինչպէս որ ձեր հայրերը ըրին: Բոլոր լիբանանցիները շնորհակալութիւն կը յայտնեն մեզի, որ եկանք, շինեցինք եւ ապրեցանք: Իսկ Փարիզի նախկին արքեպիսկոպոսներէն մէկը պաշտօնապէս Մխիթարեան վարժարանի մը մէջ յայտարարած է. «Շնորհակալ ենք, որ եկաք, մեզի շատ բան սորվեցուցիք, յիշեցուցիք բարոյական, մարդկային, հոգեւոր արժէքներ, որ մենք մոռցած էինք, կամ մոռնալու վրայ էինք, շնորհակալ ենք, որ հոս եկաք եւ հիմա ճշմարիտ ֆրանսացիներ դարձած էք, բայց չէք մոռցած ձեր հայութիւնը»:

Խօսքի աւարտին հոգեւոր տէրը պահպանիչով, ապա Տէրունական աղօթքով փակեց ձեռնարկը:

Քաղուած Ազդակէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2019, 10:02