Լիբանանի մէջ Թեզէի մամլոյ ասուլիս Լիբանանի մէջ Թեզէի մամլոյ ասուլիս 

Թեզէի երիտասարդական միջազգային համախմբումի մամլոյ ասուլիս:

Լիբանանի մէջ հաւաքը կ՛իրականանայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Լիբանանի եկեղեցիներուն հետ գործակցաբար:

Երեքշաբթի, 12 մարտ 2019-ի առաւօտեան, Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Թեզէի երիտասարդական միջազգային հաւաքը, որ պիտի կայանայ 22-էն 26 մարտ 2019-ին, ունեցաւ իր ծրագիրի արձակման մամլոյ ասուլիսը: Սոյն ձեռնարկին Արեւելեան ուղղափառ ոչ Քաղկեդոնական եկեղեցիներուն անունով խօսք առաւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեան:
Նշենք, որ Թեզէի երիտասարդական միջազգային հաւաքը կը կազմակերպուի Թեզէի միաբանութեան կողմէ, իսկ Լիբանանի մէջ հաւաքը կ՛իրականանայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Լիբանանի եկեղեցիներուն հետ գործակցաբար: Այս ծիրին մէջ հաւաքներ տեղի պիտի ունենան Անթիլիասի մայրավանքին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ:
 

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2019, 08:07