Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Մեր Սուրբերուն Արեան Գինը Խաղաքարտ Չէ՛ :

Սրբացեալ նահատակաց յիշատակի օրը առաւել կը հզօրացնէ մեր մէջ պահանջատիրական զգացումը, զայն սլաքելով ո՛չ միայն 104, այլեւ աւելի տարիներ անդին, որովհետեւ արդարութեան ձայնը կարելի չէ՛ խեղդել, ո՛չ ալ արեւին լոյսը քօղարկել որեւէ մութ «կտաւ»ով:
Ցաւերու բազմաթիւ տեսականի ունի մարդկութիւնը, որոնք կը խմբուին երկու դասակարգումներու տակ:
Ֆիզիքական եւ հոգեկան ցաւեր:
Իւրաքանչիւրին տեւողութիւնը եւ բուժման ընթացքը կախեալ է վէրքին ու ցաւին խորութենէն, զգացման վիրաւորանքին ուժգնութենէն եւ այլ պատճառներէ:

Պահանջատէր մեր ժողովուրդը արդէն 104-րդ տարին ըլլալով, ապշահար կը հետեւի քաղաքակիրթ կոչուած երկիրներու յամրաքայլ ընթացքին, որոնք իրենց դարաւոր քունէն արթնցող հեքիաթային իշխանների նման, նոր կը յիշեն 20-րդ դարու առաջին եւ մեծագոյն ողբերգութիւնը գէթ ճանչնալու իրենց պարտականութիւնը, թող դեռ զայն դատապարտելու պարտաւորութիւնը: Միւս կողմէ, անոնց հարիւրամեայ թմբիրը ստրկամտութեամբ գնահատելու մեր ունակութեան մէջ անթերի, միշտ պատրաստ ենք «բարեկամ» ճանչնալու այն երկիրները, որոնք ինչ-ինչ հաշիւներով ճանաչողութիւն կու տան Հայոց Ցեղասպանութեան, խաղաքարտի վերածելով մեր ազգի սուրբ նահատակներուն արեան գինը:
Դեռ մինչեւ ե՞րբ գերպետութիւններու բոլորակաձեւ թաւշեայ կանաչապատ սեղանին վրայ իբրեւ խաղաքարտ աժանօրէն պիտի բաշխուին մեր նահատակները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անուն ունէր ու ինքնութիւն, արժանապատուութիւն ու հռչակ, համբաւ ու վաստակ: Մեզմէ ո՞վ պիտի ուզէր որ նոյնիսկ իր աճիւնները դուրս բերուէին գերեզմանափոսէն, փողոցի լաճերու ձեռքերուն մէջ խաղալիքի վերածուելու համար…:
Մենք մեր թմբիրէն արթննալու կարիք ունինք ժողովո՛ւրդ Հայոց, եւ այն ալ՝ շա՛տ շուտով:
Հայ Դատի նուիրեալ յառաջամարտիկը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայ, ո՛ր երկրին, կամ ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ապրի ան: Երազի հայրենիքի ցաւով կը տոգորուի մեզմէ իւրաքանչիւրին սիրտը, ու կը մորմոքի հոգին:
Մենք, որ վանք ու դպրոց, տուն ու այգի՝ հայրենի հող կորսնցուցինք, թշնամիի ոտքին կոխան դառնալով, մե՛նք պիտի վերաշահինք մեր ազգի բռնաբարուած արժանապատուութիւնը, այնպէս ինչպէս մենք մեր ձեռքերով պիտի վերակառուցենք ուրիշին քանդածն ու այրածը: Հերի՛ք է որ մեզի մանրեն ու լումաներու վերածեն:
Աշխարհաքաղաքական շահերու զո՜հ մեր ժողովուրդին համար, նախ արժանապատուութեան վերատիրացման պայքար պէտք է, Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն, ինչպէս նաեւ մեր հողերուն վերատիրացման այնքան փափաքելի օրը դիմաւորելէ առաջ:
Նահատակութիւնը վեր է ամէն հաշիւներէ ու շահերէ: Արիւնը չի՛ սակարկուիր ի՛նչ ազգի եւ ի՛նչ երկրի զաւակ ալ ըլլայ այդ արեան տէր մարդը: Արեան գինը ամէնէն բարձր արժէքը կը ներկայացնէ, որ չի՛ վաճառուիր, ձրի չի՛ տրուիր, ո՛չ ալ կը տրամադրուի, այլ՝ միայն կը նուիրաբերուի վեհագոյն նպատակի համար: Այդ նպատակը ինքնին երրեակ միութեամբ սրբութիւնն է՝ Ազգ, Կրօնք, Հայրենիք:
Մորթի ցաւը մեր մարմնի վրայ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հաւատարիմ մնալ մեր նահատակներու սուրբ կտակին, որպէսզի անոնց կմախքացած գանկերու մութ ակնափոսերէն դադրեցնենք արտասուքի հոսքը, եւ անոնք տեսնեն աշխարհի վրայ բացուած արդարութեան արշալոյսին պայծառ առաւօտը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2019, 14:05