Ծոմ եւ Պահք չարը հեռացնելու համար Ծոմ եւ Պահք չարը հեռացնելու համար 

Կիրակի 3 Մարտ 2019 - Բուն Բարեկենդան - Ծոմ եւ Պահք չարը հեռացնելու համար

Այսօր սատանայական ուժերը պատերազմ հռչակած են Եկեղեցւոյ դէմ, ուստի եւ ամէն մէկ քրիստոնեայի դէմ

Ի՞նչ կ՛արժէ մարդուն եթէ բոլոր աշխարհը շահի եւ իր հոգին կորսնցնէ. այսօր Եկեղեցին կը սկսի քառասնորդաց շրջանը, որ կը կոչուի նաեւ մեծ Պահքի շրջան. Մեզ կը հրաւիրէ մտածելու մեր հոգւոյն մասին, յատուկ կերպով, այս բոլոր շրջանին։ Մինչեւ հիմա մեր գլխաւոր մտահոգութիւնն է թէ ինչպէս պիտի ապրինք, ինչ պիտի ուտենք, ինչ պիտի խմենք, ինչպէս կեանքը պիտի վայելենք։ Այսօր հարկ է որ մտածենք մեր հոգւոյն մասին, թէ ինչ պէտք է ընենք ժառանգելու համար յաւիտենական կեանքը, ինչ ընելու ենք աւելցնելու համար մեր հաւատքը, ինչպէս ապրինք մեր սէրը եւ գիտնանք ներել մեր ընկերոջ. Եթէ նոյնիսկ աշխարհի բոլոր վայելքները ունենանք, կրնա՞նք մոռնալ թէ օր մը Աստուծոյ ատեանին առջեւ պիտի ներկայանանք, հաշիւ տալու մեր բոլոր գործերուն համար, ինչպէս նաեւ մեր վարք ու բարքին համար։

Բայց հարց կու տանք մենք մեզի թէ ինչու՞ զրկելու ենք մենք մեզ ուտելիքէն եւ վայելքներէն: Կ՛անդրադառնանք այս դարուս մէջ, թէ ծոմը եւ պահքը դարձած են անկարեւոր ու ժամանակավրէպ միջոցներ որովհետեւ մարդոց մտածելակերպը փոխուած է. մարդ պէտք չէ զրկուի իրեն ընծայուած հաճոյքներէն։ Զոհողութեան արժէքները նկատի չեն առնուիր այլեւս։ Եկէք սակայն օրինակ առնենք ոչ քրիստոնեայ կրօնքներէն որոնք տակաւին մեծ հաւատարմութեամբ ծոմ կը պահեն եւ պահք կը բռնեն. Արդեօք անոնք անխե՞լք են. Մեր հայրերը որ այս օրէնքները դրած էին եւ կը գործադրէին, արդեօք նոյնպէս յիմա՞ր էին։ Իրականութեան մէջ, միայն մեր մարմնական հաճոյքներէն մենք մեզ զրկելով է որ պիտի կարենանք հոգին զօրացնել։ Մեր անձը պէտք է որ հաւասարակշռենք այս շրջանի ընթացքին. մէկ կողմէն թեթեւցնելու ենք մարմնաւոր հակումները դէպի վայելքները մեր մէջը, ծոմապահութեամբ, պահեցողութեամբ եւ այլ զրկանքներով, իսկ միւս կողմէն, զօրացնելու ենք հոգեւորը, աղօթքով, հոգելից արարողութիւններու մասնակցելով եւ բարի գործեր կատարելով:

Սրբազան Պապը, այս շաբթուայ ունկնդրութեան իր խօսքին մէջ կ՛ըսէր թէ եկած է ժամանակը ուր չարը այլեւս պիտի հեռանայ մեզմէ: Այսօր սատանայական ուժերը պատերազմ հռչակած են Եկեղեցւոյ դէմ, ուստի եւ ամէն մէկ քրիստոնեայի դէմ. Ամէն ջանք կը թափեն, ամէն տեսակ միջոցներով, մեր մէջէն խլելու համար հաւատքը։ Եթէ անտարբեր մնանք, ամէնուն հետ, մենք ալ կը կորսուինք եւ կը հրաժարինք յաւիտենական երջանկութենէն։ իսկ եթէ կ՛ուզենք պայքարիլ, ահա մեր զէնքերը, զոր Քրիստոս դրաւ նոյնինքն առաքեալներուն առջեւ, երբ անոնք ճարահատ իրեն կը դիմէին որովհետեւ չէին կրցած հանել սատանան մանուկի մը մէջէն. այս տեսակի սատանաները դուրս կ՛ելլեն միայն պահքի եւ աղօթքի զօրութեամբ – ըսաւ անոնց։ Ուստի չխաբուինք աշխարհէն, բայց մանաւանդ չխաբենք մենք մեզ թէ առանց աղօթքի ու ծոմապահութեան` կրնանք փրկել մեր հոգին։

Քառասնորդացը նաեւ ժամանակն է եղբայրսիրութեան եւ ներողամտութեան հոգին մշակելու մեր մէջ: Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ Հայր մեր աղօթքը: Անոր մէջ կ՛ըսենք. Ներէ Տէր մեր յանցանքներուն, ինչպէս մենք կը ներենք ուրիշներուն: Որպէսզի կարենանք այս աղօթքը ըսել առանց հակառակելու մենք մեզի, հարկ է որ մեր սիրտը մաքուր ըլլայ, այսինքն զերծ ամէն տեսակ ոխակալութենէ եւ ատելութենէ, գիտնանք սիրել մեր ընկերը եւ մանաւանդ գիտնանք ներել բոլոր սրտով անոնց որ մեզի դէմ յանցանք գործած են. Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2019, 09:18