Որոնել

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն 

Կիրակի 31 Մարտ 2019 - Ե. Կիրակի Քառասնորդաց

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն - Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին Առակը (Ղուկաս ԺԸ. 7-14)

Այսօր Եկեղեցին մեր հոգեւոր ընթացքի զարգացման ճանապարհին վրայ կը դնէ երկու առակներ, որոնք կը լուսաբանեն մեզ աղօթքի զանազան յատկութիւններու մասին. Առաջինը' որ կը կոչուի անիրաւ դատաւորի առակը, մեզի կը սորվեցնէ թէ պէտք չէ յուսահատիլ, այլ հարկ է միշտ աղօթել առանց ձանձրանալու, ստանալու համար Աստուծմէ մեր ընկալած շնորհքները. Իսկ երկրորդը' Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին առակն է, որ կ'որակէ աղօթքը որպէս խոնարհ աղաչանք մը, եկած սրտի խորերէն եւ ուղղուած առ Աստուած, առանց որեւէ յաւակնութեան:

Այսօր նկատի պիտի առնեմ միայն երկրորդ բաժինը, բացատրելով թէ ինչպիսի հոգեվիճակով պէտք է որ աղօթենք: Անշուշտ միայն Տէրը գիտէ թէ ինչ աղօթք կ'ընենք եւ ինչ հոգիով լեցուած ենք երբ կ'աղօթենք: Յիսուս, որ մարդոց խորքը կը քննէ, շատ լաւ գիտէ թէ փարիսեցին ինչ կ'ըսէ իր աղօթքին մէջ, ինչպէս ան կը պարզէ Տիրոջ առջեւ իր բարի գործերն ու ընթացքը, որպէսզի, իբրեւ արդար ներկայանայ Տիրոջ առջեւ եւ արժանի ըլլայ անոր շնորհքներն ստանալու:

Նմանապէս ան լաւ գիտէ նաեւ մաքսաւորին խոնարհ աղօթքը. Այո, ան կրկնապէս մեղաւոր է, որով նախ կը շահագործէ ժողովուրդը, անոնցմէ աւելորդ տուրքեր գանձելով իր անձնական ծախսերուն համար, իսկ երկրորդ' ապօրինի եւ շնացող կեանք մը կ'ապրի յարաբերելով մեղաւոր կիներու հետ: Սակայն ան պարզապէս կ'ընդունի իր սխալները եւ խոնարհաբար ներողութիւն կը խնդրէ Տիրոջմէ:

Ահա անմիջապէս կ'իջնէ Տիրոջ դատաստանը երկուքին վրայ. Մաքսաւորը իր տունը կ'երթայ արդարացած, որով Տէրը կը ներէ նոյնիսկ ամենամեծ յանցաւորին ամենածանր յանցանքները, փաստը որ Յիսուս, խաչին վրայ, ներում շնորհեց աւազակին ու մարդասպանին: Իսկ միւսը' փարիսեցին, կը վերադառնայ իր տունը աւելորդ մեղքով մը որ է ամբարտաւանութիւնը, առանց ոչ մէկ թողութիւն ստանալու իր յանցանքներուն:

Իսկ մենք այսօր ինչպէ՞ս կը բարձրացնէնք մեր աղօթքը առ Աստուած: Արդեօ՞ք կ՛աղօթենք միայն տեսնուելու համար մարդոցմէ, յոխորտալու համար անոնց առջեւ. Արդեօ՞ք միայն մեր շրթունքները կը շարժենք, առանց որ մեր սիրտը միանայ մեր աղօթքին: Այսօր հարց տանք մենք մեզի, օրական որքա՞ն ժամանակ կը յատկացնենք աղօթքին, իսկ մեծ պահքի ընթացքին, կրցա՞նք արդեօք ձերբազատուիլ կարգ մը նիւթական գործերէ, նուիրուելու համար աւելի հոգեւոր զբաղումներու:

Խոնարհ աղօթքը կը կակուղցնէ Աստուծոյ սիրտը, մոռացութեան մատնել կու տայ ամէն չարիքները զորս գործած ենք մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, մեր հոգին դարձնելով սպիտակ ձիւնի նման եւ մեզի վերստին դարձնելով մեր կորուսած անմեղութիւնը: Անով կը դառնանք տիպար ու առաքինի քրիստոնեաներ, պատրաստ օգնութեան փութալու բոլոր տկարներուն ու անկեալներուն։

Ապաշխարութեան կողքին' հարկ է որ զուգահեր կերպով ընթանայ առօրեայ աղօթքը, որպէսզի անով կարենանք սիրտը գրաւել մեր ամենակարող եւ ամենողորմ Տիրոջ, Յիսուս Քրիստոսի, որ իր շնորհքները առատօրէն կը պարգեւէ խոնարհներուն, իսկ ամբարտաւանները եւ հպարտները դուրս կը թողու իր ազդեցութեան ծիրէն:

Խոնարհութիւնը պարտութիւն չէ, ոչ ալ ցածութիւն ուրիշներու նկատմամբ, ան ընդհակառակը, բարձրացում է եւ յաղթանակ չարի իշխանութեան վրայ: Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2019, 09:25