Որոնել

Աղօթք Աղօթք 

Մեծ պահքը դիմակալենք՝ Խոնարհութեան «աղ»-ով. Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։

«Աղ ունեցէ'ք դուք ձեր մէջ եւ իրարու հետ խաղ աղութեամբ ապրեցէ'ք» (Մարկոս 9, 50):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Աղ ունեցէ'ք դուք ձեր մէջ եւ իրարու հետ խաղ աղութեամբ ապրեցէ'ք» (Մարկոս 9, 50):

Աղը ո'չ միայն կը համեմէ ու նեխութենէն կը պահպանէ մեր կերակրատեսակները, ո'չ միայն կը հալեցնէ ձմրան եղանակին ճամբաներուն վրայ կուտակուած ձիւնը, այլեւ՝ դարմանող յատկութիւն ունենալով՝ ֆիզիքական բազմաթիւ մաքրազտումներու կը ծառայէ: Օրինակի համար, բուժական մարձումի պարագային, ստէպ աղախառն հիւթերով կը շփեն խնամուող անձին մարմինը՝ անոր գոցուած ծակտիքները բանալու եւ վնասուած մորթը դարմանելու համար:

Այժմ, վերլուծենք «աղ»-ի պատկերով՝ Յիսուսի ջամբած ուսուցումը: Երբ Աստուածային Վարդապետը գիտցաւ, որ իր աշակերտները «Իրարու հետ կը վիճաբանէին, թէ ո՜վ է մեծը՝» պատգամեց. «Եթէ մէկը կ'ուզէ առաջին ըլլալ՝ թող բոլորին վերջինը եւ բոլորին ծառայողը ըլլայ» (Մարկոս 9, 34-35): Ան ըսել ուզեց, որ մատուցուող խոնարհ եւ անշահախնդիր ծառայութիւնը՝ ճշմարիտ մեծութեան առաջնորդող ուղին է: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ, բուժիչ աղի նման, եղբայրասէր ծառայութիւնը մեզմէ կը վանէ անձնասիրութիւնը, ինքնահաւանութիւնն ու սնապարծութիւնը, եւ կը բանայ հպարտութեամբ ու մեղքով՝ շնորհքին հանդէպ խցուած մեր հոգին:

Աւելի քան ուրիշ ոեւէ միջոց, խոնարհութիւնը կրնայ մաքրազտել մեզ ամէն տեսակ մոլութենէ եւ այլազան աղտերէ, որոնք կ'ապականեն ու կը նուաստացնեն՝ Մկրտութեան խորհուրդով մեր ստացած սրբարար շնորհքը: Եզրերու հակասութեամբ՝ խոնարհութեան առաքինութիւնը մեզ կը բարձրացնէ եւ ի լոյս կը բերէ մեր իրական գեղեցկութիւնը իբրեւ Աստուծոյ որդիներ:

Պատեհութիւնները չեն պակսիր ուրիշներուն մանր ծառայութիւններ մատուցանելու: Թէեւ Աստուծոյ ծառայելու հերոսական առիթները ցանցառ են, սակայն աննշան ու չնչին նկատուած առիթները միշտ առկայ են մեր առօրեայ կեանքին մէջ. օրինակի համար. «Ազնուութիւն ցուցաբերել՝ բարկացոտ ամուսինին նկատմամբ, համբերութիւն՝ մեզ անհանգստացնող շատախօսին հանդէպ, քաջալերական խօսք՝ հիւանդ գործընկերոջ ուղղուած, եւ վշտակցութիւն՝ սգաւորներուն հետ... Կարելի է նաեւ աւելցնել ուրիշ շատ պարզ օրինակներ. տունին մէջ՝ ճաշի սեղանը պատրաստելը, զաւակները դպրոց տանիլը եւ դպրոցէն բերելը, հիւրին սուրճ հրամցնելը...այս տափակ թուացող բոլոր մանր արարքները կրնան մեզի օգնել «մեր մէջ աղ ունենալու», այլ խօսքով՝ շնորհք ամբարելու եւ խաղաղութիւն յառաջացնելու մեր շուրջ գտնուող  անձերուն հետ, անսալով Յիսուսի խօսքին. «Աղ ունեցէ'ք դուք ձեր մէջ եւ իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրեցէ'ք» (Մարկոս 9, 50):

Առ այդ, Սուրբ Հոգիէն խնդրենք, որ, ամէն օր, մեր քայլերը առաջնորդէ որպէսզի մեզի ներկայացող առիթներէն օգտուելով՝ չվարանինք, մեր հնարաւորութեան չափով, ծառայելու Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ, Հայրենիքին, մեզ հիւրընկալող երկրին, ընտանիքին, ընկերութեան, համայնքին եւ ամէն կարիքաւոր անհատին: Սոյն ծառայութիւններու շնորհիւ, մեր արատաւորուած հոգին բոլորովին կը մաքրուի, մեր սառցապատ անտարբերութիւնը կտրականապէս կը հատուի, մեր տկարացած հաւատքը անխաթար կը զօրանայ եւ մեր ընդունած երկնատուր շնորհքը՝ անխափան կ'աճի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2019, 07:58