Որոնել

Գերապայծառ Փիցապալլա: Գերապայծառ Փիցապալլա: 

Արաբական տարածաշրջանի Լատին Եպիսկոպոսներուն տարեկան ժողովը:

ժողովը առիթ հանդիսացաւ հաշուեկշիռ ներկայացնելու տեղական եկեղեցիներու մասին, ինչպէս նաեւ քննարկելու հովուական ծառայութեան հայող հասարակաց հարցեր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վերջ գտաւ Արաբական երկիրներու լատին եպիսկոպոսներուն տարեկան ընդհանուր ժողովը:
Աղեքսանդրիոյ առաքելական փոխանորդ, Գերապայծառ Ատել Զաքիի հրաւէրով, լատին եպիսկոպոսներու ժողովը գումարուեցաւ Մատի քաղաքին մէջ գտնուող Ղպտի կաթողիկէներուն դպրեվանքին մէջ 18-էն – 21 փետրուար 2019ին:

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Փիցապալլայի նախագահութեամբ, յիշեալ ժողովը առիթ հանդիսացաւ , հաշուեկշիռ ներկայացնելու տեղական եկեղեցիներու մասին ինչպէս նաեւ քննարկելու հովուական ծառայութեան հայող հասարակաց հարցեր:
Ժողովին ընթացքին , լատին եպիսկոպոսները գոհունակութեամբ արտայայտուած են արաբական տարածաշրջանէն ներս ձեռնադրուած նոր քահանաներուն եւ սարկաւագներու համար: Անոնք մտահոգութիւն յայտնած են գաղթական մանուկներուն ի տես, քննարկելով նաեւՄանուկներուն պաշտպանութեան հայող հարցեր ՝ վերջերս վատիկանի մէջ գումարուած մանուկներուն պաշտպանութեան նուիրուած եպիսկոպոսներուն ժողովին լոյսին տակ: 

Ինչ կը հայի հովուական ծառայութեան հասարակաց հարցերուն, քննարկուած է եկեղեցիէն ներս, երիտասարդներու մասնակցութեան նուազեցման հարցը, կոչումներու թիւի պակասը:
Եպիսկոպոսները կարեւոր համարած են դաստիարակիչ երիտասարդներ կազմաւորելու հոլովոյթը՝ երիտասարդները եկեղեցիէն ներս ներգրաւելու համար: Ապա փափաք յայտնուած է միջին արեւելքին մէջ կազմակերպել երիտասարդներու հաւաք մը ՝ ի տես 2020 երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին:

Լատին Եպիսկոպոսներուն քննարկումի նիւթ եղած է ընտանիքի առնչուող հարցեր. ամոլներու միջեւ բաժանումի եւ ամուսնալուծման խնդիրներ եւ այս կապակցութեամբ ժողովականները անհրաժեշտ նկատած են, զոյգերու կազմաւորումը՝ սուրբ Պսակի խորհուրդէն առաջ ու անոնց ընկերանալ ամուսնութեան առաջին տարիներուն:

Համամիութենական շրջագիծէն ներս, եպիսկոպոսները անհրաժեշտ նկատած են բոլոր եկեղեցիներէն ներս ծիսական միեւնոյն գիրքերու եւ սուրբ արարողութիւններուն ընթացքին միեւնոյն թարգմանութեամբ Սուրբ Գիրքի օգտակագործումը: Անոնք ապա գոհունակութեամբ արտայայտուած են վերջերս Ղպտի օրթոտոքսս Թավատրոս Բ պապին եւ Ղպտի կաթողիկէ ՝ Իպրահիմ Իշակ Սիտրաքի միջեւ կայացած հանդիպումի առումով:

Ի վերջոյ ժողովականները գոհունակութեամբ անդրադարձած են Ապու Տապիի մէջ ֆրանչիսկոս Պապին պատմական այցելութեան, ու այս ծիրէն ներս ստորագրուած «մարդկային եղբայրութիւն» փաստաթուղթին, անհրաժեշտ նկատելով այդ փաստաթղթին լաւագոյն ձեւով տարածումը :

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2019, 11:53