Որոնել

Լիբանանի Հարիսսայի Տիրամայրը Լիբանանի Հարիսսայի Տիրամայրը 

Լիբանանի մէջ Լատինածէս առաջին եկեղեցւոյ օծումը։

22էն 26 Մարտ Լիբանանի մէջ կը կազմակերպուի երիտասարդական համամիութենական միջազգային հաւաք մը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 18 Մարտ 2019-ին, Շամա շրջանին մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի խաղաղապահ զօրագունդի կեդրոնին մէջ օծումը պիտի կատարուի Կաթողիկէ առաջին Լատինածէս եկեղեցւոյ, ձեռամբ Իտալիոյ Զինուորական Մատրանապետ գերապայծառ Սանթօ Մարչանոյի։ Եկեղեցին պիտի Նուիրուի «Մարի Տէքոր Քարմելի եւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին» ։

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք թէ նոյն վայրին մէջ անցեալ 3 մարտին օրհնութիւնը կատարուեցաւ Ռոնքալլի Յովհաննէս ԻԳ Սուրբ Քահանայապետի արձանին։

Այս առթիւ յիշեցնենք որ յառաջիկայ 22էն 26  Մարտ Լիբանանի մէջ կը կազմակերպուի երիտասարդական համամիութենական միջազգային հաւաք մը համագործակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի եկեղեցիներուն, Թեզէի համամիութենական շարժումի ու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու Խորհուրդին։

Հաւաքին կը սպասուի 1600 երիտասարդներու մասնակցութիւնը, որոնք Լիբանան պիտի ժամանեն 40 երկիրներէ։ Անոնց մեծ մասը Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հասարկութիւններու ու համայնքներու պատկան երիտասարդներ են։

25 մարտին Աւետման տօնին օրը քրիստոնեայ  երիտասարդներուն  պիտի միանան նաեւ իսլամ երիտասարդներ, միասնաբար մասնակցելու Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած մէկ արարողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2019, 08:28