Սուրբ Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած արդի մարտիրոսներու սրբանակրը Սուրբ Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած արդի մարտիրոսներու սրբանակրը 

Նահատակ Միսիոնարներու նուիրուած քայլարշաւ եւ աղօթքի հսկում։

Ձեռնարկը կը նախատեսէ թափօր, Սուրբ Վարդարանի աղօթք, Լիթանիա եւ աղօթքի հսկում

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 21 մարտ 2019-ի երեկոյեան, Հռոմի Թեմի կազմակերպութեամբ նախատեսուած է քայլարշաւ եւ աղօթքի հսկում, նուիրուած ժամանակակից նահատակ միսիոնարներու։ Նախաձեռնութիւնը որուն բնաբանն է «Սէր մինչեւ մարտիրոսութիւնը» սկիզբ կ՛առնէ Քոլլոսէումի Ամփիթատրոնի մօտ գտնուող Կոսդանդինեան կամարէն ու կ՛ընթանայ մինչեւ Սուրբ Բարթողոմէոսի պազիլիքա որուն խորաններէն երեքը նուիրուած են ժամանակակից մարտիրոսներուն,  ներառեալ Հայոց Ցեղասպանոիթեան զոհ նահատակներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Ձեռնարկը կը նախատեսէ թափօր, Սուրբ Վարդարանի աղօթք, Լիթանիա եւ աղօթքի հսկում որուն ընթացքին կը ցուցադրուի նաեւ Ալճերիոյ Թիպիրին քաղաքի ջարդին միակ վերապրող եղբայր Ժան Փիեր Շումախէրի վկայութիւնը, ու կը ներկայացուին  ժամանակակից մարտիրոսներու հարազատներուն վկայութիւններ։

Քայլարշաւ եւ աղօթքի հսկումին կը մասնակցին կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ աւետարանական եկեղեցիներու պատկան ներկայացուցիչներ ու տարբեր ցամաքամասերէն երիտասարդներ։

Եզրափակիչ մտածականի նիւթը կը ներկայացնէ Հռոմի Թեմին տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2019, 10:04