Հալէպի Մելքիթներու մայր տաճարը Հալէպի Մելքիթներու մայր տաճարը 

Վերբացուեցաւ Հալէպի մէջ կաթողիկէ Մելքիլթներու Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարը:

Այժ պէտք է վերականգնել հաւատացեալներուն հոգիները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

23 ապրիլ 2019-ին, վերաբացումը եւ օծումը կատարուեցաւ Կաթողիկէ Մելքիթներու Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարին: Եկեղեցւոյ վերաբացման Սուբր Պատարագի արարողութեան նախագահեց Յոյն Մելքիթներու Անտիոքի եւ Միջին արեւլքի պատրիարք՝ Գերերջանիկ ԵուսէՖ Ապսին, ներկայութեամբ Սուրիոյ մէջ պապական նուիրակ, Կարդինալ Մարիօ Զենարիին:

Կաթողիկէ մելքիթներու պատրիարքը այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ դիտել տուաւ, Հալէպի Տիրամօր նուիրուած Եկեղեցւոյ վերաբացումը, խորհդանիշ եւ բարի նշան է, Սուրիոյ գեղեցիկ եւ կենսունակ կեանք վերստանալուն:

Մինչ կարդինալ Մարիօ Զենարին, այս առթիւ Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացին, Տիրամօր եկեղեցւոյ բացումէն ետք անհրաժեշտ ու էական նկատեց մարդոց, հաւատացեալներուն հոգիներուն վերականգնումը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2019, 09:39