Որոնել

Ս. Պատարագ` Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի ծննդեան 100-ամեակի առիթով Ս. Պատարագ` Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի ծննդեան 100-ամեակի առիթով 

Յիշատակի Ս. Պատարագ` Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի ծննդեան 100-ամեակի առիթով:

Հայր Սահակ եղած է մարդ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Աստուծոյ եւ ազգին: Մարդ մը, որուն կեանքի օրինակը եղած է հրաւէր մը զինք ճանչցողներուն, հրաւէր ծառայելու, նուիրուելու, բարի գործ մը կատարելու:

Բարձր հովանաւորութեամբ Կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին սաներու եւ արիներու միութեան, տեղի ունեցաւ յիշատակի ս. պատարագ` նուիրուած հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ծննդեան 100-ամեակին:
Արդարեւ, շաբաթ, 9 մարտ 2019-ի յետմիջօրէին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի ամփիթատրոնին մէջ, ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւոր տիրոջ, բարձրաստիճան եկեղեցականներու, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, նախարարներու, պետական երեսփոխաններու, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, մամլոյ պատասխանատուներու, հայր Սահակ Քէշիշեանի աշակերտներուն եւ մեծ թիւով զինք սիրողներու, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան պատարագեց եւ հոգեհանգստեան պաշտօն գլխաւորեց ի յիշատակ հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանին:
Ան իր խօսքին մէջ մեծ դրուատիքով անդրադարձաւ հայր Սահակի կեանքին եւ գործին` շեշտելով, որ լուսահոգի վարդապետը կեանքէն ու կեանքի նոյնիսկ ամէնէն դաժան պայմաններէն գանգատելու ոչ մէկ պատճառ ու պատրուակ ցոյց տուած է: Ան եղած է մարդ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Աստուծոյ եւ ազգին: Մարդ մը, որուն կեանքի օրինակը եղած է հրաւէր մը զինք ճանչցողներուն, հրաւէր ծառայելու, նուիրուելու, բարի գործ մը կատարելու: Մարդ մը, որ իբրեւ սկաուտ եւ սկաուտական խոստումին հաւատարիմ` ապրած ու գործած է մինչեւ խոր ծերութիւն: Հայր Սահակ ամբողջական առումով իր մեծութիւնը շուքի մէջ պահել ջանացող մեծութիւն մը եղած է:
Եղած է խստակրօն ու խստամբեր պայմաններու տակ մեծասքանչ աշխատանք կատարող սրբակեաց մարդ մը: Իր խօսքին մէջ գերապայծառը շեշտեց, որ հայր Սահակ օժտուած է մարդկային անաղարտ բարեմասնութիւններով, հոգեւորականի սրբարար առաքինութիւններով, բայց մանաւանդ հայ մարդու բարձր արժանիքներով, ազգային հոգիով ու ոգիով:
Պատարագէն ետք հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ եւ մեծարեալին մասին վկայութիւններու արտասանութեամբ:
Այս բաժնին բացման խօսքը կազմակերպող միութեան կողմէ արտասանեց Նազարէթ Ապունայեան:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին սաներու եւ արիներու միութեան ատենապետ Քարլօ Աւագեան, որ արտայայտուեցաւ հայր Սահակին ունեցած ազդեցութեան մասին իր սաներուն վրայ: Ան նշեց, որ յիշատակումի նմանօրինակ ձեռնարկներ միեւնոյն ժամանակ տեղի պիտի ունենան աշխարհի 17 տարբեր քաղաքներու մէջ: Աւագեան նշեց իր գլխաւորած միութեան հիմնադրութեան նպատակները, որոնց շարքին են` կրթանպաստներ յատկացնել կարիքաւոր սաներու, ինչպէս նաեւ հայր Սահակի անուան թանգարան մը հիմնել եւ օրին յայտարարուելիք բազմաթիւ այլ ծրագիրներ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի արիներուն անունով խօսք առաւ սկաուտապետ Սինթիա Ժպրան, որ վեր առաւ հայր Սահակի` իբրեւ սկաուտի կենցաղն ու արժանիքները, ինչպէս նաեւ սկաուտներու հոգեւոր առաջնորդը ըլլալու կարեւոր հանգամանքը, որուն օրինակով թրծուեցան իրեն վստահուած արիները:
Անձնական վկայութիւններով հանդէս եկաւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, որ հաճելի, ժպիտ պատճառող հիւմըրներով լեցուն վկայութիւն մը տուաւ հայր Սահակի առօրեայէն, զուարճալի պատումներ, որոնք իր եւ իր սերնդակիցներուն յիշողութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն եւ աւելի կը շեշտեն հայր Սահակի համեստ ու պարզ մարդու նկարագիրը:
Նման հաճելի վկայութեամբ մը Յիսուսեան միաբանութեան եւ շրջանակին անունով հանդէս եկաւ հայր Սահակը ճանչցած եւ իրեն գործակից հայր Լուիս Պուեսոն:
Շնորհակալական եւ երախտագիտութեան խօսքով հանդէս եկաւ հայր Սահակի եղբօր թոռնիկը` Շանթ Քէշիշեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հանդիսութիւնը կազմակերպողներուն:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքին սրտի խօսքով աւարտեցաւ այս հանդիսութիւնը:
Աւարտին, բաժնուեցան հայր Սահակի յիշատակը յաւերժացնող յուշանուէրներ, եւ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ հանդիսութեան վայրի մուտքին իւրաքանչիւր ներկայի տրուեցաւ հայր Սահակի պատկերը կրող կրծքանշան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2019, 08:08