Որոնել

Հայր Սահակ Քէշիշեանի յիշատակին Հայր Սահակ Քէշիշեանի յիշատակին 

Յիշատակի Համաշխարհային օր նուիրուած Հայր Սահակ Վրդ. Քէշ իշեանին։

Հայր Սահակ այն հազուագիւտ հոգեւորականներէն է որ Սովետական միութեան շրջանին 23 անգամներ կ՛այցելէ իր սիրապաշտած հայրենիքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

9 եւ 10  մարտին աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ՝ ուր բնակութիւն հաստատած են Լիբանանի Յիսուսեաններու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանի նախկին սաները, զանազան ձեռնարկներով ու յատկապէս հոգեհանգստեան պատարագի արարողութեամբ, պիտի յիշատակուի Հայր Սահակ Քէշիշեանին նուիրուած համաշխարհային օրը, անոր ծննդեան 100 ամեակին առթիւ։

Սկսեալ Պէյրութէն, անցնելով Ամման, հասնելով Մայր Հայրենիք՝ Երեւան, ապա ուղղուելով Ֆրանսա հուսկ Քանատա եւ Միացեալ Նահանգներ, Հայր Սահակ Քէշիշեանի նախկին աշակերտները կը փափաքին մեծ շուքով ու երախտապարտ հոգիով յիշել իրենց ուսուցիչն  ու Վարդապետը՝ Ան որ իրենց մտքերուն ու սրտերուն մէջ դրոշմեց հայ ազգի պատկանելիութեան կարեւորութիւնը ու այդ ինքնութիւնը քրիստոնէաբար ապրելու անհրաժեշտութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Դժուար է ներկայացնել Հայր Սահակի նման մեծ ու հեղինակային անձնաւորութեան մը սերունդներուն վրայ թողած ազդեցութեան հետեւանքները։ Ան մեծ էր իր հեզութեամբ, բարձր էր իր խոնարհութեամբ, արդար իր մտքով ու սրտով, բարի իր հայրական մօտիկութեամբ, պահանջկոտ իր պարզութեամբ ու մանաւանդ բազմաթիւ երիտասարդներու  համար տիպար իր օրինակելի կենցաղով։

Տարիներ ամբողջ նուիրուեցաւ իր հայրենակիցներու ծառայութեան, իր հոգեւորականի առաքելութիւնը կատարելով դաստիարակութեան ու կազմաւորումի մարզերէն ներս։ Եղաւ ուսուցիչ, դաստիարակ, հայր, ղեկավար, առաջնորդ ու հովիւ։ Եւ անոր այդ նուիրական հոգին  է որ այսօր կը յիշատակուի անոր բազմահազար «սաներուն» կողմէ, որոնք չեն մոռցած ու դժուարաւ կրնան մոռնալ իրենց այդ «հայրն ու վարդապետը»։

Հար Սահակ Քէշիշեան ծնած է 15 դեկտեմբեր 1917-ին Կիլիկիոյ Մարաշ  Քաղաք։ Մարաշի Աղէտէն ետք, 1922-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Հալէպ ապա Դամասկոս։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Դամասկոսի Յիսուսեան Հայրերու Ֆրանսահայ Վարժարանին մէջ (1926-1931)։ Ան ապա կը փոխադրուի Պէյրութ ուր կը յաճախէ Յիսուսեաններու Սէն Ժոզէֆ համալսարանի նորընծայարանը՝ 1931 -1936, ուր անոր մէջ կը հասուննայ նաեւ այլ ոմն Քրիստոս ըլլալու իր կոչումը։

Աւարտելէ ետք համալսարանական ուսումները Քահանայ կը ձեռնադրուի 31 Հոկտեմբեր 1948-ին ձեռամբ երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Ի Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին։ 1952-ին կը նշանակուի Հալէպի Յիսուսեան Հայրերու Սուրբ Վարդան վարժարանի տնօրէն եւ իր պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1960 թուական երբ կը փոխադրուի Պէյրութ ուր կը ստանձնէ 1923-ին Մայիս մէկին հիմնուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնը զոր կը վարէ  մինչեւ 1999 թուական։ Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ ան եղած է նաեւ  Սկաուտական շարժումի  հոգեւոր հայր։

Սովետական միութեան համայնավար վարչակարգի շրջանին Հայր Սահակ այն հազուագիւտ հոգեւորականներէն մին է որ 23 անգամներ կ՛այցելէ իր սիրապաշտած հայրենիքը՝ Հայաստանը ու մանաւանդ Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանը։ Ան ունեցած է մտաւորական բեղուն աշխատանքով կեանք մը։ Կատարած է զանազան երկերու կոթողական թարգմանութիւններ՝ Գրաբարէ –ֆրանսերէն որոնցմէ գլխաւորներէն նշենք՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս Որդի», «Ողբ Եդեսիոյ» եւ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնցաիի «Պատարագի մեկնութիւնը»։

Հայր Սահակ Քէշիշեան մահկանացուն կնքած է 2005-ի Օգոստոս 24-ին Պէյրութի մէջ։

 

Ահա թէ ինչ կը վկայեն Հայր Սահակի մասին անոր նախկին աշակերտներէն Յակոբ Աբրահամեան Եւ Ռոպեր Գայսէրեան (Քաղուած «Ազդակ»էն

Ռ. Գ.- Մենք` սկաուտներս, հայր Սահակին հետ աւելի շփում ունեցած ենք: Հայր Սահակ վարդապետ էր, գրագէտ էր, հոգեւոր վարիչ էր, սկաուտ էր, բառին բուն իմաստով սուրբ մըն էր: Ան ամէն օր պատարագ կը մատուցէր դպրոցին մէջ: Կիրակի օրերը սկաուտութիւնը սկսելէն առաջ ալ պատարագ կը մատուցէր եւ հաղորդութիւն կու տար: Մենք առաքելական էինք, մեզի ալ կու տար հաղորդութիւն եւ երբեք խտրութիւն չէր դներ համայնքներուն միջեւ: Ան աղքատներուն եւ չքաւորներուն հայրն էր: Բազմաթիւ հայ աշակերտներ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ ձրի ստացած են իրենց ուսումը` չքաւորութեան պատճառով: Պատկերացուցէք` Սահակ վարդապետը խոհարար անգամ չէ ունեցած: Ռումբերուն տակ միշտ կ՛այցելէր Էշրեֆիէի հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Անոր կապը միայն աշակերտներուն հետ չէր, այլ նաեւ` անոնց ընտանիքներուն հետ, որոնց կ՛այցելէր իր ազատ ժամերուն: Բնաւ ինքնաշարժ չէ ունեցած եւ վստահած է իր աշակերտներուն. օրինակ, երբ ճամբան տեսնէինք հայր Սահակը, ինքնաշարժ կը հրաւիրէինք եւ կը հասցնէինք, ուր որ ուզէր երթալ: Աշակերտները միշտ պատրաստ եղած են իրեն օգտակար դառնալու: Ըսենք նաեւ, որ ան ամառ- ձմեռ ոտքին կ՛անցընէր սանտալ մը միայն, բջիջային հեռախօս անգամ չէ ունեցած: Իսկապէս Յիսուսի կեանքը կ՛ապրէր: Այն աշակերտները, որոնք աւարտած էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը, միշտ ալ օգնութեան կը հասնէին հայր Սահակին եւ դպրոցին: Ըսենք նաեւ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սկաուտութիւնը հիմնուած է 1928-ին: Այն ժամանակ կը կոչուէր Սկութ տիւ Ֆրանս», երբ Լիբանան ստացաւ իր անկախութիւնը, կոչուեցաւ «Սկութ տիւ Լիպան»: Պէյրութի սկաուտութեան հինգերորդ խումբը Սեն Կրեկուարի խումբն էր, բայց հիմա երեք-չորս տարիէ սառած վիճակի մէջ կը գտնուի, կը փորձենք կրկին աշխուժացնել այդ սկաուտութիւնը:

Յ. Ա.- Սկաուտական շարժումներուն մէջ միշտ հոգեւոր վարիչը պէտք է ներկայ ըլլայ: Հայր Սահակ մեզ ամուր թրծեց մեր հաւատքին եւ ազգային արժէքներուն մէջ: Սկաուտական շարժումը հայր Սահակին համար երկու նպատակ կը հետապնդէր` մարդակերտում եւ հայակերտում: Ան 100 տոկոսով հայ էր, հակառակ անոր որ Յիսուսեան միաբանութեան մաս կը կազմէր, հայ աշակերտութեան միշտ հայութիւն կը քարոզէր, ազգասիրութիւն, հայրենասիրութիւն: Յիսուսեան միաբանութեան անդամ ըլլալով` չէ օտարացած: Յիսուսեանները ճանչցած են զինք որպէս հայ: Ան միշտ հպարտ եղած է իր հայութեամբ: Հայր Սահակ թարգմանութիւններ ընելով` աւելի ծանօթացած  եւ փարած է հայ արժէքներուն: Պատկերացուցէք` հայր Սահակ 24 անգամ այցելած է Հայաստան իր կեանքի ընթացքին: Ան ամէն ամառ անհամբեր կը սպասէր Հայաստան մեկնելու, ոչ թէ օդափոխութեան, այլ` Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ աշխատելու եւ զանազան գիտական կեդրոններ այցելելու: Ան յարգուած էր մատենագիտական ասպարէզին մէջ: Ըսենք նաեւ, որ խորհրդային շրջանին Հայաստանի մէջ գաղտնօրէն մկրտած է բազմաթիւ հայեր: Ան միշտ ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձած է Հայաստանէն եւ միշտ ըսած է. «Հայաստանէն կու գամ, շատ ուրախ եմ, որ անգամ մը եւս տեսայ հայրենիքս»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2019, 08:12