Որոնել

Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները այցելեցին Մեսրոպեան վարժարանը

Քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին, դպրեվանքի առաքելութեան եւ աւանդութեան մաս կը կազմէ լիբանանահայ զանազան վարժարաններու եւ հաստատութիւններու այցելութիւնները:

Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Ա. եւ Բ. ընծայարանի սաները, գլխաւորութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի, ժամանեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան: Քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին, դպրեվանքի առաքելութեան եւ աւանդութեան մաս կը կազմէ լիբանանահայ զանազան վարժարաններու եւ հաստատութիւններու այցելութիւնները, անոնց խօսելու պահեցողութեան խորհուրդին եւ դպրեվանքի առաքելութեան մասին:

Վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ դպրեվանեցիները հիւրընկալեց իր գրասենեակին մէջ, ուր անոնց ամփոփ ձեւով ներկայացուց Մեսրոպեանի առաքելութիւնն ու ծրագիրները: Ապա, տեղի ունեցան առանձին երկու հանդիպումներ` միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն հետ` “Ֆարաճեան” սրահին մէջ, ուր հիւրերուն կողմէ պատրաստուած յայտագիր մը ներկայացուեցաւ:

Բացման խօսքը կատարեց Տեմիս Այվազեան, որ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց դպրեվանքի առաքելութիւնը: Ապա, հերթաբար երգուեցան Արեւագալի հոգեշունչ շարականներէն պատառիկներ, որմէ ետք Բարշ. Աբրահամ Սրկ. Տէկիրմէնճեան խօսեցաւ պահքի եւ աղօթքի կարեւորութեան մասին: Բարշ. Նուպար Կիս. Փամփալեան ներկայացուց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համալիրը: Յայտագրի փակումը կատարեց Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան, որմէ ետք Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ՝ Արժանապատիւ Տ. Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան իր անհուն ուրախութիւնն ու սրտի խօսքը յայտնեց վարժարանի ուսանողներուն եւ դպրեվանեցիներուն: Պրն. Կրէկուար Գալուստ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց դպրեվանեցիներուն, որմէ ետք դպրեվանքին կողմէ յուշանուէր մը փոխանցուեցաւ պրն. տնօրէնին:

Աւարտին, բոլորը միասին Մեսրոպեանի շրջափակին կեդրոնը գտնուող Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողին դիմաց խմբանկար մը առնելով եզրափակեցին այս պատմական օրը:

Տեղեկատուական գրասենեակ

 Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2019, 08:40