Որոնել

Լեհ եպիսկոպոսներ Լեհ եպիսկոպոսներ 

Լեհաստանի Եպիսկոպոսներուն 382րդ ընդհանուր հաւաքը՝ Համահաւաք դասի 100րդ տարեդարձին առթիւ։

Շօշափուելիք նիւթերու շարքին են անչափահասներու պաշտպանութիւնը ու երիտասարդներուն ի նպաստ հովուական խնամակալութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 - 14 մարտ 2019-ին Լեհաստանի Վաշավիա քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Լեհաստանի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի 382րդ ընդհանուր հաւաքը, Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին ու Լեհաստանի առաքելական նուիրակութեան ստեղծումի 100րդ տարեդարձին առիթով։

Շօշափուելիք նիւթերու շարքին են անչափահասներու պաշտպանութիւնը ու երիտասարդներուն ի նպաստ հովուական խնամակալութիւնը։

Հաւաքին կը մասնակցին նաեւ արտերկրէն եկած հիւրեր որոնց շարքին՝ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ 13 Մարտի յետմիջօրէի 05.30-ին, Վարշավիայի Աստուածային Նախախնամութիւն անուամբ տաճարին մէջ պիտի նախագահէ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրութեան վեցերորդ տարեդարձին նուիրուած սուրբ պատարագին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2019, 08:32