Lուսահոգի Հայր Եղիշէ Ճանճիի նուիրուած հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ Lուսահոգի Հայր Եղիշէ Ճանճիի նուիրուած հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ 

"Երբեմն էիր լոյս եւ այժմ խաւար եւ ստուեր մահու ..."

Լուսահոգի Հայր Եղիշէ Ճանճիի նուիրուած հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ

Գրեթէ մէկ տարի անցած է այն օրէն երբ յուզմունքով եւ մեծ կսկիծով իմացանք Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Թեմին կղերի անդամ Հայր Եղիշէ Էլիաս Ճանճիի մահուան լուրը որ ցնցեց մեզ բոլորս ու յուսալքումի մատնելով շատեր։

23 ապրիլ 2018ն եղաւ «սեւ թուական» ինչպէս կը յայտնէ Հայր Եղիշէի մահուան տարելիցին առթիւ անոր եղբայրակից քահանայ՝ Տէր Կոմիտաս Տատաղլեան։

«Արդէն տարի մը անցած է այդ սեւ թուականին։ Մինչ հայելահմայութիւնը կը պատրաստուէր յիշատակելու 103֊ամեակը Մեծ Եղեռնի սուրբ Նահատակներուն,  սարսափելի օրէն տարածուեցաւ մահուան գոյժը մեր սիրելի Եղիշէ Վրդ. Ճէնճիի, սուգի մատնելով Համայնքս եւ ամբողջ հալէպահայութիւնը» կը նշէ Տէր Կոմիատսը յիշելով նաեւ թէ 33 ամեայ Հայր Եղիշէն ունէր բազմաթիւ ծրագիրներ, ու մտադիր էր ներկայացնել համերգներ ոչ միայն սուրիոյ այլ նաեւ եւրոպայի մէջ Փորթուկալի Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ։ Սակայն մահը վերջակէտ դրաւ իր այդ բոլոր ծրագիրներուն»։

Հայր Եղիշէն 1985 թուականի ծնունդ էր. Սկզբնական ուսումները  ստացած է իր ծննդավայր Հալէպի մէջ ապա յաճախած է Հալէպի Սուրբ Վարդան փոքր նորընծայարանը հուսկ 2003-ին մեկնած է Լիբանան Զմմառու Վանք ու յաճախած է Լիբանանի Պօղոսեան համալսարանի  Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական մասնաճիւղերը մինչեւ 2008 թուական  երբ կը  փոխադրուի Հռոմ՝ Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան ուր կը շարունակէ Աստուածաբանական ուսումները, յաճախելով Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանը մինչեւ 2010 թուական։ Նոյն թուականին կը ձեռնադրուի Քահանայ՝ ձեռամբ Արհ Պետրոս Արք Միրիաթեանին, Հալէպի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։ 

Ան փոքր հասակին սիրած է երաժշտութիւնը եւ ըլլայ Լիբանանի մէջ ըլլայ Հռոմի մէջ նորընծայութեան շրջանին, հետեւած է երաժշտական ուսումներու, ուր ձեռք բերած է նուագախումբի ու երգչախումբի  «ղեկավարութեան» վկայական ու Հալէպ վերադարձին հիմնած է «Նարեկացի» անուամբ նուագախումբը։ 

Քահանայ ձեռնադրուելէն ետք Հալէպի մէջ ստանձնած է Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը ինչպէս նաեւ եղած է հիմնադիրը  «Նուր Սաթ» հեռուստակայանի Հալէպի մասնաճիւղի Կաթողիկէ Համայնքի տեղեկատուական բաժնին,  Ան ապա վարած է «Մարիամ հասարակութեան» ու այլ հոգեւոր խմբակցութիւններու հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը, որոնց շարքին՝ Սուրբ Խաչ ժողովրդապետութեան սկաուտները, Սրբուհի Ռիթա ընկերակցութիւնը եւ այլք։

Հայ Եղիշէի մահուան տարելիցին առթիւ կիրակի 7 ապրիլ 2019-ին, Հալէպի մէջ մատուցուեցաւ անոր յիշատակին հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը, նախագահութեամբ  Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմին առաջնորդ Արհ Պետրոս Արք Միրիաթեանին որ Սուրբ Զոհին ընթացքին ներկայացուց լուսահոգի ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ կենսագրականը, մատնանշելով ուսման հանդէպ անոր ունեցած սիրոյն,  հոգեւոր եւ մշակութային ծաւալէն ներս անոր կազմաւորումին, ինչպէս նեաւ անոր առաքելական գործունէութեան որ կարճ ժամանակի մը մէջ մեծ համբաւ ունեցաւ ներքին եւ արտաքին աշխարհի մէջ։  Ան յատուկ ընդունելութիւն եւ քաջալերանք ստացաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան մշակութային զբօսաշրջիկութեան նախարարութենէն ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Առաջին տիկին` Ասմէ Ասատին կողմէ»։ Անոր մահը մեծ կորուստ եղաւ ոչ միայն հալէպահայութեան այլ նաեւ համայն հայ աշխարհին որ կորսնցուց տաղանդաւոր հայ երիտասարդ հոգեւորական մը։

Հոգեհանդստեան սուրբ պատարագին  երգեցողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայր Եղիշէի ղեկավարած Նարեկացի երգչախումբը։

Յետ Հոգեհանգստեան պաշտօնին ցաւակցութիւնները տեղի ունեցան Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2019, 09:42