Ախթամարի կղզին Ախթամարի կղզին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Բացառիկի՛ն, Ո՛չ Կատարեալին

«Կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր Երկնաւոր Հայրը կատարեալ է»

Ամէն մարդ կատարեալին կը ձգտի: Քրիստոնէական արմատներ ունի այն խրատը, որ Քրիստոսի իսկ բերնով կ՛ըսէ. «Կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր Երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.48): Քրիստոսի տուած պատուէրը մարդը սրբացնելու եւ աստուածատիպ պատկերին վերադարձնելու միտումը ունի:

Այստեղ մեր ներկայացնելիք նիւթը աստուածաբանական խորք չունի, ո՛չ ալ Նոր Կտակարանեան մտածողութեան մեկնաբանութիւնը կատարելու յաւակնութիւն: Այսօր այնքան բազմացած են կամայական մեկնաբանութիւնները, որ Աստուծոյ Խօսքը սկսած են հեռացնելու իր բուն ակունքներէն, ու տանելու իրե՛նց փափաքած ուղղութեամբ, քմահաճ ու շատ անհատական բացատրութիւններ փակցնելով անոր իւրաքանչիւր տողին:

Ուրեմն, հեռու մեկնաբանական մօտեցումներէ, եւ նոյնիսկ առանց մօտենալու Քրիստոսի փոխանցած պատուէրին, որ իր փրկագործական առաքելութեան իրագործման մէջ, ունի իր աստուածաբանական իւրայատուկ խորքը, մենք պիտի ջանանք մարդու ընկերային կեանքին մէջ գծել այնպիսի ուղղութիւն, ուրկէ ընթանալով, իր կեանքէն գոհ մնայ ինք, գոհ պահելով նաեւ իր շրջապատին մէջ գտնուողները:

Սկսելով անհատական մակարդակէն, պիտի անցնինք գործի ասպարէզ ու ընկերային՝ հաւաքական կեանք:
Առաջին մակարդակին վրայ, երբ մարդ ինքն իր հետ առանձին է, կամ առաւել եւս՝ կեանքը հայելիի մէջէն կը դիտէ, այնպէս ինչպէս հայելիի առջեւ կեցած պիտի նայէր իր պատկերին: Հոն ամէն ինչ յստակ կը դառնայ իրեն համար. ամէն ինչ որ իրեն կը վերաբերի անձնապէս, քննարկելի է իր կողմէ առանձնապէս: Հոն մարդ պէտք է անկեղծ ըլլայ ինքն իր անձին հետ: Այլապէս ճիշդ ու արդար արդիւնքի չի՛ հասնիր:

Այս առաջին մակարդակի վրայ կատարուած ներքին զրոյցը, ներքին անձին՝ ես-ին հետ, երկար-բարակ քննադատութիւններէ ետք, պէտք է բաւարարուածութեան զգացումով աւարտի: Այլապէս հոգեկան բարդութիւններու եւ հոգեբանական խնդիրներու դուռ կրնայ բանալ: Օրինակ՝ իր արտաքին գեղեցկութեամբ շատ մտահոգ աղջիկը, որ օրական դրութեամբ հայելիին դիմաց կեցած դէմքին վրայ յառաջացող կնճիռները շատ լրջութեամբ քննարկումի կ՛ենթարկէ, կրնայ մօտ ապագային ծերացումի ախտով բռնուիլ եւ հոգեկան դժուար կացութիւններ ստեղծել իրեն համար. այս մակարդակին համար ներքին համոզումը զօրացնելու սեփական փորձեր կը թելադրուին հոգեբոյժներու կողմէ, ըստ որոնց, ենթական պէտք է բաւարարուածութենէ աւելի, ձգտի իր անձը տեսնել բացառիկ վիճակի մէջ: Ահա հոս է որ կատարեալէն նուազ իրավիճակ պարզող «բացառիկ»ը, մխիթարական կը դառնայ տուեալ անձին, եւ համարձակ մուտք կը շնորհէ անոր ընկերութեան կեանքին մէջ: Չափազանցումը, բնականաբար, իր ժխտական արդիւնքը կ՛ունենայ այս պարագային:

Երկրորդ մակարդակը գործի ասպարէզն է, որուն հաղորդ կը դառնայ նաեւ շրջապատը: Արհեստաւորը իր արհեստով իր անձը կը ներկայացնէ: Արուեստագէտը՝ իր արուեստով, գրագէտը՝ իր գրչով, եւ այսպէս շարունակաբար: Այստեղ քննադատութիւնը անհատական մակարդակէն կը փոխադրուի հաւաքական բեմ, ուր մէկուն արհեստէն կրնան գոհ կամ դժգոհ մնալ մարդիկ, կամ՝ միւսին արուեստի գործէն կը տպաւորուին, կամ՝ ո՛չ, եւ երրորդ պարագային՝ կրնան մէկուն գրածը հաւնիլ կամ չհաւնիլ:
Այս երկրորդ մակարդակին վրայ, պէտք է քննադատուելու վախը ամբողջութեամբ փարատել, դարձեալ չափաւորութեան մէջ մեր կատարած գործը դիտելով իբրեւ մե՛ր կարողութեան համաձայն՝ բացառիկ աշխատանք:

Երրորդ մակարդակը՝ հաւաքական կեանքն է, իր ընտանեկան, համայնքային թէ ազգային ու ժողովրդական տեսակներով: Ամէնէն նեղ ընկերային շրջանակէն սկսեալ մինչեւ ամբողջ ժողովուրդի մը լայն զանգուածները, ամէն գործ քննադատելի է, իր դրական ու ժխտական առումով: Այստեղ նաեւ քննադատութեան նիւթ կը մատակարարեն հանրային կերպարներ՝ զանազան մակարդակներու ղեկավարներ, որոնց անձն ու գործունէութիւնը միշտ կրնան թիրախ դառնալ քննադատութիւններու:
Ժողովուրդ մը բնա՛ւ պէտք չէ յուսահատի իր յառաջընթացին մէջ, իսկ ղեկավարութիւնը միշտ պէտք է ջանայ բարձր պահել իր ազգի զաւակներուն մէջ՝ ուրիշներէ տարբեր, ու մանաւանդ բացառիկ ազգ ու ժողովուրդ ըլլալու զգացումները:

Յատկապէս մեր ազգի պարագան այդպէս չէ՞ եղած պատմութեան ընթացքին: Հակառակ Էվերեսթի անառարկելի բարձրագոյն գագաթը ըլլալուն այս երկրագունդի վրայ, մեզի համար ամէնէն բարձր լեռը ու սրբազան կատարը Արարատն է։

Հաւաքական կեանքի մակարդակին վրայ, որ երրորդ մակարդակն է այս յօդուածին մէջ ներկայացուածներուն, գոյութիւն ունի ներքին եւ արտաքին քննադատութիւն: Ներքինը՝ ներազգային զրոյցներն են, որոնք եթէ առողջ ու շինիչ չըլլան, «տուն կը քանդեն», ինչպէս կ՛ըսէ ժողովուրդը ի՛նք: Իսկ միւսը՝ արտաքին, այսինքն այլ ժողովուրդներու կողմէ կատարուած քննադատութիւնն է, որ երբեմն կ՛ունենայ շինիչ բնոյթ, հակառակ ժխտական քննադատութիւն ըլլալուն: Որովհետեւ իբրեւ ազգ, հասարակաց թշնամիին դէմ միասնական ներկայանալու դաստիարակութիւն ստացած ենք: Ազգեր իրենց պատմութիւնը ունին իբրեւ գլխաւոր դաստիարակ: Պատմութիւնը կը սորվեցնէ դասեր քաղել անցեալէն: Ուստի, արտաքին այդ քննադատութեան եւ երբեմն նախատինքներուն դէմ, մի՛շտ պէտք է բացառիկ տեսնենք մենք մեզ, որովհետեւ հոս եւս չենք կրնար մենք մեզ կատարեալ տեսնել ու յայտարարել:
Ուրեմն, բացառիկի՛ն ձգտինք եւ ո՛չ կատարեալին, եւ ջանանք բացառի՛կ գործեր իրականացնել եւ ո՛չ թէ անկարելի կատարելութիւններ կերտել մեր անհատական, աշխատանքային թէ հաւաքական կեանքէն ներս: Նախ, մենք մեզի խաբած չըլլալու համար, ու երկրորդ՝ մեզի պարգեւուած կեանքը իրապաշտօրէն ու լիարժէք ապրելու համար:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2019, 08:27