Թեզէի հաւաքը Թեզէի հաւաքը  

Թեզէի Երիտասարդական հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:

Թեզէ միաբանութիւնը հաստատուած է Ֆրանսայի նոյն անունով գիւղին մէջ, եղբայր Ռոժէ Շութզի ձեռամբ, 1940ին

22էն 26 Փետրուար 2019ին, Լիբանան առաջին անգամն ըլլալով  հիւրընկալեց Թեզէի երիտասարդական հաւաքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Այս ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Լիբանանի եկեղեցիներուն, տեղի կ՛ունենան միջեկեղեցական աղօթքներ:

Առ այդ, Ուրբաթ, 22 Փետրուարին, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքը սոյն աղօթքը կազմակերպեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ուր հաւաքուած էին Լիբանանի տարբեր եկեղեցիներէ ժամանած հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ Թեզէի միաբանութենէն Լիբանան ժամանած հոգեւորականներ: Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ եւ իր աւարտին հասաւ Նահատակաց յուշարձանին առջեւ:

Նշենք, որ Թեզէ միաբանութիւնը հաստատուած է Ֆրանսայի նոյն անունով գիւղին մէջ, եղբայր Ռոժէ Շութզի ձեռամբ, 1940ին, եւ իւրայատուկ է իր էքիւմէնիք բնոյթով, որուն շնորհիւ բոլոր յարանուանութիւններէ հոգեւորականներ կրնան անդամակցիլ միաբանութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2019, 08:28