Որոնել

Արամ Ա Կաթողիկոս Արամ Ա Կաթողիկոս 

Սրբոց Քառասնից Մանկանց վերանորոգեալ մայր եկեղեցւոյ վերաօծումը:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց վերանորոգեալ մայր եկեղեցւոյ սրբագործումն ու վերաօծումը:

Հալէպ տուած հովուապետական այցելութեան շրջագիծին մէջ, շաբաթ, 30 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց վերանորոգեալ մայր եկեղեցւոյ սրբագործումն ու վերաօծումը:
Վեհափառ հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի: Եկեղեցւոյ դրան դիմաց վեհափառ հայրապետը դիմաւորելու համար շարք կազմած էին ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր արի-արենուշները եւ Հալէպի հայ առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերը:
Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, վեհափառ հայրապետը սրբագործման արարողութեան համար եկեղեցի մուտք գործեց: Արարողութեան ներկայ էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Գէորգեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան անդամներ, պատկան մարմինի, հալէպահայ միութիւններու, Սուրիոյ զանազան շրջաններէն հասած ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, օտարազգի հիւրեր եւ հաւատացեալ ժողովուրդի խուռներամ բազմութիւն մը:
Քահանայ հայրերը նախ ջուրով եւ գինիով սրբեցին օծման տեղերը` դռները (բարաւորը, սիւները եւ դուռը), եկեղեցւոյ կեդրոնական չորս սիւները, կեդրոնական խորանի չորս անկիւնները, աջակողմեան ու ձախակողմեան խորանները եւ մատրան խորանը: Այնուհետեւ վերոնշեալ վայրերը վեհափառ հայրապետին ձեռամբ Ս. միւռոնով օծուեցան:
Օծման աւարտին, պահպանիչ աղօթքէն ետք, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան ըսաւ. «Եթէ Տէրը ինք չշինէ տունը, զուր տեղ կը յոգնին զայն շինողները. եթէ Տէրը ինք չպահպանէ քաղաքը, զուր տեղ կը հսկեն պահապանները» (Սաղմոս 127.1): Այս իրագործումը երկնաւորին օրհնութեան, Իր փառքին եւ Իր ժողովուրդին հոգեւոր պայծառութեան համար եղաւ»:
Ապա սրբազան հայրը Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հետեւեալ կողմերուն.-

Ա) Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ Պաշշար Հաֆեզ Ասատին, որուն հոգատարութեամբ եւ բարոյական – նիւթական օժանդակութեամբ կարելի դարձաւ վերաշինութեան գործադրութիւնը:

Բ) Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ սուրիական տագնապի առաջին օրերէն իր ելոյթներուն թէ հանդիպումներուն ճամբով պաշտպանեց Սուրիան եւ Սուրիոյ ժողովուրդը, գօտեպնդեց սուրիահայութիւնը, իսկ Հալէպի ազատագրութեան առաջին օրերուն հովուապետական այցելութեամբ յուսադրեց իր ժողովուրդը` մնալու եւ սկսելու վերականգնումի մեծ գործը:
Գ) Սուրիոյ պետական պատասխանատուներուն, մասնաւորաբար Հալէպի նահանգապետին, կուսակցապետին, քաղաքային մարմիններուն, որոնք ամէն դիւրութիւն ընծայեցին վերաշինութեան աշխատանքի ընթացքին:
Դ) Թեմի Ազգային իշխանութեան, մասնաւորաբար Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան, որոնց ամբողջական գործակցութեամբ ընթացք առին շինարարական աշխատանքները: Շինարարական տարբեր աշխատանքներու ճարտարապետական իրագործումին հսկողներուն, մասնաւորաբար Կարպիս Թովմասեանին եւ Մոհամետ Մատարաթիին:
Եւ վերջապէս բոլոր բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդին:
Ապա սրբազան հայրը հրաւիրեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղելու:
Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ մեր եկեղեցին մեզի համար Աստուծոյ տունն է, մեր ժողովուրդը եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ Աստուծոյ հետ եղաւ, Աստուծոյ հետ խօսեցաւ: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր պատմութեան ընթացքին, եկեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սովորական իմաստով շէնք եւ պատ չեղաւ, այլ եղաւ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ լոյսի առաքելութիւն, եղաւ Ս. Սահակ, Ս. Մեսրոպ, այբուբեն, հայոց լեզու, ոսկեայ մշակոյթ, եղաւ Նարեկացի եւ ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուած, եղաւ Ներսէս Շնորհալի, հեզամրմունջ շարական եւ աղօթասաց երկխօսութիւն Աստուծոյ հետ:
«Մեր պատմութեան միջնադարու խաղաղ օրերուն, մեր եկեղեցին յոյս դարձաւ ու լոյսի առաքելութեան լծուեցաւ ցիր ու ցան դարձած մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ ու տակաւին մեր եկեղեցին եղաւ Խրիմեան Հայրիկ եւ երկաթէ շերեփ: Մեր եկեղեցին եղաւ ու մնաց ազգային պահանջատիրութիւն այն բոլոր անարդար գործերուն, ցեղասպանական ոճիրներուն նկատմամբ, որոնք փորձեցին մեր ժողովուրդին կամքին մէջ Աստուծոյ հաւատքը պահել, մեր ժողովուրդին արդարութեան տենչը սպաննել: Այս բոլորը եղաւ մեր եկեղեցին: Այլ խօսքով` հաւատքի առաքելութիւն, ազգանուէր ծառայութիւն, մշակութային արժէքներու կենսագործում եւ ազգային պահանջատիրութիւն, այսպէս եղաւ ու այս է մեր եկեղեցին, Աստուծոյ տունը, որուն հետ նոյնացաւ մեր ժողովուրդը եւ զայն դարձուց նաեւ ի՛ր տունը, ազգին հաւաքական տունը:
«Մեր ժողովուրդի ցաւին, տառապանքին եւ կարիքներուն դիմաց: Մեր եկեղեցին անտարբեր չեղաւ ու պիտի չըլլայ, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, մինչեւ Սուրիա եւ ամէն տեղ, որովհետեւ մեր եկեղեցին վայր չէ, մեր եկեղեցին Աստուծոյ ներկայութիւնն է, Քրիստոսին մարմինն է, այլ խօսքով` հաւատքի վկայութիւն, ժողովրդանուէր ծառայութիւն», ըսաւ վեհափառ հայրապետը, ապա յայտնեց, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է, կաթողիկոսներ օծուած են, կաթողիկոսներ թաղուած են եւ սրբալոյս միւռոն օծուած է այս եկեղեցւոյ մէջ: Վերջին միւռոնը Թուրքիայէն պարտադիր կերպով դուրս դրուած երջանկայիշատակ Սահակ Խապայեան կաթողիկոսին կողմէ օծուած է, 29 Մայիս 1923-ին, եւ նոյն միւռոնով այսօր կը վերաօծուի եկեղեցին:
Վեհափառ հայրապետը ժողովուրդին դիմելով ըսաւ. «Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերաօծումը անձնական ու խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի: Մեր եկեղեցւոյ հաւատքի վկայութիւնը կը շարունակուի, պատմութեան ընթացքին ուրիշներ քանդեցին հիւսիսէն թէ հարաւէն, արեւելքէն թէ արեւմուտքէն, սակայն մենք վերաշինեցինք, ուրիշներ փորձեցին մեր ժողովուրդին հաւատքը սպաննել, բայց մենք հաւաքաբար ըսինք, թէ այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել: Ուրիշներ անարդարութիւն գործեցին, սակայն մենք մեր հաւաքական կեցուածքով ո՛չ ըսինք անարդարութեան, պայքարեցանք ու պիտի պայքարինք ի խնդիր արդարութեան: Ուրիշներ ցեղասպանութիւն գործեցին մեր ժողովուրդին դէմ, սակայն չյաջողեցան: Այսօր մեր ժողովուրդը յարութիւն առած է, Հալէպէն սկսեալ ի սփիւռս աշխարհի: Այսօր ունինք ազատ, անկախ Հայաստան, թէկուզ մեր պատմական հողերուն մէկ փոքր շերտին վրայ, սակայն պիտի ձգտինք Հայաստանը տեսնել մեր երազին պատկերով: Ուրիշներ փորձեցին աշխարհի քարտէսէն ջնջել Հայաստանն ու հայութիւնը, սակայն այսօր մենք ներկայ ենք ամէն տեղ, մենք երբեք չենք մոռնար սուրիացի սիրելի պատասխանատուներն ու ժողովուրդը, որոնք ցեղասպանութենէն ետք մեր ժողովուրդին զաւակները ընդունեցին: Թուրքիան քանդեց, Թուրքիան սպաննեց, սակայն այս երկրին մէջ ձեզի հետ միասին, սուրիացի՛ ժողովուրդ, մենք շինեցինք ու վերաշինեցինք: Թուրքիոյ մէջ մեր ժողովուրդը մահ տեսաւ, այստեղ` կամք: Մենք սուրիացի ժողովուրդին հետ գոյակցեցանք փոխադարձ յարգանքով, հասկացողութեամբ ու սիրով եւ պիտի շարունակենք նոյն ոգիով գոյակցիլ` իբրեւ սուրիացի հայեր մասնակից դառնալով Սուրիոյ վերաշինութեան, վերազարթնումի հաւաքական աշխատանքներուն: Սուրիացի ժողովուրդը, սուրիական իշխանութիւնները սիրեցին, յարգեցին մեզ եւ վստահութիւն ունեցան մեր վրայ: Ահաւասիկ այս եկեղեցւոյ վերաշինութեան, հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատ իր ամբողջական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բերաւ:
«Այսօր փառաբանանքի օր է առ Աստուած, գոհաբանութեան օր է առ Աստուած: Ահաւասիկ ցեղասպանին կողմէ քանդուած այս եկեղեցին վերաշինեցինք եւ սուրիական հողին վրայ պիտի շարունակենք վերաշինութիւնը, վերականգնումը Հալէպէն սկսեալ մինչեւ Տէր Զօր եւ ամէն տեղ պիտի վերաշինենք, պիտի վերականգնենք, պիտի վերածաղկեցնենք: Այս է հայու ոգին, այս է մեր առաքելութիւնը ամէն տեղ: Այս առիթով ես նաեւ բարձր գնահատանքս կ՛ուզեմ յայտնել առաջնորդ սրբազանին, որ իր մղումով, իր ճիգով ու աշխատանքով ահաւասիկ այս եկեղեցին պայծառացած կը տեսնենք: Վստահ եմ, որ Ազգային իշխանութեան հետ միասնաբար վերականգնումի, վերածաղկումի առաքելութիւնը պիտի շարունակուի»:
Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց համայն հայութեան օժանդակելու սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքերուն:
Սրբագործման արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ հայրապետական օրհներգի, ապա «Կիլիկիա» մաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, սրբագործուած եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական աջահամբոյր:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հանդիսապետութեամբ Անդրանիկ Պատարագ` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Սրբագործուած Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Բարձր հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 31 մարտ 2019-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, վերասրբագործուած Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ:
Օրուան պատարագիչն էր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:
Վեհափառ հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով մուտք գործեցին եկեղեցի` ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներուն ներկայութեան:
Պատարագին ներկայ էին Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան անդամներ, պատկան մարմինի, հալէպահայ միութիւններու, Սուրիոյ զանազան շրջաններէն եկած ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն:
Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Հալէպի հայ առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերուն միացեալ խումբը:
Պատարագի ընթացքին կաթողիկոսութեան միաբաններէն Պետրոս վրդ. Մանուէլեան կարդաց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեան գիրը, ուր ակնարկութիւն կը կատարուէր սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարին պայմաններուն, միասնականութեան եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին հոգեմտաւոր ծառայութեան: Կոնդակին մէջ նշուած էր. «Սիրելի՛ սրբազան, վստահ ենք, որ թեմական ծառայութեան ճամբով ձեր ձեռք ձգած հարուստ փորձառութիւնը պիտի շարունակէք ի սպաս դնել մեր Սուրբ աթոռի ընդհանրական առաքելութեան: Այս առիթով, հոգեւոր հօտին ներկայութեան, մեր բարձր գնահատանքն ու հայրական ջերմ սէրը կը յայտնենք ձեզի»: (Կոնդակին ամբողջութիւնը կու տանք հետագային «Ա.»):

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կ՛ընդունի Հալէպի Պետական Աւագանին Եւ Կրօնապետները

Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերաօծումէն ետք, շաբաթ, 30 մարտ 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան վերաօծուած եկեղեցւոյ մէջ ընդունեցին Հալէպ նահանգի պետական եւ ապահովական բարձրաստիճան պատասխանատուները, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնապետներն ու զանազան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները:
Եկեղեցւոյ մուտքին, վեհափառ հայրապետը եւ թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը Հալէպի նահանգապետին ու քաղաքապետին ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ վերաօծման առիթով զետեղուած յուշաքարին բացումը կատարեցին: Ապա, եկեղեցիին մէջ, թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան նախ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն` Ս. Գիրքէն մէջբերումներ կատարելով: Սրբազան հայրը Ազգային իշխանութեան անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց յատկապէս երկրի նախագահին` վերանորոգման այս ծրագիրին իր նիւթական ու բարոյական օժանդակութեան համար, ապա նաեւ Հալէպի նահանգապետին, քաղաքապետին, կուսակցապետին եւ բոլոր բարերարներուն ու եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքին նպաստողներուն:
Վեհափառ հայրապետը իր կարգին խօսք առնելով ըսաւ, թէ այսօր ուրախութեան օր է ո՛չ միայն սուրիահայութեան, այլեւ ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդին համար: Վեհափառ հայրապետը աւելցուց. «Վերականգնումը յաղթանակի նշան է: Անցնող 8 տարիներուն ուրիշներ ուզեցին Սուրիան քանդել, բայց սուրիացիները յաղթեցին: Սուրիացի ըսելով նկատի ունինք իսլամ ու քրիստոնեայ բոլոր համայնքները, որոնցմէ մաս մըն է հայութիւնը: Սուրիոյ մէջ բոլոր համայնքները համահաւասար քաղաքացիներ են: Ուստի բոլորս` իսլամ թէ քրիստոնեայ, ձեռք-ձեռքի տուած պիտի շարունակենք վերականգնումը` գլխաւորութեամբ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատի: Թուրքիոյ մէջ հայերը կոտորածի ենթարկուեցան, բայց Սուրիոյ մէջ սէր եւ ապաստան գտան: Մենք երախտապարտ ենք սուրիացի ժողովուրդին, հետեւաբար միասնաբար պիտի շարունակենք վերականգնել Սուրիան: Շնորհակալութիւն նախագահին, բոլոր իսլամ ու քրիստոնեայ կրօնապետներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքապետին ու նահանգապետին, որոնք օժանդակեցին այս գործին: Աստուած օրհնէ Սուրիան ու սուրիացի ժողովուրդը»:
Հիւրերը շրջեցան եկեղեցւոյ մէջ, բարձրօրէն գնահատեցին անոր վերանորոգումը եւ շնորհաւորեցին Սուրիոյ ամբողջ ժողովուրդը, յատկապէս` սուրիահայութիւնը: Այս առիթով, Հալէպի միւֆթին յայտնեց. «Թէեւ որոշ շրջան մը բոլորս զրկուեցանք այս եկեղեցիէն, սակայն ան կանգուն մնաց իր զաւակներով: Սուրիան պիտի վերականգնի եւ վերագտնէ իր խաղաղութիւնը»:
Հիւրերու մեկնումէն ետք, վեհափառ հայրապետը Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, աւելի քան 25 լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն դիմաց ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ուր վեր առաւ Սուրիոյ դերը արաբական աշխարհին մէջ, ողջունեց Սուրիոյ նախագահը, իշխանութիւնն ու պատասխանատուները` վերահաստատելով Սուրիոյ վերականգնումին նկատմամբ իր եւ ամբողջ հայութեան հաւատքն ու մասնակցութիւնը:
 

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2019, 08:38