Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

«Յիսուս մեր կեանքին մէջ» Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը

Տէ՛ր, կը հաւատամ, որ Դուն ես Տէրը։ Բայց հաւատքս տկար է։ Տո՛ւր ինծի հաւատք։ Օգնէ՛ ինծի որպէսզի հաւատքի աչքով տեսնեմ։

«Յիսուս մեկնեցաւ անկէ եւ գնաց իր հայրենիքը եւ աշակերտները կը հետեւէին իրեն։ Շաբաթ օրը կը սորվեցնէր ժողովարանին մէջ։ Բազմաթիւ ունկնդիրներ զարմացած կը հարցնէին․ «Ուրկէ՞ առեր է այս ամէնը, ի՞նչ է այս իմաստութիւնը որ տրուած է իրեն եւ մեծ հրաշքները՝ որ կը կատարուին իր ձեռքով։ Ասիկա հիւսնը չէ՞, Մարիամի որդին եւ եղբայրը՝ Յակոբի, Յովսէփի, Յուդայի եւ Սիմոնի։ Եւ իր քոյրերը հոս մեր մէջ չե՞ն բնակիր»։ Ամէնքն ալ կը գայթակղէին Յիսուսի պատճառով։ Յիսուս ըսաւ անոնց․ «Մարգարէն անարգուած է միայն իր հայրենիքին, իր գերդաստանին եւ իր տունին մէջ»։ Եւ չկրցաւ այնտեղ հրաշքներ ընել, բուժեց միայն մէկ քանի հիւանդներ՝ անոնց վրայ ձեռք դնելով։ Զարմացաւ անոնց անհաւատութեան վրայ։ Կը շրջէր մերձակայ գիւղերը եւ կը սորվեցնէր։ (Մարկ․ 6․ 1-6)
Տէ՛ր, կը հաւատամ, որ Դուն ես Տէրը։ Բայց հաւատքս տկար է։ Տո՛ւր ինծի հաւատք։ Օգնէ՛ ինծի որպէսզի հաւատքի աչքով տեսնեմ։ Ուրեմն կը կարողանամ գիտնալ թէ իսկապէս ով ես Դո՛ւն։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Կը տեսնենք այստեղ՝ որ Յիսուս Նազարէթի շրջանը կը վերադառնայ, ուր՝ իր կեանքի մեծ մասը անցուցած է։ Ան վայրը լաւ գիտէր եւ այդտեղի ամբողջ բնակիչները, Ինքն ալ՝ իրենցմէ ճանչցուած էր։ Ուրեմն, բնականօրէն մարդիկ Յիսուսը տեսնելով՝ պիտի ուրախ ըլլային, գործած հրաշքներուն համար՝ Զինք շնորհաւորելու, Իր ուսուցումներուն համար, ինչպէս նաեւ՝ պիտի ուրախ ըլլային Իրեն հետ քիչ մը ժամանակ անցնելու։ Սակայն ասիկա չէ որ պատահեցաւ։ Ընդհակառակը, Աւետարանը կ՛ըսէ, որ անոնք վշտացան, ճիշդ այն պահուն երբ Յիսուս հետեւեալ նախադասութիւնը կ՛ըսէ․ «Մարգարէն իր երկրին մէջ չի յարգուիր»։ Իսկապէս, Յիսուսի անձնաւորութիւնը սովորականէն դուրս էր։ Ան անոնց մէջ իր տեղը չի գտներ եւ անոնց անհասկացողութիւնը մեռժումի կը վեռածուի։

Նազարէթի բնակիչները Յիսուսին հետ շատ ժամանակ անցուցած էին։ Բայց, Ան երբ իր առաքելութեան կը սկսի, անոնք չեն հասկնար։Այս վտանգ է, որ քրիստոնեանները, որոնք բախտն ունեցան զՅիսուս ճանչնալու իրենց փոքր ժամանակէն, կրնան հանդիպիլ։ Մենք, եթէ զգոյշ ըլլանք, կարող ենք:

Յիսուսին վարժուիլ, Անոր մեր կեանքին բաժին դարձնել, յոյս ունենալով, որ Ան չի շարժուիր այնտեղէն, ուրտեղէն մենք Զինք թողուցինք։ Ուրեմն, մենք կը կարծենք որ հաւատք ունինք։ Բայց արդեօ՞ք ունինք։ Այն օրը, ուր Յիսուս մեզի յատուկ պիտի հարցնէ, այն օրը մեր առջեւ դժուար ընտրութիւն մը պիտի դրուի, ուր՝ մեր հաւանութիւնն Աւետարանին համար մեծ դեր ունի, արդեօ՞ք իսկապէս հաւատք ունինք։ Չի բաւեր հաւատալ, որ Աստուած գոյ է, հաւատք ունենալու համար։ Պէտք է որ Յիսուս կարող ըլլայ ամէն վայրկեան գալու մեր կեանքին մէջ եւ մենք պատրաստ ըլլանք Իրեն հետեւելու։
Երբ մենք մեր շուրջը եղողներուն առջեւ մեր հաոատքը կը վկայենք, այն մարդոց հետ, որոնք լաւ կը ճանչնանք, կրնայ պատահիլ որ մարդիկ մեզ չհասկնան, եւ կը տեսնենք, որ մենք նոյնիսկ մերժուած ենք։ Բայց պէտք չէ յուսահատիլ, Յիսուս նոյն դրութենէն անցաւ։ Պէտք չե ջղայնանալ, ոչ մէկը դատապարտել։ Համբերութիւն ունենալ։ Որովհետեւ ան որ հաւատք ունի, աղօթքն ու համբերութիւնը կրնան հրաշքներ կատարել։

Տէ՛ր, Քեզ երկար ժամանակէ կը ճանչնամ, եւ թերեւս ես Քեզի չափազանց վարժուած եմ։ Եկո՛ւր իմ կեանքիս մէջ, Տէ՛ր, իմ ամբողջ կեանքիս մէջ։ Որպէսզի Քեզ անկիւն մը ձգելով չմոռնամ։ Տո՛ւր ինձ հաւատքը որպէսզի կարող ըլլամ հրաշքներ կատարել։
 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2019, 09:06