Խաչեալ Յիսուսը Խաչեալ Յիսուսը 

«Երջանիկ Մեծ Պահք բոլորին» Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը:

Մեծ Պահքը մեզի պատեհութիւնը կ'ընծայէ խոկալու մեր երկնաւոր Հօր տածած սիրոյ մասին մեզի հանդէպ:

 Միթէ՞ կրնանք իրարու մաղթել «Երջանիկ Մեծ Պահք», ինչպէս որ իրարու կը մաղթենք «Երջանիկ Նոր Տարի» կամ «Բարի Տարեդարձ»:

Ընդհանրապէս, չենք մտածեր Մեծ Պահքի շրջանը նկատել իբրեւ ուրախ կամ երջանիկ ժամանակ, որովհետեւ Եկեղեցին մեզի կը թելադրէ Քառասնորդացը ապրելու զրկանքի, զոհողութեան եւ մահացուցումի հոգիով: Սակայն եւ այնպէս, պէտք է Զատիկը կանխող այս ժամանակամիջոցը սեպել բարեբաստիկ առիթ մը: Ի՞նչու: Որովհետեւ Մեծ Պահքը ծիսական ամենակարեւոր այն եղանակն է՝ երբ Աստուած մեզ կը հրաւիրէ Իրեն աւելի մօտենալու:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մենք ալ, պատասխանելու պարագային Աստուծոյ այս հրաւէրին, կը գիտնանք, թէ ո՜րքան օրհնուած ենք՝ զԻնք ունենալու իբրեւ անառիկ Բերդ եւ իբրեւ անվտանգ Ապաւէն:

Արդարեւ, Աստուծոյ կողմէ օրհնուած ըլլալն է իսկական երջանկութիւնը:

 Հետեւաբար, ըստ իս, կրնանք իրարու մաղթել երջանիկ Քառասնորդաց մը՝ առանց թերանալու մեր աւանդական արտայայտութիւններուն մէջ:

Մեծ Պահքը մեզի պատեհութիւնը կ'ընծայէ խոկալու մեր երկնաւոր Հօր տածած սիրոյ մասին մեզի հանդէպ: Մեր միտքը բերե'նք Աստուծոյ ըրած բոլոր բարիքները՝ աշխարհը ստեղծելէն ի վեր եւ պիտի տեսնենք զԻնք իբրեւ սիրազեղ ու բարեխնամող Հայր մը:

Ամէն անգամ, որ Աստուած անձ մը կը ստեղծէ, անոր վրայ եզակի դրոշմ մը կը դնէ:

Այս դրոշմը նման է Իր անձնական ստորագրութեան անոր ծննդեան վկայականին վրայ, ուր կը գրէ. «Դուն իմ որդիս ես»: Նոյնիսկ երբ պատուիրանազանցութեամբ մենք շեղինք Արարիչի ճանապարհէն, Ան այ'նքան բարի է, որ երբեք մեզմէ չի' հրաժարիր, մեզ չի' լքեր, եւ ոչ իսկ՝ մէկ րոպէ:

Սուրբ Գիրքէն կ'իմանանք, որ Իր յարմար նկատած ատենին, մեր բարի Հայրը «ա'յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3, 16): Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ իր անունը դնել այս նախադասութեան մէջ հետեւեալ կերպով. «Աստուած ա'յնքան սիրեց զիս, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի չկորսուիմ, այլ յաւիտենական կեանք ունենամ»: Երբ եկեղեցիին մէջ ուրիշի մը հանդիպինք, անոր անունն ալ կրնանք դնել նոյն նախադասութեան մէջ, ըսելով. «Աստուած ա'յնքան սիրեց այդ անձը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ատիկա չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ»:

Այո', Աստուծոյ աչքին կ'արժէ իր Միածին Որդին ղրկել մեզի եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին փրկութեան համար:

Այ'ս է, ահա', խորութիւնը Աստուծոյ անսահման սիրոյն՝ մեզի եւ աշխարհի հանդէպ:

Ի՞նչպէս փոխադարձենք Աստուծոյ այս սէրը: Սաղմոսերգուն կ'ըսէ. «Ես Տիրոջ ի՞նչ կրնամ հատուցանել, ինծի ըրած բոլոր բարիքներուն փոխարէն» (Սաղմոս թիւ 116, համար 12): Անկասկած ի վիճակի չենք լիուլի փոխադարձելու Աստուծոյ մեզի հանդէպ տածած իր անչափ ու անբաւ սէրը: Սակայն, կրնանք որոշ պարզ հրահանգներ կատարել:

Առաջին. Օրուան ընթացքին կրնանք սլաքական աղօթքներ արտասանել՝ մեր վրայ Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելու. «Տէր իմ եւ Աստուած իմ», « Յիսուսի իմ կը սիրեմ Քեզ ամէն բանէ եւ անձէ վեր»:

Երկրորդ. Խոստովանանքի Ս. Խորհուրդին դիմել՝ լսելու համար Անոր փրկարար խօսքերը զորս Ան ուղղած էր մեղաւոր կնոջ. «Գնա' եւ ուրիշ անգամ մի' մեղանչեր» (Յովհաննէս 8, 11):

Երրորդ. Սուրբ Հաղորդութեան մէջ զԻնք ընդունելով՝ Իրեն շնորհակալ ըլլանք, որ մեզի համար երկինքէն երկիր իջաւ մեզ փրկելու համար:

Մեր երկնաւոր Հայրը «գիտէ ինչպէս բարի պարգեւներ տալ իր զաւակներուն» (Մատթէոս 7, 11): Հետեւաբար, մենք մեզ տրամադրենք ա՛յդ պարգեւները ընդունելու, որպէսզի Քառասնորդական Մեծ Պահքը երջանիկ դառնայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2019, 08:11