Որոնել

Սուրբ Գիրք Սուրբ Գիրք 

Ծիսական գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Քառասնորդաց (24-31 Մարտ 2019):

Կարելի չէ երկու տէրերու ծառայել, ամէն մարդ պարտի ընտրութիւն մը ընել. Կամ Աստուած, կամ Մամմոնան, այսինքն դրամը, նիւթը, այն ինչ որ մեզ կը կապէ մարմնաւոր աշխարհի։

Քառասնորդաց չորրորդ շաբաթը անհաւատարիմ տնտեսի նուիրուած շաբաթն է. Յիսուս բնաւ չէր խօսած այս ձեւով, քաջալերելով նմանելու անհաւատարիմ եւ կաշառակեր մէկու մը. Բայց իր քարոզութիւնը կը հասկնանք եթէ դիտենք իր նպատակը. Ան կ՛ուզէ որ իրեն հետեւող անձերը նոյնքան ճարպիկ գտնուին հոգեւոր կեանքի եւ բարիքներու ստացման մէջ, որքան աշխարհականները հոգ կը տանին մարմնաւոր շահերու նկատմամբ։ Մենք Յիսուսի խօսքերը կը վերլուծենք այս ուղղութեամբ։
Իսկ միեւնոյն առակի վերջաւորութեան, Յիսուս աւելի յստակ կերպով կը խօսի, առաջքը առնելու համար ամէն տեսակի շփոթութեան. Կարելի չէ երկու տէրերու ծառայել, ամէն մարդ պարտի ընտրութիւն մը ընել. Կամ Աստուած, կամ Մամմոնան, այսինքն դրամը, նիւթը, այն ինչ որ մեզ կը կապէ մարմնաւոր աշխարհի։
Սկզբունքի հարցի կը վերածուի մեր ամէն մէկ որոշումը. Որովհետեւ կեանքի ամէն մէկ վայրկեանին, ենթակայ ենք այս երկընտրանքին. Չենք կրնար միեւնոյն ատեն հաճելի ըլլալ Աստուծոյ, անոր կամքը կատարել եւ մեր սեփական հաճոյքներուն ու ցանկութիւններուն ենթարկուիլ, մեր ուզածը ընել, առանց կարեւորութիւն տալու Տիրոջ պատգամներուն ու մեզի տուած պատուիրաններուն։
Երկուշաբթի 25 Մարտին` հայ կաթողիկէ Եկեղեցին կը տօնէ Աստուածածնայ աւետումը` Գաբրիէլ հրեշտակի կողմէ։ Նոյն տօնը Հայ առաքելական Եկեղեցին կը կատարէ Ապրիլ 6-ին, տրուած ըլլալով որ Քրիստոսի Ծնունդը կը տօնէ Յունուար 6-ին։ Աւետումը Քրիստոսի կեանքին սկզբնաւորութիւնն է աշխարհի վրայ. Մարիամ նոյն օրը կը յղանայ Աստուծոյ Որդին իր արգանդին մէջ, Սուրբ Հոգւոյ ազդեցութեամբ։

Շաբաթ 30 Մարտին` տօնն է Սեբաստիոյ Քառասուն Մանուկներուն։ Մանուկ ըսելով կը հասկնանաք երիտասարդներ. Անոնք մաս կը կազմէին Հռոմի կայսերական բանակի լէգէոններուն եւ ամէնքն ալ հայ էին։ Իրենց քրիստոնեայ հաւատքին համար, անոնք նետուեցան ձմեռ ատեն Սեբաստիոյ սառած լճին մէջ եւ նահատակութիւնը կրեցին։ Իրենց աճիւններու գիւտը եղաւ 316 թուականին։

Կիրակի 31 մարտը, Ե. Կիրակին քառասնորդաց՝ Դատաւորի կիրակի է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2019, 08:28