Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի Եկեղեցւոյ մէջ Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի Եկեղեցւոյ մէջ 

Հռոմի մէջ Վարդանանցի տօնակատարութիւն, Բուն Բարեկենդան եւ Օր Մոխրոց:

Եղիշէ պատմիչ. «Մեր քրիստոնէութիւնը զգեստ մը չէ որ փոխենք, այլ՝ մեր մորթին գոյնն է, որ կարելի չէ փոխել յաւիտեան»։

Կիրակի, 3 Մարտ 2019-ի առաւօտեան ժամը 11։00ին, Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Ռաֆայէլ արք. Մինասեան։ Բուն Բարեկենդանի առիթով ան իր հայրական յորդորը փոխանցեց հաւատացեալներուն, նկատելով թէ «Բուն Բարեկենդանը պատրաստութիւն մըն է վաղուայ սկսելիք քառասնօրեայ պահքի ու ծոմի, առիթ մըն է աւելի մօտէն ճանչնալու մենք զմեզ եւ յիշելով մեր մեղքերն ու յանցանքները, կարողանանք բաց ճակատով վերադառնալ Քրիստոսի: Հետեւաբար իրմէ խնդրելով ներողութիւնն ու ողորմութիւնը եւ իրեն հետ միասին շալկելով այդ խաչը, զոր ինքը կրեց իր կեանքի ընթացքին, նպաստած կ'ըլլանք երկնքի մէջ արժանանալիք երջանկութեան։ Մեր զղջացեալ մեղաւորի կերպարէն մեկնելով, ընթանանք Քրիստոսի հետ միասին»: Ան իր քարոզին մէջ շեշտեց հայուն՝ քրիստոնէութեան դաւանանքի ամուր կառչելու պատմական հետեւողականութիւնը ըսելով. «Որպէս հայ ժողովուրդ, մեր քրիստոնէական կեանքը դարեր շարունակ գնուած է մեր նախահայրերու արիւնով. ոչ միայն եղեռնով, այլ՝ ի վերուստ, Վարդանանցէն սկսեալ մինչեւ օրս կը շարունակենք արիւնով վճարել մեր քրիստոնէական ինքնութեան պահպանումը:» Պատարագի աւարտին մոխիրի օրնութիւնը տեղի ունեցաւ ապա հաւատացելներու գլուխներուն վրայ ցանուելով յիշեցուց թէ մարդը հող էր եւ հող ալ պիտի դառնայ: Հոգեպարար Արարողութեան ներկայ էին՝ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ թեմի վաստակաւոր առաջնորդ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վսեմաշուք Տիար Կարեն Նազարեան, օրուան բանախօս Գեր. Ներսէս վրդ. Սաքայեան, Գերապատիւ հայրեր, Հռոմի Անարատ Յղութեան միաբանութեան Առաքինազարդ հայ Քոյրեր, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի ներկայացուցիչներ, Բշհ. Տէր Յովիկ սրկ. Պօղոսեան եւ հռոմաբնակ հայ եւ օտար հաւատացեալներ:
Ս. Արարողութիւններէն ետք, աւագ խորանի վարագոյրները փակուեցան եւ եղբ. Յակոբ Կրպոյեանի բացման խօսքով սկիզբ առաւ Վարդանանց ճակատամարտի տօնակատարութիւնը: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլոր ներկաներուն, խրախուսեց զանոնք միասնաբար նշելու այս փառապանծ յիշատակը՝ «Եկէ՛ք ուրախութեան հոգիով, կատարենք այս տօնը, իբր տօն յաղթանակի եւ ազգային ինքնութեան ամուր գիտակցութեան» ըսաւ ան: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Մարինէ Գրիգորեան մենակատարեց Ղեւոնդ Ալիշանի «Պլպուլն Աւարայրի» եւ «Բամ Փորոտան» երգերը դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Աննա Մանուկեանի. Մարիա Մարտիրոսեան ջութակի վրայ եւ Սոնա Յակոբեան դաշնամուրի վրայ նուագեցին Կոմիտասի «Հով Արեք»ը. եղբ. Հայկ Շահինեան ասմունքեց Աշուղ Ջիւանիի «Աւարայրի Դաշտ»ը. Սոնա Յակոբեան սրինգի վրայ նուագեց Ս. Գրիգոր Նարեակացիի «Հաւուն Հաւուն» շարականը. Անի Մնացականեան մենակատարեց Ռաֆայէլ Պատկանեանի «Լռեց»ը դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Սոնա Յակոբեանի. Քոյր Մարիամ Յարութիւնեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»ը. ապա վարժարանի ժառանգաւորները քառաձայն երգեցին Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Նորահրաշ» շարականն ու Սիմոն Ֆէլէկեանի «Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան»ը։
Օրուան բանախօսն էր գեր. Ներսէս վրդ. Սաքայեան. ան կրկնելով Եղիշէ պատմիչի խօսքը. «Մեր քրիստոնէութիւնը զգեստ մը չէ որ փոխենք, այլ՝ մեր մորթին գոյնն է, որ կարելի չէ փոխել յաւիտեան»։ Ան յուզմունքով աւելցուց, արցունքը համարեա իր դէմքը ծածկած՝ «Այդ ուխտին եւ հայ ազգային ինքնութեան հաւատարիմ՝ ունեցանք Վաչէեանները, Վարդանանք եւ Ղեւոնդեանք, մինչեւ 1915, մինչեւ Սումկայիթ, մինչեւ մեր օրերը՝ Ապրիլեան պատերազմի մեր հայ հերոսները, այդ հերոսները որոնք կը պաշտպանեն մեր սահմանները: Եւ ահա պատերազմներու շարք մըն էր, եւ Աւարայրը մէկ ճակատամարտ այդ երկար շարքին մէջ: Ճակատամարտը կատարուեցաւ քաղաքական շատ բարդ պայմաներու մէջ: Դիւրին է այսօր քննադատել այդ ժամանակը. ծանօթ է թէ, հայ ժողովուրդը ինչպէս այդ օրերուն պարսկական եւ յունական քաղաքականութեան միջեւ մնացած էր։ Մեզի համար կարեւոր է կենդրոնանալ Վարդանանց թողած պատգամին՝ ինքնութեան գիտակցութիւն եւ միասնութիւն»:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, ան բարձր գնահատեց օրուայ հանդիսութեան կազմակերպիչ խորհուրդն ու մասնակիցները, իսկ Արհի. Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը: Ապա կոկիկ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ Վարժարանին մէջ:

Հայկ Շահինեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2019, 09:52