Որոնել

Յիսուս առաքեալներուն հետ Յիսուս առաքեալներուն հետ 

Արհիապատիւ Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը«Բարի Առաքելութիւն»:

Տէ՛ր, չեմ կրնար սիրել ինչպէս որ դուն կը սիրես։ Ուրեմն, ինձ օգնութեան հասի՛ր, ինձ սիրէ՛, ինձ ներէ՛, ո՛վ Տէր։

«Կ՛ըսեմ ձեզի, եթէ ձեր արդարութիւնը չգերազանցէ դպիրներունն ու փարիսեցիներունը՝ պիտի չմտնէք երկինքի Արքայութեան մէջ։ Գիտէք որ ըսուած էր հիներուն․ Մի՛ սպաններ եւ մարդասպանը պատասխանատու է դատարանին առջեւ։ Ես կ՛ըսեմ ձեզի․ ով որ իր եղբօր բարկանայ, պարտաւոր պիտի ւլլայ դատաստանի․ եթէ յիմար կոչէ զինք, պիտի կանչուի Ատեան, իսկ ով որ «ուրացող» ըսէ, արժանի պիտի ւլլայ գեհենի կրակին»։ (Մատթ․ 5․ 20-22)
Ուրեմն, երբ քու ընծադ Սուրբ Խորանին պիտի ընծայես, այո՛, այդտե՛ղ, կը յիշես եղբայրդ, որ քու դեմդ բան մը ունի, թո՛ղ քու ընծադ, այդտե՛ղ, Սուրբ Խորանին առջեւ, նախ գնա՛ եւ եղբօրդ հետ հաշտուի՛ր, եւ յետոյ եկուր զոհդ մատուցէ։ Հակառակորդիդ հետ արագ հաշտուի՛ր, երբ տակաւին անոր հետ նոյն ճամբուն մէջն ես, որպէսզի զգուշանաս, որ հակառակորդդ քեզի դատաւորին յանձնէ, դատաւորն ալ՝ պահապանին՝ որպէսզի գեզի չբանտարկեն։ Ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի, պիտի չ՛ելլես այդտեղէն մինչեւ որ վերջին ստակը չվճառես»։

Տէ՛ր, չեմ կրնար սիրել ինչպէս որ դուն կը սիրես։ Ուրեմն, ինձ օգնութեան հասի՛ր, ինձ սիրէ՛, ինձ ներէ՛, ո՛վ Տէր։
Կ՛ուզեմ իմզինքս դնել անոնց հետ, որոնք ինձ վիրաւորեցին, ներուելու, ստանալու եւ տալու։
Սուրբ Օգոստինոս, այս հատուածը հետեւեալ ձեւով կը մեկնաբանէ․ «Սոյն հատուածը զորս կարդացինք Սուրբ Աւետարանին մէջ, մեզ սառեցնելով կը սարսափեցնէ եթէ հաւատք ունինք, ուստի՝ պէտք չէ մեզ սասանեցնէ։ Անոնք որոնք չեն վախնար, կ՛ուզեն կեղծ ապահովութեան մէջ ապրիլ(․․․)» (Քարոզ 60)։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Սուրբ Օգոստինոսը Յիսուսի պատգամէն միջոցներ ձեռք կ՛առնէ։ Ո՞վ իր եղբօր հանդէպ խորապէս չէ զայրացած։ Ո՞վ երբեք չէ խուսափած նախատինքէն կամ վաղահաս դատաստան մը՝ հակառակ իր դրացիին։ Այս հատուածին մասին խորհրդածելու համար, եկէք Քրիստոսի այս խօսքերով զգուշանանք եւ սաղմոսողին հետ ըսենք․ «Եթէ սխալները կը յիշես, ո՜վ Տէր, ո՞վ պիտի ապրի։ Բայց Քու քովդ է ներումը որպէսզի մարդը Քեզմէ երկնչի» (Սաղմոս 130․ 3-4)։

Յիսուս, այս հատուածին մէջ, վատին չնայիր, որ՝ ուրիշներէն կուգայ, հապա ինչպէ՞ս վատին դիմադրել, զորս մեզի կը հանդիպի։ Եթէ զայրացած ենք կամ եղբայր մը կ՛անարգենք, պատճառ մը կայ։ Քրիստոս այս պատճառներու մէջ չի մտներ, ճիշդ կամ անճիշդ։ Ան, նաք կ՛ուզէ մեր անձնական իրավիճակը յարգել։
Ուրեմն կրնանք մեր շարժումները ուսումնասիրել։ Ինչպէ՞ս կը նայինք անիրաւութիւններուն, զորս մեզի շրջապատած են։ Կարո՞ղ ենք զանազանել վիրաւորելի կացութիւնները, որ ուրիշները մեզի պատճառեցին, ե՛ւ զայրոյթը, կամ ատելութիւնը, որ մենք ընտրեցինք։ «Քրիստոս իր կեանքը քեզի համար տուաւ եւ դուն կը շարունակես անոր ատել, որ քեզ նման ծառայ է» կը նշէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան։ «Քու Տէրդ չվարանեցաւ քեզի համար չարչարանքներ կրելու եւ դուն կը մերժես նոյնիսկ զայրոյթէդ հրաժարիլ։ Քեզի ի՞նչ կւ պատահի։ Ըսէ ինծի։ Եթէ ոմն ինձ վատօրէն նախատեց, ըսէ, ան անգամներ իմ հանդէպ անարդար էր, ինձ մահ սպառնաց։ Լաւ ուրեմն․ ի՞նչ է այս։ Ան տակաւին քեզի չխախեց ինչպէս հրեաները Տիրոջ խաչեցին»։
Ի դէմս զայրոյթին, իրաւացի կամ սաստկացումներու, Յիսուս կ՛ըսէ․ «Նախ գնա՛ եղբօրդ հետ հաշտուիր»։ Հաշտուիլ ըսել կ՛ուզէ՝ երեսին նայիլ։ Դիւրին չէ ներել։ Դիւրին չէ զայրոյթէն ազատուիլ։ Բայց, երբ Քրիստոսի զօրութեամբ եւ շնորքով կը մեծնանք, կրնանք անոր երեսին նայիլ, զորս մեզի վնաս հասցուցած է եւ այստեղ երկու կարեւոր կէտէր կան․ նախ եւ առաջ ան մեզ նման մարդ է։ Գէշ բան մը ըրած է, զորս մենք ալ կրնանք սխալ մը գործել՝ այլ իրավիճակի մէջ գտնուելով։ Եւ մենք ալ տեսնելով որ սխալ է, այն սխալը զորս ընտրեց՝ զինք կը քայքայէ։ Առանց կեղծ անմեղութեան, առանց չարիքէն թաքնուելու եւ առանց անոր ազդեցութիւնը մեր վրայ ըլլալու, կարող եմ իմ հարեւանին երեսին նայիլ։
Ի խորոց սրտի Քեզ կը կանչեմ, Տէր,
Տէր, լսէ՛ իմ կանչիս։ Եթէ անօրէնութիւնները յիշես, Տէր, Տէր, ո՞վ պիտի գոյատեւէ։ Բայց ներումը քովդ է որպէսզի մարդը երկնչի։

Իմ ամբողջ էութեամբս Տիրոջ կը սպասեմ, կը սպասեմ, եւ Իր Խօսքին կը սպասեմ։
Այո՛, Տիրոջ մօտն է սէրը, Իր մօտն է յորդառատ փրկութիւնը։
Ան պիտի փրկէ Իսրայէլը իր բոլոր անօրէնութիւններէն։
Խոնարհութեամբ Տիրոջմէ խնդրեցէք շնորհքն Իր ներոոմին, ինձ համար, եւ եղբօր մը կամ քրոջ մը՝ զորս ինձ՝ վիրաւորեց։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2019, 08:58